ՅԻՇԱՏԱԿ ՂԱԶԱՐՈՒ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ

Ծաղկազարդի նախորդող շաբաթ օրը, ըստ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, յիշատակի տօնն է Ղազարոսի յարութեան:

Շատեր կը կարծեն, թէ մեր Տէրը Քրիստոս այս օրը Ղազարոսին յարութիւն տուաւ, բայց այդպէս չէ (Ղազարոսի յարութեան մասին կարդալ Յհ 11.46): Մեր Տէրը Ղազարոսին յարութիւն տալէ ետք, տակաւին Իր առաքելութիւնը շարունակեց, ինչպէս կը յուշէ մեզի Մաղաքիա Արք. Օրմանեան իր «Ծիսական բառարանին» մէջ, ըսելով, թէ Ղազարոսի յարութիւն տալէ ետք Եփրայիմ շրջանը քաշուած է (տե՛ս Յհ 53-54): Իսկ նախքան Երուսաղէմ Իր յաղթական մուտքը, հանդիպեցաւ Բեթանիա, այնտեղ ուր Ղազարոսը կ՚ապրէր, ուր եւ Մարիամ մեր Տիրոջ ոտքերը իւղով օծեց՝ ի նշան Իր թաղման (կարդա՛լ Յհ 12.1-8):

Ղազարոսի յարութեան յիշատակութեամբ մենք կը վերահաստատենք մեր մէջ մեր իսկ յարութեան յոյսը, քաջ գիտնալով, որ Յիսուս մեզ եւս պիտի յարուցանէ, մանաւանդ երբ Անոր կամքին համաձայն ապրած ըլլանք: Տակաւին, այս յիշատակութիւնը առիթ մըն է իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի համար, զգաստանալու եւ քրիստոնէավայել կեանք ապրելու, պատրաստ ըլլալով յարութեան:

Ի վերջոյ, Ստեփանոս Քահանայ Մանդինեանց իր՝ «Աստուածպաշտութիւն Հայաստանեայց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ» գիրքին մէջ, պատասխանելով այն հարցին, թէ ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի Ղազարու Յարութեան շաբաթը, կ՚ըսէ. «Ծաղկազարդին նախորդող շաբաթ օրը, եկեղեցին կը կատարէ Ղազարոսի յարութեան յիշատակը, երբ Յիսուս չորսօրեայ մեռելին յարութիւն տուաւ։ Այս յիշատակութիւնը մեզի կը սորվեցնէ Քրիստոսի աստուածային զօրութիւնը եւ յարութեան յոյս կու տայ մեզի։ Նաեւ, անոնք որոնք մեղքի մէջ մեռած էին, ցոյց կու տայ, թէ ժամանակը հասած է արդէն այդ մեռելութենէն յարութիւն առնելու»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2022