ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վաւերացուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի նոր առաջնորդ Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըքեանի ընտրութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թեմական պատգամաւորական ժողովը անցեալ շաբաթավերջին հայր սուրբը կոչած էր առաջնորդի պաշտօնին՝ որպէս յաջորդը Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետը նորընտիր առաջնորդին յղած է իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնը։ Հաստատելով հայր սուրբի ընտրութիւնը՝ Նորին Սրբութիւնը անոր մաղթած է արդիւնաւոր ծառայութիւն՝ Արեւելեան թեմի ազգային ու հոգեւոր կեանքի առաւել զօրացման համար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018