ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿՐԿՆԱԿ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ներկայիս կը նշէ իր ձեռնադրութեան կրկնակ յոբելեանները։ Արդարեւ, 2020 թուականը կը զուգադիպի նորին սրբազնութեան քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 30-ամեակին։ Թէ՛ Արեւմտեան թեմէն եւ թէ ընդհանրապէս եկեղեցական շրջանակներէն ներս այս կրկնակ յոբելեանները կը համարուին ողջունելի։ Արդարեւ, Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջին տասնամեակներուն բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս։ Բոլոր անոնք, որոնք պատկերացում մը ունին իր ծառայութեան արդիւնքներուն շուրջ՝ կրնան վկայել, թէ ան կ՚աշխատի նուիրումի ոգիով եւ հայ բարձրաստիճան եկեղեցականի կոչումին նկատմամբ հաւատարմութեամբ։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու վառ դէմքերէն մին է Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ Գանատայի թեմէն ներս երկար ժամանակ առաջնորդի պաշտօն վարելէ վերջ ան անցած է Արեւմտեան թեմի գլուխը։ Սա լուրջ առաքելութիւն մըն է, որ իր կողմէ ձեռնհասօրէն յառաջ կը տարուի նուրբ կէտի մը վրայ։ Արդարեւ, Լոս Անճելըսի շրջանը հայկական սփիւռքի մարդուժի ամենախտացած կէտերէն մին է։ Միեւնոյն ժամանակ, Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ընդհանուր վերահսկողութեան ներքեւ կը գործէ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց կազմակերպութիւնը, որ մեծ ցանց մըն է եւ ապագայի տեսակէտէ ունի կարեւոր նշանակութիւն։

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան 8 յունիս 1980 թուականին՝ Սուրբ Էջմիածնի տօնի օրը ստացած էր քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում։ Տասն տարի անց, 7 հոկտեմբեր 1990 թուականին ան եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ։

2003 թուականէն ի վեր, 17 տարիներու տեւողութեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդի հանգամանքով՝ նորին սրբազնութիւնը ծառայութեան մեծ դաշտի մը մէջ կ՚իրականացնէ աստուածահաճոյ բազում ծրագրեր՝ անխուսափելիօրէն դիմագրաւելով նաեւ զանազան մարտահրաւէրներ։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կրկնակ յոբելեանները՝ իրեն մաղթելով արեւշատութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2020