ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԳՐԻԳՈՐԻՍ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԲՈՒՆԻԱԹԵԱՆԻ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը շաբաթավերջին կորսնցուց իր արժէքաւոր անդամներէն մին։ Այսպէս, ի Տէր հանգաւ Ուքրայնոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն մին էր վախճանեալ Սրբազան Հայրը, որու անժամանակ կորուստը յառաջացուցած է խոր ցաւ։ Քիեւէն Ուքրայնոյ Խարքով քաղաքը կատարած ճամբորդութեան ընթացքին, իր իջեւանած պանդոկին մէջ յանկարծամահ եղած է Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեան, որ երկար տարիներէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։
Աւազանի անունով Գրիգոր, Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեան 1946 թուականին ծնած էր Էջմիածին քաղաքին մէջ։ 1960 թուականին ընդունուած էր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան եւ 1966-ին՝ ձեռնադրուած սարկաւագ։ Տարի մը վերջ վկայուած էր Ճեմարանէն եւ շրջանաւարտութեան յաջորդող երկու տարիներուն ուսումը շարունակած էր Մոսկուայի Հոգեւոր ակադեմիոյ՝ Զակորսկի մէջ։ 1967-1968 թուականներուն եղած էր «Էջմիածին» ամսագրի խմբագրութեան քարտուղարը։
1969 թուականին արդէն սպասարկութեան սկսած էր թեմերու մէջ։ Առաջին հերթին ծառայութեան նշանակուած էր Օրճոնիքիծէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն թուականի Հոկտեմբերին ձեռնադրուած էր աբեղայ ու նշանակուած՝ Տոնիռոստով քաղաքի հայկական համայնքի հոգեւոր հովիւ։
Երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, 1971 թուականին մեկնած էր Ֆրանսա՝ ուսումը շարունակելու համար Լիոնի Կաթոլիկ համալսարանին մէջ, միեւնոյն ժամանակ ծառայելով տեղւոյն հայկական Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։
1973-1975 թուականներուն ծառայած էր խորհրդային բանակին մէջ՝ Ուքրայնայէ ներս։ Զինուորութիւնը աւարտած տարին ստացած էր մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան։ Նոյն տարին ուսումը շարունակելու համար մեկնած էր Փարիզ, ուր մնացած էր մինչեւ 1979 թուականը։ Այդ ընթացքին Փարիզի Կաթոլիկ համալսարանէն ներս ուսանելու առընթեր, հովուական ծառայութիւն մատուցած էր տեղւոյն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ 1979-1980 թուականներուն Էջմիածին վերադառնալով եղած էր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչը։
1981 թուականին նշանակուած էր Պուէնոս Այրէսի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, իսկ տարի մը վերջ ընտրուած էր Արժանթինի հայոց թեմակալ առաջնորդ։
Երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ 1983 թուականին ձեռնադրուած էր եպիսկոպոս։ 1990 թուականին նշանակուած էր Շիրակի Թեմի առաջնորդ։ 1992 թուականին Կիւմրիի մէջ հիմնադրած էր Շիրակի հոգեւոր ընծայարանը։ Նոյն տարին ստացած էր արքութեան պատիւ եւ նոյնպէս Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած էր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ։
1998-1999 թուականներուն ժամանակաւորապէս կատարած էր Մոլտովայի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գործունէութեան համակարգողի պարտականութիւնները։ 1999-2001 թուականներուն եղած էր Արմաւիրի Թեմի առաջնորդական փոխանորդ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ 2001 թուականին նշանակուած էր Ուքրայնոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ եւ մինչեւ իր վախճանը կը գտնուէր այդ պաշտօնին գլուխը։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Եկեղեցական
- 11/27/2024