ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ ՏՈՒԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախէն շուրջ 35 երիտասարդներ։ Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն յորդորեց՝ անկոտրուն կամքով շարունակել իրենց պայքարը յանուն Արցախի ազատ, անկախ ու անվտանգ կեանքի իրաւունքին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Արցախի թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։

Զրոյցի տեւողութեան երիտասարդները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց նախաձեռնութիւնները, որոնց նպատակն է հայ եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւել Արցախի առկայ մարդասիրական աղէտին եւ անվտանգային խնդիրներուն վրայ։ Երեւանի զանազան համալսարաններու ուսանող այս երիտասարդները հիւրընկալելու ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու սէրը եւ զանոնք գնահատեց՝ Արցախի առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ ներդրուած ջանքերուն ու քաջարի ոգիի դրսեւորման համար։

Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները Աստուծոյ օգնութեամբ եւ միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ պիտի կարողանան յաղթահարել բոլոր մարտահրաւէրներն ու փորձութիւնները։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց երիտասարդներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման, ինչպէս նաեւ Արցախի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աշխատանքներուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2023