Տ. ՇԱՀԷՆ ՔՀՆՅ. ՕՀԱՆԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան մատոյց Ս. Պատարագ, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Մեծ պահոց եւ Աւագ շաբթուան աւարտին, Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ արդէն վերահաստատուած է ընթացիկ արարողութիւններու դրութիւնը։ Այս շրջագծով ամէն Չորեքշաբթի Ս. Պատարագ կը մատուցուի Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան առաջնորդութեամբ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի։
Հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան մասնակցութեամբ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագը, իսկ պատարագիչ Տէր Հայրը խրատականին մէջ խօսեցաւ Ս. Յարութեան տօնին կապակցութեամբ։ Բազմաթիւ հաւատացեալներ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։
Յաւարտ արարողութեան, Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղան մը սարքեց Ս. Պատարագի մասնակիցներուն, դպիրներուն եւ Տէր Հօր համար։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած էին սեղանները, որոնց շուրջ ստեղծուեցաւ անմիջական զրոյցի մթնոլորտ։
Միւս կողմէ, երէկուան արարողութիւններուն ընթացքին կատարուեցան նկարահանումներ եւ տեսագրութիւններ, որոնք պիտի օգտագործուին Նշան Չալկըճեանի մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը համար։
Եկեղեցական
- 11/27/2024