ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Հնդկաս­տա­նի դես­պան Սու­րէշ Պա­պու Թա­տի­փա­նե­նին։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հնդիկ դես­պա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան ժամ­կէ­տը կը լրա­նայ, ան հրա­ժեշ­տի այ­ցե­լու­թեան փու­թաց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մատ­նան­շեց, որ դես­պա­նի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին տե­սա­նե­լի ե­ղած է ա­նոր ազ­նիւ վե­րա­բեր­մուն­քը Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նաեւ գո­հու­նա­կու­թեամբ ընդգ­ծեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ դես­պա­նա­տան մի­ջեւ կա­պե­րու ա­ռա­ւել ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ դես­պա­նին ու­նե­ցած կա­րե­ւոր ա­ւան­դը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան Հա­յաս­տա­նէ եւ Հնդկաս­տա­նէ ներս ձեռ­նար­կուած ծրագ­րե­րուն եւ այդ ամ­բող­ջին մէջ կանգ ա­ռին Կալ­կա­թա­յի հա­յոց Մար­դա­սի­րա­կան ճե­մա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան վրայ։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016