ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԿՈՄԻՏԱՍ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբը ներկայիս կ՚ողջունէ յոբելենական շրջան մը։ Երգչախումբը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 65-ամեակը եւ կը պատրաստուի այս հանգրուանը արժեւորել յոբելենական համերգով մը։ 20 մայիս 2023-ին, Նիւ Եորքի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարի երդիքին տակ նախատեսուած է այս համերգը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ «Յոյսեր» երաժշտախումբը եւ դաշնակահար Արի Թերճանեան։ Բաց աստի, երգչախումբին հետ բեմ պիտի առնէ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Լուսաբեր» մանկանց երգչախումբը։

Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի օրհնութեամբ, այս համերգի նախապատրաստական աշխատանքները յառաջ կը տարուին՝ գլխաւորութեամբ Քրիս Սրկ. Գալֆաեանի։

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին կը գտնուի Արեւելեան թեմէն ներս, նախընթաց օր մասնակցութիւն բերաւ Կոմիտաս երգչախումբի հերթական փորձին։ Հայր սուրբը ականատես եղաւ, թէ որքան լուրջ եւ կարգապահ կ՚ընթանան աշխատանքները։ Այս առթիւ երգչախումբի վարիչը եւ բոլոր անդամները մեծ ուրախութեամբ ողջունեցին զինքը։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին վերյիշուեցան այս երգչախումբի մօտաւոր անցեալի ձեռքբերումները։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ալ բոլորին տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց մօտալուտ համերգին եւ յոբելենական շրջանին համար։

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2023