«ՀՈԳԵՒՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ»

Ֆրանսիսքոս Ա. Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետի հրամանով՝ 2 փետրուար 2021 թուականին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին ընդգրկուեցաւ Լատինական Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ։ Յետ այսու ամէն տարի 27 փետրուարին Կաթոլիկ Եկեղեցին պիտի յիշատակէ Հայ Եկեղեցւոյ այս մեծանուն վարդապետը։

Յիշենք… 12 ապրիլ 2015 թուականին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարէն ներս, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Սրբազան Պապը Նարեկացին հռչակած էր «Ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ»: Երեք տարի անց՝ 5 ապրիլ 2018 թուականին, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ, Սրբազան Քահանայապետը օրհնեց՝ Վատիկանի պարտէզներուն մէջ տեղադրուած Նարեկացիի արձանը։ Անցեալ 27 փետրուարին, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ առաջին անգամ յիշատակուեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացին։ Պատարագէն ետք՝ Վատիկանի պարտէզներուն մէջ, Նարեկացիի արձանին շուրջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը,  մեր նախագահութեամբ, որուն ընթացքին աղօթակից ունեցանք կարտինալներ Լէոնարտօ Սանտրին եւ Քուրտ Քոխը, Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիեանը։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւորականներ։ 

Որպէս Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներ՝ հպարտ ենք, թէ մերեկեղեցւոյ սրբակենցաղ եւ հանճարեղ մեծ վանականը կը գնահատուի ու կը մեծարուի՝ որպէս մեծ վարդապետ, քրիստոնեայ մեր եղբայրներու եւ քոյրերու կողմէ։ Չնայած Նարեկացիի հանճարը ունի լայն տարածում. անոր «Մատեան ողբերգութեան» (Նարեկ) աղօթագիրքը եւ իր տաղերը, ինչպէս նաեւ այլ գրութիւնները թարգմանուած են տարբեր լեզուներու։ Ոչ-հայ գիտնականներ բազում ուսումնասիրութիւններով, հրատարակութիւններով եւ դասախօսութիւններով արժեւորած ու փառաբանած են անզուգական Նարեկացիին հանճարը։ 

Կ՚ուզենք յիշել Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետի 25 յունիս 2016 թուականին տուած պատգամը, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպուած միջեկեղեցական արարողութեան ընթացքին, որուն միասնաբար նախագահած էր Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Սրբազան Քահանայապետը մէջբերումներ կատարեց Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետէն եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն։ Ան իր խօսքի աւարտին մասնաւորապէս շեշտեց՝ «Ս. Գրիգոր Նարեկացիի բացառիկ աղօթագիրքը՝ «Նարեկ»ը ես կը նկատեմ հայ ժողովուրդի հոգեւոր սահմանադրութիւնը։ Աշխարհ պէտք ունի Գրիգոր Նարեկացիի պատգամներուն»:

Այսօր, յետպատերազմեան այս ժամանակաշրջանին, երբ խոցուած եւ ընկճուած հայութիւնը ցաւի եւ խոր ողբերգութեան մէջ կ՚ապրի, առաւել եւս պէտք ունինք մեր Սուրբին պատգամներուն, անոր «Ի խորոց սրտէ խօսք ընդ Աստուծոյ» աղօթքներուն եւ աղերսներուն, որոնք պիտի օգնեն մեզի դուրս գալու մեր խորունկ վիշտէն, կորուստներու անթառամ ցաւէն, ստեղծուած զայրոյթի, զիրար մեղադրելու, յուսահատութեան, անմիաբանութեան այս բացասական մթնոլորտէն։ Նարեկացիի աղօթքները մեզի կու տան մխիթարութիւն, հոգիի խաղաղութիւն, համերաշխութիւն, յոյս եւ հաւատք։ Այս ճգնաժամին մէջ անոնցմով մենք պիտի յաղթենք բոլոր բացասական երեւոյթներուն, վերահաստատելու համար մեր սէրն ու միասնականութիւնը։

Դարձեալ համոզուած ենք, թէ Նարեկացին բոլոր ժամանակներուն համար է։ Արցախի պատերազմին յաջորդած ներկայ ծանր իրավիճակին մեր ականատես դարձած անբաղձալի իրադարձութիւնները, հաւաքական կեանքի բոլոր մտահոգիչ երեւոյթները կը համարուին բարոյական տագնապի եւ հոգեկան անկումի հետեւանքներ։ Հոգեւոր վերականգնումն է, որ մեզ պիտի ձերբազատէ համազգային այս քաոսէն։ Դէպի Հաւատք, դէպի կրօնի խորհուրդ ուղղուելու մեր միտումն ու ջանքերը պէտք է շեշտուին այսօր ազգային-եկեղեցական մեր կեանքէն ներս։

Ներկայիս հայ ազգի հորիզոնը պղտոր է։ Ան պէտք է դուրս գայ այս իրավիճակէն, իր հայեացքը ուղղելով դէպի հեռաւոր ու նոր հորիզոններ։ Այս պիտի ըլլայ բուժումը եւ միայն այսպէս կը սպիանան վէրքերը։ Ս. Գրիգոր Նարեկացին ընդունակ է մեզ առաջնորդել՝ ձերբազատուելու առկայ կիրքի բռնկումներէն, մարդկային գարշ ու գռեհիկ մոլուցքներու լլկանքներէն եւ ի վերջոյ իր թողած ժառանգութեամբ մենք կրնանք նկատել այնպիսի սեւեռակէտ մը, ուր հոգին ականատես կ՚ըլլայ լուսաւոր եւ գերերկրային գեղեցկութեան մը։ Այդ գեղեցկութիւնը պիտի ըլլայ այն վեհ գաղափարը, որ պիտի համապատասխանէ Աստուծոյ կամ ճշմարտութեան սկզբունքի շողերով լուսաւոր պատկերի մը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրի էութեան լոյսն է, որ պիտի կազմէ հայ ազգի ջահը ու զայն պիտի դնէ ճանապարհի մը վրայ, որ պիտի հասցնէ անշեղ կատարելագործութեան։

Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթագիրքը հայ ժողովուրդի խղճմտանքին ու դատողութեան ամենէն ապահով եւ մաքուր միջոցն է՝ գտնելու համար սփոփանք, որ կենսական կարիք դարձած է այս պահուն հայութեան համար։ Ինչպէս Ս. Գրիգոր Նարեկացին կը գրէ. «Ուստի, ամբիծ սրտով բժշկութիւն՝ պարտքերու թողութիւն եւ մեղքի կապանքներէն արձակում։ Ո՛վ Բարձրեալ, Քու արարածներուդ հոգիներուն եւ մարմիններուն ցաւերը բուժելու համար թող կենաց դեղ ըլլայ Քու անունովդ սկսուած ողբերու այս մատեանը»։ «Նարեկ»ը պիտի ըլլայ մեր խոցուած հոգիներու անուշ բալասանը եւ իր խորհուրդով պիտի գայ ազգը կազդուրելու, վերանորոգելու, վերաշխուժացնելու եւ վերակենդանացնելու։

Նարեկացին, աստուածախօս մատենագիրն ու սուրբ վանականը, հայ ազգի պարծանքն է, որ ներկայ ծանր պահուն կրնայ ներգործել՝ հաւաքական սփոփանք պարգեւելու հայութեան: Նարեկացին հանճարեղ ուղեցոյց մըն է, որ մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ նկատմամբ անսահման սէրը։ Իր աղօթքներէն մէկուն մէջ ան կ՚ըսէ. «Յիրաւ Քու կամքիդ երկայնամտութեան լոյսին մէջ ծածկուեցաւ ամէնուն չարութիւնը, ինչպէս դոյզն մռայլ մը՝ արեւու տապին մէջ...»: 

Այս օրերուն մթագնած հայկական երկնքի տակ, Ս. Գրիգոր Նարեկացին կրնայ դառնալ այն փարոսը, որ մեզ կրնայ առաջնորդել դէպի լոյս։ Ա՛ն կրնայ ըլլալ այն զուլալ աղբիւրը, որ կրնայ սնուցանել աստուածատեսութեան շողիւններով հայ ժողովուրդի ցաւերը փարատելու ջանքերը ու կրնայ լոյս սփռել անոր առկայ խաւարին վրայ։

Ս. Գրիգոր Նարեկացին հանճար մըն է, մեծութիւն մը համամարդկային ու համաշխարհային։ Ան միայն հայոց չի պատկանիր։ Միջազգային մակարդակով միստիք գրականութեան մէջ ամենէն սրտառուչ եւ անկրկնելի դէմքերէն մին։

Մէկ անգամ եւս յիշենք Ֆրանսիսքոս Սրբազան Քահանայապետի խօսքը. «Գրիգոր Նարեկացիի բացառիկ աղօթագիրքը՝ «Նարեկ»ը ես կը նկատեմ հայ ժողովուրդի հոգեւոր սահմանադրութիւնը։ Աշխարհ պէտք ունի Գրիգոր Նարեկացիի պատգամներուն»։

Համոզուած ենք, թէ բոլորէն առաջ, նախ մենք պէտք ունինք Ս. Գրիգոր Նարեկացին խորաթափանց ընկալելու, իր պատգամները հասկնալու եւ անոնցմով ուղղութիւն տալու մեր թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքին։ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի պատգամներուն նորովի իւրացումը կրնայ խաղաղութեան առաջնորդել հայութեան էութիւնը եւ այդ անդորրին մէջ մեր ազգը կրնայ ամրապնդել հաւատքը սեփական ուժերու նկատմամբ, կրնայ վերանորոգող եռանդ գտնել նոր մտայնութիւնով պետականաշինութեան, հայրենակերտման լծուելու եւ ի վերջոյ՝ ապագայի նկատմամբ յոյսի հունտեր ցանելու, որպէսզի անոնք ծիլ տան նոր սերունդի կատարեալ, լիարժէք կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ եւ օր մըն ալ այդ պտուղները քաղուին հայոց անամպ երկնքին ներքեւ։ Միշտ պէտք է յիշենք, որ տասներորդ դարու այս հանճար հայ վարդապետի պատգամները անժամանցելի են եւ աւելի խոր ու աւելի բարձր քան արդիական ժողովրդական տարբեր գաղափարախօսութիւններ։

Թող Տէրը լուսաւորէ մեր միտքերը ու խորացնէ մեր մտածումները, որպէսզի կարողանանք յայտնաբերել Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հանճարի խորքերը։ Եւ Նարեկացիի «հոգեւոր սահմանադրութեամբ» առաջնորդուինք, Բարձրեալն ալ մեզ արժանացնէ յաղթահարել ազգիս բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Վատիկան, մարտ 2021թ.


(*) Արեւմեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021