«ԺԱՄԱՆԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ ԼՈՅՍԻՆ ՇՈՂԸ ԹՈՂ ՉՆՈՒԱՂԻ

Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժինը եւս միացաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ի նպաստ սկսած հրապարակումներու արշաւին։ Համապատասխան պաշտօնական կայքէջին վրայ զետեղուեցաւ յատուկ նիւթ մը, որուն համար խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժնի գլխաւոր խմբագրին՝ մեր սիրելի պաշտօնակից-բարեկամ Ռոպէր Աթթարեանին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յօդուածը։

«Ժամանակ օրաթերթը» անցեալին մէջ, նման այլ հայկական օրաթերթերու, եղաւ փարոս, 114 տարիներ ամբողջ լոյս սփռելով իր էջերէն։ Այսօր, անոր լոյսը մթագնած կը թուի, բայց տակաւին չէ մարած։ 114 տարիներ ամբողջ ան լուսաւորեց մեր ճանապարհը, մեր միտքը, մեր ապագան։ Ափսոս պիտի ըլլայ կորսնցնել այդ լոյսին շողը։

Մի քանի շաբաթ առաջ «Ռատիովատիկան»ի հայկական բաժնի տնօրէնութիւնը բախտը ունեցած էր հանդիպելու մտերիմ բարեկամ եւ աշխատանքային մարզէն ներս երէց եղբայր՝ Իսթանպուլի մէջ հրատարակուող «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի խմբագիր եւ լրագրող Արա Գօչունեանին հետ, առիթը ունենալով զրուցելու տարբեր նիւթերու մասին, ի միջի այլոց տպագիր թերթերու եւ հայ մամուլին ապրած ճգնաժամային պահերու մասին։ Սակայն չէինք սպասեր, այդ օրէն մի քանի շաբաթ ետք, Օրաթերթին առաջին էջին վրայ կարդալ ահազանգող հետեւեալ խորագիրը. «ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հիմնադրութեան 114-րդ տարին կը թեւակոխէ անդունդի եզրին»։

Բոլորիս յայտնի է, որ տպագիր մամուլը այսօր կ՚ապրի ծանր տագնապ մը, ժամանակներու յեղաշրջումի ու նաեւ լրագրութեան նորանոր միջոցներու ներդրումներու պատճառաւ։ Բայց եւ այնպէս, միշտ ցաւալի է լսել, որ 114-ամեայ հայկական օրաթերթ մը այսօր կը գտնուի օրհասական վիճակի մէջ։

Ցաւալի եւ տխուր է որովհետեւ անիկա միայն օրաթերթ մը չէ, պատմութիւն է, մշակութային արժէք է, անցեալ ու նաեւ ապագայ է։ Անոր էջերով է՝ որ հայապէս զարգացան ու մեծցան մեր նախնիքները, անոր տարածած գիտութեամբ է, որ կերտուեցաւ սերունդներու միտքն ու հոգին, անոր միջոցաւ է, որ հայը պայքարեցաւ ու ջանաց ապրիլ եւ մնալ հայ, հակառակ ամէն դժուարութեան։

Գիտակից ենք, որ արդի լրագրութիւնը կը ծաւալի նորանոր ձեւերով եւ ուղիներով, բայց վստահ ենք նաեւ, որ տակաւին կարիքը կայ լաւ ու պատրաստ լրագրողներու, որոնք գիտեն իրենց «առաքելութիւնը» կատարել, տարածելով բարին, գեղեցիկն ու ճշմարիտը։

«Ժամանակ օրաթերթը» անցեալին մէջ, նման այլ հայկական օրաթերթերու, եղաւ փարոս, 114 տարիներ ամբողջ լոյս սփռելով իր էջերէն։ Այսօր, անոր լոյսը մթագնած կը թուի, բայց տակաւին չէ մարած։ 114 տարիներ ամբողջ ան լուսաւորեց մեր ճանապարհը, մեր միտքը, մեր ապագան։ Ափսոս պիտի ըլլայ կորսնցնել այդ լոյսին շողը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021