ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ մտահոգութեամբ կը հետեւի Երուսաղէմի վերաբերեալ վերջին զարգացումներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Երուսաղէմը պաշտօնապէս Իսրայէլի մայրաքաղաքը ճանչնալու որոշումը լուրջ անհանգստութիւն յառաջ բերած է թէ՛ Հայ Եկեղեցւոյ եւ թէ քրիստոնէական քոյր եկեղեցիներու ու կրօնական այլ յարանուանութիւններու մօտ։ Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան այս կապակցութեամբ ըսաւ.

«Հայ Եկեղեցին կարեւոր դերակատարութիւն ունի Սուրբ Տեղեաց պահպանութեան գործին մէջ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կ՚իրականացնէ իր ուխտեալ միաբանութեան դժուարին այդ առաքելութիւնը՝ քրիստոնեաներուս համար սրբազան այդ հողին վրայ պաշտպանելով հայոց պատմական ներկայութիւնը եւ դարերով ձեւաւորուած կանոնակարգերն ու իր իրաւունքները։ Վստահ ենք, թէ միջազգային հանրութեան կողմէ ամէն ջանք կը գործադրուի յանուն խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական եկեղեցիներու դարաւոր իրաւունքները յարգելու ու անխաթար պահպանելու համար։ Մայր Աթոռը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան հետ համախորհուրդ անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկէ այս ուղղութեամբ»։

ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Միւս կողմէ, Երուսաղէմը որպէս մայրաքաղաք ճանչնալու ուղղեալ Ուաշինկթընի որոշման արձագանգներն ալ կը շարունակուին միջազգային գետնի վրայ։ Կը հաղորդուի, որ պաղեստինցիներ երէկ Արեւմտեան Շերիայի, Կազզէի եւ Ռամալլայի մէջ հրկիզեցին փողոցները եւ բախումի մտան Իսրայէլի զինուորներուն հետ։ Համասի ղեկավար Հանիէ յայտնեց, որ հաշտութեան գործընթացը յաւերժօրէն թաղուած է։ Իսրայէլի բանակը երէկ կուտակումներ կատարեց Երուսաղէմի մէջ։ Գիշերը Կազզէէն հրթիռ մը արձակուեցաւ Իսրայէլի վրայ եւ այս վերջնոյն օդային զօրքերն ալ ռմբակոծեցին Կազզէն։

Միջազգային հաւաքականութեան յառաջատար բոլոր դերակատարները երէկ ԱՄՆ-ի վերջին որոշումին շուրջ ըրին վերապահ յայտարարութիւններ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին հետ։

Իր կարգին, Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու յայտնեց, որ ուրիշ երկիրներ ալ Երուսաղէմը պիտի ճանչնան որպէս մայրաքաղաք։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2017