ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ձեռամբ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներէ յետոյ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։
Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գասպար Աեղայ Կարապետեան եւ քահանայ հայրեր։ Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուի, հիւրընկալեց ներկաները։
Նորին Ամենապատուութիւնը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքը, ուր կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն։ Ապա, եկեղեցւոյ զանգի ղօղանջով հոգեւորականներ եւ ներկաներ մուտք գործեցին բարեզարդեալ եկեղեցին։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները կատարուեցան քահանայ հայրերու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։
Նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ աւագ սեղանը, առաջաւորութեան սեղանը, աջակողմեան Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս առաքեալներու, ձախակողմեան՝ Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչի սեղանները։ Իսկ աջակողմեան մատրան մկրտութեան աւազանը, հոգեգալստեան սեղանը, աւանդատան Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի սեղանը, քարոզութեան բեմը օծուեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ։
Օծման արարողութենէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը, որու ընթացքին ընդգծեց նորընտիր թաղային խորհուրդի եկեղեցւոյ նկատմամբ ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը, որով իրականացած էր բարեզարդման աշխատանքները։ Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը տուաւ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամներուն։ Ան գնահատեց ու օրհնեց նաեւ նախորդ շրջանի թաղային խորհուրդի անդամները։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։