ՏԱՐԵԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ մեկնեցաւ Վան։ Յառաջիկայ շաբթուան Խաչվերացի տօնին ընդառաջ Վանայ լճի Աղթամար կղզիի՝ այժմ թանգարանի վերածուած Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարուան Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի այս կիրակի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը գլխաւորէ դէպի Վան հերթական ուխտագնացութիւնը։ Այս տարուան Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան՝ հանդիսապետութեամբ Նորին Ամենապատուութեան, որ պիտի տայ օրուան պատգամը։ Ուխտագնացութեան պիտի մասնակցին նաեւ մեր հոգեւորականաց դասէն անդամներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները պիտի կատարուին Արմաշ դպրաց խումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կիրակի երեկոյեան պիտի վերադառնայ քաղաքս։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2023