ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՅԴ-Ի ՊԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Մասնաւոր հետաքրքրութեան առարկայ դարձան երկրի սահմաններուն եւ սահմանամերձ բնակավայրերուն տեսակէտէ յառաջացած անվտանգային խնդիրները։ Կարեւորուեցաւ համընդհանուր ջանքերու մէկտեղումը՝ ի նպաստ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ երկրի զօրացման։

Վեհափառ Հայրապետը եւ Դաշնակցութեան ղեկավարը շօշափեցին նաեւ սփիւռքի համայնքներու առկայ կացութեան եւ ազգային կառոյցներու կարեւոր առաքելութիւնը՝ հայկական ինքնութեան ու միասնականութեան պահպանման տեսակէտէ։ Անոնք ընդգծեցին նաեւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման առաւել անհրաժեշտութիւնը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021