ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան նախընթաց օր Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նորանշանակ աւագ հիւպատոս Նիքոլա Կասիանիտեսը։ Իր նշանակումէն վերջ ան անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց ֆրանսացի դիւանագէտը եւ յաջողութիւն մաղթեց նոր պաշտօնին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի տեւողութեան անդրադարձաւ նաեւ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ, որ նախօրէին տեղի ունեցած էր դէպք մը։

Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Սուրբ Աթոռի կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2023