Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՈԼԱՆՏԱ ԵՒ ՊԵԼԺԻԱ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս եռօրեայ հովուական այցելութիւն մը տուաւ դէպի Հոլանտա եւ Պելժիա։ Նորին Սրբազնութեան ուղեւորութիւնը սկսաւ Պրիւքսելէն, ուր օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ Մաստրիխտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ այցելու հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի կողմէ, որ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն է։ Ներկայ էր նաեւ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Սարգիս։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Պելժիոյ Լուվէն քաղաքին մէջ այցելեց տեղւոյն Կաթոլիկ համալսարանը, որու Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի պաշտօնական հրաւէրին ընդառաջ՝ յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուած է Նորին Սրբազնութեան բանախօսութիւնը։ Այդ նոյն համալսարանին մէջ ներկայիս աստուածաբանական բարձրագոյն ուսում կը ստանայ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Լուվէնէն Նորին Սրբազնութիւնը ուղեւորուեցաւ Մաստրիխտ, ուր Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոսի տօնին զուգադիպած շաբաթավերջին հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ տեղւոյն հաւատացեալ տիկիններուն կողմէ սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ ի պատիւ հայրապետական պատուիրակին, որ մէկտեղուեցաւ նաեւ յարակից կիրակնօրեայ դպրոցի սաներուն հետ, որոնցմէ ստացաւ ծաղիկներ եւ հայերէնով նամակներ։ Սիրոյ սեղանի վրայ ունեցած ելոյթին ժամանակ ան յատկապէս գնահատեց Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի նուիրեալ ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ուսումնառութեան ընթացքին համար։ Նորին Սրբազնութիւնը դրուատեց նաեւ տեղւոյն ծխական խորհուրդի գործունէութիւնը։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան տեսակցեցաւ նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Լիմպուրկի շրջանի վիճակաւոր Հարի Եպսկ. Սմիտի հետ, որ վերջերս առողջական հարցեր ունեցած էր։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը անգլերէնով բժշկական աղօթք մը արտասանեց իր հոգեւոր եղբօր համար, որուն նուիրեց նաեւ նոյն լեզուին թարգմանուած Նարեկ մը։

Աւելի վերջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անցաւ Պելժիոյ Լիէժ քաղաքը, ուր Ս. Ներսէս Շնորհալի նորահաստատ ծխական համայնքին իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ։ Յառաջիկայ մէկ տարուան համար այդ նորակազմ համայնքի պարագային նշանակովի ծխական խորհուրդ մը պաշտօնի կոչուեցաւ Նորին Սրբազնութեան կողմէ։ Միեւնոյն ժամանակ ան հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց։ Տ. Զատիկ Վրդ. Աւետիքեանի եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի առընթեր, ներկայ էր նաեւ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան։ Նորին Սրբազնութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ օրհնութիւններն ու ողջոյնները տուաւ ներկայ հաւատացեալներուն, նաեւ քաջալերեց Աբէլ Գալստեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած ծխական խորհուրդը։ Ս. Պատարագէն յետոյ յարակից սրահին մէջ սարքուած սիրոյ սեղանի ընթացքին ալ շարունակուեցաւ նոյն բարձր տրամադրութիւնը։ Ընթրիքէն վերջ ծխական խորհուրդը ժողով մը գումարեց Նորին Սրբազնութեան նախագահութեամբ։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ, Մաստրիխտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ սրահին մէջ խորհրդակցութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ այն հոգեւոր հայրերուն, որոնք կը պաշտօնավարեն Հոլանտայի եւ Պելժիոյ մէջ։ Այս առթիւ ան իր օրհնութիւնները տուաւ հոգեւոր հայրերուն՝ մեծապէս գնահատելով անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը։ Հովուական առաքելութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ ազգային-եկեղեցական կեանքի աշխուժացման նպատակով ան ուղղեց նաեւ հայրական յորդորներ։ Այս խորհրդակցութեան աւարտին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ հոգեւոր հայրերը համախմբուեցան ճաշասեղանի շուրջ, իսկ աւելի վերջ բոլորը ջերմօրէն հրաժեշտ տուին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին, որ Պրիւքսելի օդակայանէն վերադարձաւ Հռոմ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021