ՀՐԱԺԵՇՏ՝ ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ԱՐԻՍ ԱՐՔ. ՇԻՐՎԱՆԵԱՆԻՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն միաբաններէն նորոգ վախճանեալ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանին, որու կորուստը ներկայ տարեմուտին խոր ցաւ յառաջացուցած էր։ Հոգելոյս սրբազանը թէեւ յառաջացած տարիք ունէր, սակայն եկեղեցական շրջանակներէ ներս յարգանք ու համակրանք կը վայելէր, ամէնուրեք միշտ հաճելի էր ներկայութիւնը՝ իր զուսպ եւ հաղորդական բնաւորութեամբ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ անցեալ կիրակի հոգելոյս սրբազանի անշունչ մարմինը հրաժեշտի համար դրուեցաւ Ս. Գայիանէ վանքը, ուր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ կարգը։ Վեհափառ Հայրապետը արարողութեան աւարտին իր ցաւակցական խօսքը ուղղեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ամբողջ միաբանութեան, հանգուցեալ սրբազանի հարազատներուն եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։

Երէկ, նոյնպէս Ս. Գայիանէ վանքին մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, հոգելոյս սրբազան հօր մարմինը բարձրացուեցաւ Ս. Խորան։ Պատարագիչն էր Ս. Շողակաթ վանքի վանահայր Տ. Արիս Աբեղայ Տօնոյեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի ձեռամբ կատարուեցաւ հանգուցեալ սրբազան հօր վերջին օծման կարգը։

Հուսկ, սգոյ թափօրը շարժուեցաւ դէպի Մայրավանքի միաբանական գերեզմանատունը, ուր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եկեղեցական հայեցակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ հոգելոյս Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանի թաղման կարգը։

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2024