ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Այս առթիւ Գառնիկ Մկրտիչեան նշեց, թէ կեդրոնական վարչութեան բոլոր անդամները այս օրերուն մէկտեղուած են Հայաստանի մէջ, ինչ որ յաւելեալ եռանդ մը կու տայ իրենց բոլորին։ Մկրտիչեան ընդգծեց, որ իրենք հաւատարիմ կը մնան ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան, որ կը նախատեսէ հայ երիտասարդը պահել մաքուր եւ ամբասիր, նաեւ հաւատարիմ նախնիներու սուրբ աւանդութիւններուն ու բարքերուն նկատմամբ։
Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնները ՀՄԸՄ-ի վարչայիններուն եւ կարեւորեց անոնց տուած այցելութիւնը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց այն դերակատարութիւնը, զոր ՀՄԸՄ ստանձնած է հայ երիտասարդի նկարագրի կազմութեան, անոր սրտին մէջ հոգեւոր-բարոյական արժէքներու ձեւաւորման աստուածահաճոյ գործին ուղղութեամբ։ Անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, թէ Հայ Եկեղեցին մշտապէս առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայած է մատաղ սերունդի կրթութեան վեհ ու նուիրական առաքելութեան նկատմամբ։ Հետեւաբար ան ողջունեց այդ գործին ներգրաւուած հայորդիները, որոնք անձնուիրաբար կեանքի կը կոչեն երիտասարդներու հայրենասիրական աշխարհահայեացքի կերտումը։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ գործող Հայորդեաց տուներու գործունէութեան եւ այնտեղ ջամբուող հոգեւոր-հայրենասիրական կրթութեան։ Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։