ՀԵՀԵՄ-Ի ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՖՈՐՈՒՄԸ

Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման (ՀԵՀԵՄ) Եւրոպայի տարածաշրջանային ֆորումը անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ երկու փուլով։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, այս հաւաքները կազմակերպուեցան՝ գլխաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, որ միեւնոյն ժամանակ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր առաջնորդն է։

ՀԵՀԵՄ-ի կեդրոնական գրասենեակը մարտի 1-3-ին առաջին ֆորումը իրականացուց Պրիւքսելի մէջ, իսկ մարտի 4-6-ին՝ Փրակի մէջ տեղի ունեցաւ երկրորդ ֆորումը։ Հրաւիրուած էին ՀԵՀԵՄ-ի Եւրոպայի տարածաշրջանի հայրապետական պատուիրակութիւններէ, թեմերէ եւ հովուութիւններէ երիտասարդ գործիչներ։ Փրակի փուլին համաժողովի մասնակիցները հիւրընկալուեցան նաեւ Չեխիոյ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ վիճակաւոր Կարտինալ Տոմինիք Տուքայի կողմէ։

Ֆորումի քննարկումներու օրակարգը հարուստ էր հոգեւոր զրոյցներով, երիտասարդական-քրիստոնէական աշխատանքի արդիւնաւէտ կազմակերպման ուղղեալ գործունէութիւններով։ ՀԵՀԵՄ-ի կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան ներկայացուց կառոյցի առաքելութիւնը, շրջանային մասնաճիւղերը, ներքին ու արտաքին համագործակցութիւնները, հոգեւոր-երիտասարդական ծրագրերը։ Ան գրասենեակի գործունէութիւնը ներկայացուց նաեւ ժապաւէններով ու տեսանիւթերով։

Այս տարի նախատեսուած յաջորդ տարածաշրջանային ֆորումը պիտի ընդգրկէ ՀԵՀԵՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի մասնաճիւղերը։ Այդ հաւաքը նախատեսուած է Գահիրէի մէջ՝ 31 մարտ-4 ապրիլ թուականներուն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2022