Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան վերջին ամիսներուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ պատարագեց Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Տօնական օրով հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ կը տիրէր եկեղեցիէն ներս, ուր պատարագիչ հայր սուրբը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Տիրան Քհնյ. Պոհաճեան։ Եկեղեցւոյ վարչական խորհուրդի անդամներն ալ մասնակցեցան տաղաւարի Ս. Պատարագին։ Օրուան քարոզին մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ տաղաւարի աւետիսով ողջունեց բոլոր հաւատացեալները։ «Քրիստոնեայ աշխարհը Յիսուս մանուկէն արձակուած լոյսի իմաստին վրայ կեդրոնացած է եւ ան այս շրջանին ալ կը լուսաւորէ ամէնուրեք։ Սա այն լոյսն է, որուն հովիւները իրենց երկրպագութեամբ ականատես եղած էին», ըսաւ ան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ նաեւ աւանդական Ջրօրհնէք։ 

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական ընդունելութիւն մը։

Երկուշաբթի, Յունուար 9, 2023