ՆՈՒԻՐՈՒՄՈՎ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կիլիկիան Աթոռի միաբանութիւնը վերջերս համախմբուեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաքը։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, 22 վանաբնակ միաբաններ մասնակցեցան ժողովին։ Հարկ է նշել, որ շուրջ երկու ամիս առաջ Անթիլիասի մէջ նախատեսուած էր միաբանական համագումար, սակայն ստեղուած անբնական պայմաններու հետեւանքով այդ մէկը յետաձգուեցաւ։

Ողջունելով միաբան հայրերու միատեղ ներկայութիւնը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խոր գոհունակութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը թէ՛ մայրավանքէն եւ թէ թեմերէն ներս նուիրումով կը կատարէ իր ծառայութիւնը: Ան յիշեցուց, թէ միաբանութիւնը մէկ ամբողջութիւն է: Միաբան հայրերը ո՛ւր որ ծառայեն եւ ի՛նչ հանգամանքով, անոնք ամբողջական մասը կը կազմեն միաբանութեան: Ապա Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.

1) Ներկայ անբնական պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է մեր ծառայութիւնը դարձնել աւելի կազմակերպ ու հետեւողական՝ առաւելագոյն չափով նոր ծաւալ ու մղում տալով դէպի ժողովուրդ ուղղուած մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան, յատկապէս թեմական ու ծխային մակարդակներու վրայ:

2) Քորոնաժահրը առաւելագոյն չափով մեր կեանքէն հեռու պահելու գծով անհրաժեշտ է մէկ կողմէն յիշեցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն զգոյշ ըլլալու եւ կանխարգելիչ միջոցներու դիմելու հրամայականը, միւս կողմէն մեր կենցաղակերպով օրինակ դառնալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

3) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ մեր թեմերը թէ՛ կարիքաւոր ընտանիքներու նպաստաբաշխումի ճամբով, թէ՛ դեղօրայք հայթայթելով եւ թէ բարերարներ ապահովելով կը շարունակեն օգտակար ըլլալ մեր ազգի զաւակներուն: Այս առիթով մեր ջերմ գնահատանքը անգամ մը եւս կ՚ուզենք յայտնել մեր եկեղեցւոյ եւ մեր կազմակերպութիւններուն ճամբով իրենց նիւթական սատարը բերող մեր բոլոր ազգայիններուն, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:

4) Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, որ դպրեվանքի տեսուչ նշանակած է Տ. Մեղրիկ Եպսկ. Բարիքեանը ու տեսչութեան մաս պիտի կազմեն, որպէս հսկիչներ՝ Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան եւ Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան: Նախկին տեսուչ Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան թեմական ծառայութեան պիտի մեկնի: «Թռչնոց բոյն»ի տեսուչ նշանակուեցաւ Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան: Կաթողիկոսարանի երգչախումբերու ղեկավարի պաշտօնին առընթեր, Նորին Սրբութեան գաւազանակիր նշանակուեցաւ Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան: Մատենադարանապետի եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէններու օգնական նշանակուեցաւ Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեան:

5) Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ լիբանանահայութեան վերականգնումի հրամայականին: Ան ըսաւ, որ Լիբանանի հայ գաղութը առանցքային դեր ու տեղ ունի մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Հետեւաբար, որպէս համահայկական առաջնահերթութիւն, մենք բոլորս յանձնառու պէտք է ըլլանք այս գաղութի վերականգնումի աշխատանքներուն: Հանգանակութիւնը սկսած է, ինչպէս նաեւ վերականգնումի աշխատանքները: Մենք մօտէն պիտի հետեւինք այս յոյժ կարեւոր գործընթացին: Մեր սպասումն է, որ բոլոր գաղութները եւ ազգայինները իրենց աջակցութիւնը ուղղեն մէկ հասցէի ու մէկ նպատակի՝ լիբանանահայութեան վերականգնում:

6) Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ, հակառակ ստեղծուած դժուար պայմաններուն, Կաթողիկոսարանի կողմէ կատարուող աշխատանքներուն՝ դաստիարակչական, հրատարակչական, միջեկեղեցական եւ այլ մարզերէն ներս:

7) Որպէս եզրակացութիւն, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն թեմական ծառայութեան մէջ գտնուող միաբան հայրերուն հետ առանձնաբար առցանց կապ պիտի պահէ՝ մօտէն իմանալու անոնց կատարած աշխատանքներուն ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Նոյնպէս, ան առցանց եւ առանձնաբար աշխատանքային զրոյց պիտի ունենայ թեմակալ առաջնորդներու եւ Ազգային վարչութեանց ատենապետերուն հետ, որպէսզի աւելի ամբողջական տեղեակ դառնայ աշխատանքներուն:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2020