ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի վարիչները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Այսպէս, երգչախումբի վարչայինները յայտնեցին, որ Պատրիարքական Աթոռոյ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան համերգը հոգեւոր ուրախութիւն է։ Անոնք փափաք յայտնեցին, որպէսզի սարքեն այդ համերգը Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ։ Համերգը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 2024 թուականի յունուարի 3-ին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց Սահակեան դպրաց դասու ցուցաբերած պատրաստակամութեան համար եւ խոստացաւ ընդառաջել անոնց խնդրանքին։ Ան ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց գործունէութեանց կապակցութեամբ։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2023