ԳՄԲԷԹԻ ԽԱՉԻ ՕԾՈՒՄ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ օծուեցաւ Գեղարդավանքի Ս. Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գմբէթի խաչը։ Գեղարդի պատմական համալիրէն ներս այս առթիւ ստեղծուեցաւ արտասովոր մթնոլորտ։ Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, ըստ ընկալեալ կարգի, Սուրբ Խորանին առջեւ գինիով եւ ջուրով լուացուեցաւ գմբէթի խաչը, ապա աղօթքներու ներքեւ Վեհափառ Հայրապետը սրբալոյս միւռոնով օծեց զայն։

Արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ներկայ հաւատացեալներուն տուաւ իր պատգամը։ «Մենք կը հաւատանք խաչի զօրութեան, որով կեանքի պիտի կոչենք մեր բոլոր իղձերն ու տեսիլքները», նշեց Նորին Սրբութիւնը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2022