ԵՐԱԽՏԱՒՈՐԻ ՄԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ պարգեւատրեց յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանը։ Դէպի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ տուած հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը շնորհեց Գրիգոր Սաթամեանին, որ տարիներէ ի վեր սփիւռքի մէջ կարեւոր նպաստ մը կը բերէ հայկական բեմարուեստին։ Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին մեծարեալը յայտնեց, որ հպարտ է հայ ժողովուրդին ծառայելով հայկական թատրոնի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) մշակութային ծը-րագրերուն միջոցաւ։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանին մէջ, Պըրպենք, տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւնը, որու ընթացքին Գրիգոր Սաթամեան շրջապատուած էր իր ընտանիքին, բարեկամներուն եւ գործակիցներուն կողմէ։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017