ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Էնտրու Թըրները։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց դեսպանին նշանակումը եւ յաջողութիւններ մաղթեց անոր առաքելութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրներուն։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ միջազգային հանրութեան ու բարեկամ երկիրներու գործուն աջակցութեամբ հայ ժողովուրդը կը կարողանայ դուրս գալ ստեղծուած ծանր կացութենէն։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Գանատայի իշխանութիւններուն կողմէ երկրի հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատար վերաբերմունքին համար։

Իր կարգին, դեսպան Թըրներն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեց ջանքեր գործադրել՝ ի նպաստ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2023