Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՌԹԻՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԳԱՒԱՌԻ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Սուրբ Ծննդեան տօնին հոգեւոր հրճուանքէն բաժին հասաւ նաեւ գաւառի մեր եկեղեցիներուն համար։ Այսպէս, Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս, Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եւ Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան Ս. Պատարագներ։ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, մեր հոգեւորականաց դասէն Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան մեկնեցան Տիարպաքըր, ուր երէկ առաւօտ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, որ տաղաւարի առթիւ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ տեղւոյն գաւառապետը, Էրկիւն Այըքի կողմէ գլխաւորուած ծխական խորհուրդի անդամները, նաեւ շրջանէն հաւատացեալներ։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ Ջրօրհնէք՝ ի յիշատակ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան։ Հոգեւոր հայրերը արարողութիւններէն վերջ այցելեցին նաեւ տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ։

Բաց աստի, Իսքենտէրունի եկեղեցւոյ մէջ յունուարի 5-ի երեկոյեան Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ մատոյց գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ներկայ էին նաեւ Անատոլուի պապական նուիրակ Փաոլօ Պիցեթթի Եպիսկոպոսը եւ քոյր եկեղեցիներու այլ ներկայացուցիչներ։

Եկեղեցական արարողութենէն վերջ, պարտէզին մէջ սարքուեցաւ նաեւ տօնական ընդունելութիւն մը։ Վերջին ընտրութիւններուն զուգահեռ պաշտօնի կոչուած ծխական խորհուրդի կազմը՝ ատենապետ Եուսուֆ Թապաշի գլխաւորութեամբ, կազմակերպեց այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէրներ յանձնուեցան նախորդ շրջանի ատենապետ Կարպիս Քըսատուրին եւ անդամներէն Միքայէլ Թապաշին։ Ընդունելութեան աւարտին Կաղանդ պապուկն ալ յուշանուէրներ բաժնեց բոլորին։

Իսկ Ս. Ծննդեան տաղաւարի օրը՝ յունուարի 6-ին, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան պատարագեց Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուած Ջրօրհնէքի այս տարուան կնքահայրն էր՝ Անտիոքի բնակիչ հալէպահայ Ադամ Պոյաճեան։

Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Օր մը վերջ՝ յունուարի 7-ին, Մեռելոցի օրը գիւղի եկեղեցւոյ մէջ դարձեալ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի։ Ապա այցելութիւն տրուեցաւ գիւղի գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ, որու ընթացքին մասնաւորապէս յիշուեցան գիւղի հանգուցեալ բոլոր բնակիչները, նաեւ Անտիոքի սուրբ եկեղեցեաց երբեմնի երախտաշատ հոգեւոր հովիւներ՝ վախճանեալք Տ. Ղեւոնդ Աւ. Քհնյ. Քարթունեանն ու Տ. Սերովբէ Աւ. Քհնյ. Կիւլեանը։

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2023