ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԶԱՏ ՈՒՐԻՇ ԱՍՏՈՒԱԾ ՉԿԱՅ

Մեծ Պահքի 18-րդ օրն է:

Եսայիի մարգարէութեան 45-րդ գլուխին 22-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Ո՛վ երկրի բոլոր ծայրեր, ինծի՛ նայեցէք, որպէսզի փրկուիք. քանզի Ե՛ս եմ Աստուած եւ Ինձմէ ուրիշը չկայ»:

Այս արտայայտութիւնը Տէրը կ՚ունենայ, երբ Իսրայէլի ժողովուրդին կը խօսի Բաբելոնացիներու պաշտած ձեռակերտ կուռքերու մասին:

Հին կտակարանին մէջ յաճախ կը հանդիպինք նման արտայայտութիւններու: Օրինակի համար, Տասնաբանեայի առաջին երկու պատուիրանները այսպէս կ՚ըսեն. «Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի:

Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս:

Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկինքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի Ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ՚ատեն զիս եւ կ՚ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու Իմ պատուիրանքներս կը պահեն» (Ելք 20.2-6):

ԶԱստուած պէտք է սիրել, զԱստուած պէտք է պաշտել, պէտք է փառաբանել ու օրհներգել, որովհետեւ մեզ ոչինչէն ստեղծելով՝ այս երեւելի աշխարհին տէր ու իշխան կարգեց, աւելին՝ մեզ արժանացուց Իր պատկերին ու նմանութեան, ինչպէս նաեւ մեզ հրաւիրեց յաւիտենական երանութեան, պայման դնելով սակայն առաջնորդուիլ Իր Ս. Կամքով, իր թելադրութիւններով, պատուիրաններով ու վարդապետութեամբ:

Մարդ ինչքան հեռացաւ Աստուծմէ, այդքան շատցան կուռքերը, մարդ ինչքան օտարացաւ Աստուծմէ, այդքան աւելցան անտրամաբանական փիլիսոփայութիւնները, որոնք սկսան ուրանալ զԱստուած: Մարդ ինչքան ինքզինք դատարկեց Աստուծմէ, այդքան նիւթականացաւ ու չարացաւ: Մինչ մարդ կոչուած էր Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն ապրելու իր կեանքը, այսինքն՝ արդարութեամբ, սիրով, ողորմութեամբ, գթութեամբ:

Աստուած սէր է եւ այդ սիրոյն որպէս արդիւնք, առանց որեւէ մէկ դժուարութեան կամ խոչընդոտի Ինքզինք յայտնեց մարդուն ու կը շարունակէ յայտնել: Միակ խոչընդոտը մարդուն անհաւատութիւնն էր եւ է տակաւին մինչեւ այսօր ընդունելու այդ Յայտնութիւնը: Սուրբ Մակար Մեծը կը գրէ. «Աստուծոյ համար դժուար բան չկայ: Ան ի՛նչ որ ուզէ՝ դիւրութեամբ կը կատարէ: Ան Ինքզինք կը փոքրացնէ ու կը խոնարհեցնէ. զԻնք սիրողներուն աչքին Ինքզինք տեսանելի կը դարձնէ, արժանաւորներուն դիմաց Ինքզինք աննկարագրելի լոյսով կը յայտնէ եւ ասիկա կ՚ընէ՝ Իր մեծ եւ անսահման սիրոյն եւ իւրայատուկ զօրութեան միջոցաւ» («Հոգեւոր քարոզներ», հայացուց՝ Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, Անթիլիաս 2021, էջ 40):

Աւարտենք Ղպտի Եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ հայրապետներէն՝ Շնուտա Գ.-ի հետեւեալ քաջալերական աղօթական տողերով.

«Զարմանալի ես Դուն, Տէր: Ո՞վ կայ Քեզի նման: Բոլոր գործերուն մէջ Քեզ մեր հետ տեսանք ու սկսանք մեր կենաքը վստահութեամբ Քեզի յանձնել: Ո՛չ մէկ բանէ կը վախնանք, ոեւէ մէկէն չենք վախնար, որովհետեւ Դուն մեզի հետ ես: Դուն, Յոյսն ես անոր՝ որ յոյս չունի: Օգնականը անոր՝ որ անօգնական է»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2023