ՄՇՏԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովը (ԵՆԺ) երէկ հասաւ իր աւարտին։ Սա ԵՆԺ-ի վեցերորդ նստաշրջանն էր։ Սկիզբին չորս օրուան աշխատանք մը նախատեսուած էր այս նստաշրջանին համար, սակայն օրակարգային քննարկումները իրենց աւարտին հասան երեք օրերու մէջ։ ԵՆԺ-ի ժողովները վերջին օրերուն բնորոշեցին եկեղեցական կեանքի օրակարգը՝ ստեղծելով լայն արձագանգ։ Նստաշրջանը երէկ եզրափակուեցաւ՝ կարեւոր աշխատանք ծաւալած ըլլալով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առկայ վարչական խնդիրներու յաղթահարման ճանապարհին։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրին ընդառաջ, երէկ առաւօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ ԵՆԺ-ի նստաշրջանին։ Տէրունական աղօթքէն վերջ նիստը սկսաւ Նորին Սրբութեան խօսքով։ Ան ողջունեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ անդրադարձաւ ԵՆԺ-ի առաքելութեան եւ վեցերորդ նըս-տաշրջանի արդիւնքներուն։ Իր խօսքերով, այս ժողովը մեծապէս կը նպաստէ Հայ Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գոհունակութեամբ ընդգծեց Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ դրսեւորուած մշտական զօրակցութիւնը։ «Հայ Եկեղեցին մշտապէս մեր պետութեան կողքին է, պատրաստ իր կարողութիւններով, աշխարհասփիւռ թեմերով ու կառոյցներով աջակցութիւն բերելու Ձեզի եւ հայրենի իշխանութիւններուն՝ մեր երկրի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներու եւ դժուարութիւններու յաղթահարման եւ մեր ժողովուրդի նուիրական իղձերու իրականացման գործին մէջ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահին մաղթեց յաջողութիւններ անոր բարձր առաքելութեան մէջ։

Այնուհետեւ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ նախագահ Սարգսեան ողջունեց ժողովականները՝ կարեւորելով ԵՆԺ-ի վեցերորդ նստաշրջանի տեղի ունենալը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ան արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց ժողովականներուն, որոնց համար եզակի հնարաւորութիւն մը եղաւ իր հետ շփուիլը։ Հանդիպման տեւողութեան Սերժ Սարգսեան պատասխանեց զանազան հարցումներու, որոնք կը վերաբերէին Արցախի հիմնախընդ-րի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, Հայաստանի պաշտպանունակութեան եւ անվտանգութեան, Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ առկայ իրադրութեան, Հայաստանի առջեւ ծառացած ընկերատնտեսական խնդիրներուն, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն, Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայերուն համար ցուցաբեր-ւող աջակցութեան, Հայաստան-սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդման։

Ապա, մայրավանքի համալիրէն ներս, նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը շրջապատուեցան ԵՆԺ-ի հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորներուն կողմէ՝ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի մուտքի աստիճաններուն վրայ, ուր տեղի ունեցաւ նկարահանում։

Սերժ Սարգսեանի հրաժեշտէն վերջ, ԵՆԺ շարունակեց իր աշխատանքը եւ օրուան վերջաւորութեան լրացուց ծրագրի վրայ նախատեսուած գործը։

Նստարջանի աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրները հրապարակեցին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, ուր ամփոփուած է կատարուած աշխատանքը։ Այս ամբողջին մէջ ուշագրաւ է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) կազմին վերանորոգուած ըլլալը։ ԳՀԽ-ին մաս կը կազմեն՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Երուսաղէմի պատրիարքը, Պոլսոյ պատրիարքը եւ 21 անդամներ։ Այս վերջիններուն մէկ երրորդը կը նշանակուի Ամենայն Հայոց Հայրապետին կողմէ։ Մնացեալ երկու երրորդը կ՚ընտրուին ԵՆԺ-ի կողմէ։ ԳՀԽ-ին ի պաշտօնէ կ՚անդամակցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետն ու Արարատեան Հայրապետական Թեմի առաջնորդական փոխանորդը։ ԵՆԺ-ի այս վերջին նստաշրջանին ժամանակ ԳՀԽ-ի անդամ ընտրուեցան զանազան աշխարհամասերէ հետեւեալ հոգեւորականներն ու աշխարհականները.

Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան (Արցախի թեմի առաջնորդ), Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան (Գուգարաց թեմի առաջնորդ), Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ), Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ), Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան (Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ), Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան (Վրաստանի թեմի առաջնորդ), Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան (Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ), Գէորգ Դանիէլեան (իրաւաբան, Հայաստան), Վահան Տէր-Ղեւոնդեան (բանասէր, Հայաստան, Երեւանի Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար), Թագւոր Պոյաճեան (Դամասկոսի թեմ), Ժոզէֆ Կանիմեան (իրաւաբան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմ), Ալեքսանտր Ալավերտեան (բժիշկ, Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմ)։

ԵՆԺ-ի նստաշրջանի աւարտին արտասահմանի պատգամաւորները արդէն աստիճանաբար հրաժեշտ կ՚առնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի ներկայացուցիչներէն Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը վերադառնայ անմիջապէս, իսկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին։ Մեր ազգայիններէն Տիգրան Ալթունն ու Թորոս Աբիկն ալ այս օրերուն կը վերադառնան Իսթանպուլ։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017