ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց այն 62 հոգեւոր սպասաւորները, որոնք ծառայութիւն կը մատուցեն Հայկական զինեալ ուժերու շարքերէն ներս։ Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան ներքեւ սպասարկող հոգեւորականները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցան եռամսեայ գործունէութիւնը ամփոփելու նպատակով։

Հանդիպման սկիզբին հայոց բանակի հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան հանդէս եկաւ երախտագիտութեան խօսքով մը։

Իր հայրական պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետն ալ փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Ան բարձրօրէն գնահատեց հոգեւորականներու նախանձախնդիր ծառայութիւնը եւ զինուորներու հետ տարուող աշխատանքը։ Նորին Սրբութիւ-նը կանգ առաւ զինուորներու համար հոգեւոր-բարոյական առողջ միջավայրի ստեղծման կարեւորութեան վրայ։ «Ձեր նպատակն ու տեսլականը պէտք է ըլլայ զինուորի մօտ ոգիի եւ գիտակցութեան կերտումը՝ հայրենասիրական ոգիի, ընկերասիրութեան զգացումներու եւ աստուածսիրութեան», ըսաւ Վեհ. Հայրապետը եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ հայցելով, որ Տէրը խաղաղ պահէ Հայաստանը եւ անառիկ՝ անոր սահմանները։

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2020