Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
Մեր հոգեւորականաց դասուն, համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի անդամներուն կը տեղեկացնենք, թէ Պատրիարքարանի պաշտօնեաներէն միոյն մօտ ստուգուած թագաժահրի վարակման պատճառաւ, նաեւ նկատի ունենալով օրուան առողջապահական ժխտական պայմանները, Պատրիարքարանը ցնոր տնօրինութիւն փակուած է ընթացիկ այցելուներու։ Այս առթիւ, խորհրդակատարութեանց անմիջական դիմումներու համար դիմել տիկին Սօնա Կիւզէլեանի, (0542) 646-9521 բջիջային հեռախօսի համարով, յարգելով աշխատանքային ժամերը։
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ
08.04.2021
Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021