Ճ. Ռ. ՔԻՓ­ԼԻՆԿ. ԳԼԽԱ­ԳԻՐ ՄԱՐԴ-Ը ՍԱՀ­ՄԱ­ՆԵ­ԼՈՒ Ա­ՐՈ­ՒԵՍ­ՏԸ

Բրի­տա­նա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ գտնուող Մոմ­պէ­յի (նախ­կին Պոմ­պէյ, Հնդկաս­տան) մէջ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան տաղան­դա­ւոր դէմ­քե­րէն Ճո­զէֆ Ռու­տիըրտ Քիփ­լինկ (1865-1936):

Հա­յոց յու­շա­տետ­րին մէջ իր ար­ժա­նի տե­ղը ու­նի անգ­լիա­ցի յայտ­նի գրո­ղը, բա­նաս­տեղ­ծը եւ ար­ձա­կա­գի­րը:

Այդ­պէ՛ս է ոչ միայն 1907 թուա­կա­նին Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցած առա­ջին անգ­լիա­ցի հե­ղի­նա­կը ըլ­լա­լու իր ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան, այ­լեւ ողջ մարդ­կու­թեան իր պար­գե­ւած բա­նաս­տեղ­ծա­կան ան­կորն­չե­լի գո­հա­րին՝ «Ե­թէ» քերթուա­ծին հա­մար:

Կը բա­ւէ ստո­րեւ կար­դալ եւ ըմ­բոշխնել Մու­շեղ Իշ­խա­նի կող­մէ հա­յա­ցուած «Ե­թէ»ն՝ հա­մո­զուե­լու հա­մար, որ իր հնչե­ղու­թեամբ ու հո­գե­հա­րա­զա­տութեամբ ա­նի­կա կը պատ­կա­նի նաեւ հայ ըն­թեր­ցո­ղի գրա­կան ժա­ռան­գու­թեան:

«Ե­թէ»ն խորհր­դա­ծու­թեան եւ յոյ­զերու ամ­բողջ աշ­խարհ մը կը բա­նայ, ո­րով­հե­տեւ գլխա­գիր ՄԱՐԴ-ը սահ­մանող ա­մե­նէն ի­մաս­տա­լից եւ հնչեղ քերթուած­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ մի­ջազ­գա­յին գրա­կա­նու­թեան մէջ:

Ե­ԹԷ

(Թրգմ.՝ Մու­շեղ Իշ­խա­նի)

Ե­թէ կրնաս պա­հել գլուխդ ա­ռան­ձին,

Երբ խու­ճա­պի մէջ է չորս դիդ ա­մէն մարդ,

Ե­թէ կրնաս վստահ ըլ­լալ քու ան­ձին,

Ե­թէ ու­րիշ­ներ կը կաս­կա­ծին քու վրադ,

Ե­թէ կրնաս միշտ սպա­սել ան­ձան­ձիր,

Կամ չստել՝ շրջա­պա­տուած սու­տե­րով,

Ա­տող­նե­րու մէջ ըլ­լալ սի­րա­լիր,

Ե­թէ կրնաս ըլ­լալ բա­րի, բայց ու­ժով.

Ե­թէ կրնաս դուն ե­րա­զել եւ սա­կայն

Չըլ­լալ գե­րին ե­րազ­նե­րուդ գե­րիշ­խող,

Յաղ­թա­նա­կէն ետք հան­դի­պիլ պար­տու­թեան­

Եւ նո՛յն ձե­ւով ըն­դու­նիլ զոյգն այդ խա­բող.

Ե­թէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ

Չա­րա­փո­խուած յի­մար­նե­րու ծու­ղա­կի­

Ու խոր­տա­կուած տես­նել մեծ եր­կը կեան­քիդ,

Բայց վերս­տին զայն շի­նե­լու գաս ծուն­կի.

Ե­թէ կրնաս շա­հը հա­զար ճի­գե­րու,

Մէկ հա­րուա­ծով յանձ­նել բախ­տի սե­ղա­նին­

Եւ անտր­տունջ, ա­ռանց եր­բեք ող­բա­լու

Վերսկ­սիլ ծայ­րէն ա­մէն ինչ կրկին,

Ե­թէ կրնաս սիրտ ու ջի­ղեր ու մկան

Մա­շու­մէն ետք նո­րէն լա­րել ան­դա­դար­

Եւ դի­մա­նալ, երբ մե­ռած է ա­մէն բան,

Բա­ցի կամ­քէն, որ կը մնայ մէջդ վառ.

Ե­թէ կրնաս ար­քա­նե­րու հետ՝ պար­զուկ,

Ամ­բո­խին մէջ՝ ա­ռա­քի­նի ըլ­լալ միշտ,

Ե­թէ թա­ղես կրքի րո­պէն վա­ղան­ցուկ,

Ե­թէ մար­դիկ ան­զօր են քեզ առ­թել վիշտ­

Եւ ա­մէ­նուն կու տաս ար­ժէքն իր ար­դար,

Ե­թէ սի­րես, բայց սի­րոյ խենթ չդառ­նաս.

Քո՛ւկդ է

Եր­կիրն ու իր գան­ձերն ան­հա­մար­

Եւ ա­ւե­լին՝ այն ա­տեն

Մա՛րդ ես, տղաս:

 1910 թուա­կա­նին գրուած «Ե­թէ»ն կը խտաց­նէ Քիփ­լին­կի գրա­կան տա­ղանդին գլխա­ւոր զոյգ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը՝ մտա­ծու­մի խո­րու­թիւնն ու կեն­սա­յորդ զգա­ցա­կա­նու­թիւ­նը: Իր այդ զոյգ ար­ժա­նիք­նե­րուն հա­մար Քիփ­լինկ ար­ժա­նա­ցաւ Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կի ա­կա­դե­մա­կան դա­տա­կազ­մի յա­տուկ գնա­հա­տան­քին՝ թէ՛ իբ­րեւ արձա­կա­գիր եւ թէ՛ իբ­րեւ բա­նաս­տեղծ:

Քիփ­լինկ սե­րած էր ազ­նուա­կան ծնողքէ: Հայ­րը զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան ղրկուած էր Հնդկաս­տան, ուր ա­մուս­նա­ցած էր 1863 թուա­կա­նին: Եր­կու տա­րի ետք Քիփ­լինկ ծնաւ: Ան հինգ տա­րե­կան էր, երբ այդ ժա­մա­նա­կուան ար­տա­սահ­ման գոր­ծու­ղուած անգ­լիացի­նե­րու սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, իր­մէ եր­կու տա­րե­կան փոքր քրոջ հետ Քիփ­լինկ ղրկուե­ցաւ Լոն­տոն՝ հո­գա­տար ըն­տա­նի­քի մը մօտ ապ­րե­լու եւ տար­րա­կան ու­սում ստա­նա­լու հա­մար:

Նա­խակր­թա­կան ուս­ման ա­ւար­տին Քիփ­լինկ ղրկուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միացեալ Նա­հանգ­ներ՝ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար: Ա­շա­կեր­տա­կան այդ տա­րի­նե­րուն սկսաւ գրել եւ ո­րոշ պատ­մուածք­ներ ու քեր­թուած­ներ ա­տե­նին լոյս ըն­ծա­յեց: Բայց ու­սում­նա­կան իր նի­շե­րը ան­բա­ւա­րար նկա­տուե­ցան եւ ան չկա­րո­ղա­ցաւ ի­րա­կա­նաց­նել Օքսֆոր­տի հա­մալ­սա­րան անվ­ճար ըն­դու­նուե­լու իր մտադ­րու­թիւ­նը:

Ճա­րա­հատ, 1880-ա­կան­նե­րուն սկիզ­բը Քիփ­լինկ վե­րա­դար­ձաւ Հնդկաս­տան, ուր նե­տուե­ցաւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան աս­պա­րէզ:

Գաղ­թա­տի­րա­կան բուռն մրցա­պայքա­րի ժա­մա­նակ­ներն էին, եւ Քիփ­լինկ փա­րե­ցաւ ա­ջա­կող­մեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան՝ ա­նոր ա­մե­նէն հա­մար­ձա­կա­խօս ջա­տա­գով­նե­րէն մէ­կը դառնա­լով: Իր քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին հա­մո­զում­նե­րուն հա­մար ան շա­րու­նակ քննա­դա­տուե­ցաւ իր ժա­մա­նա­կի անգ­լիա­ցի, եւ­րո­պա­ցի թէ ա­մե­րի­կա­ցի մե­ծար­ժէք գրող­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք սակայն ոչ մէկ պա­րա­գա­յի հար­ցա­կա­նի տակ ա­ռին Քիփ­լին­կի բա­ցա­ռիկ տաղանդն ու ար­ժէ­քը:

Հնդկաս­տա­նը նեղ կու գար Քիփ­լին­կի գրա­կան հե­ռան­կար­նե­րուն հա­մար եւ 1889 թուա­կա­նին ան ո­րո­շեց Լոն­տոն տե­ղա­փո­խուիլ:

Եր­կու տա­րի ետք, 1892 թուա­կա­նի Յու­նուա­րին, Լոն­տո­նի մէջ Քիփ­լինկ ամուս­նա­ցաւ Քա­րոյ­լայն (Քեր­րի) Պալես­թիէ­րի հետ, որ ու­նե­ւոր ըն­տա­նի­քէ սե­րած էր: Նո­րապ­սակ ա­մո­լը ո­րո­շեց մեղ­րա­լու­սի­նի հա­մար եր­կար ճամ­բորդու­թիւն մը կա­տա­րել դէ­պի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, հոն­կէ ալ՝ Եո­քո­համա (Ճա­բոն), ուր Պա­լես­թիէր­նե­րը ու­նէին ըն­տա­նե­կան դրա­մա­տուն մը: Բայց դրա­մա­տու­նը ան­յա­ջո­ղու­թեան մատնուած էր, եւ Քիփ­լինկ ո­րո­շեց վե­րա­դառ­նալ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, ուր­կէ շա­րու­նա­կեց իր աշ­խա­տակ­ցու­թիւ­նը ա­մե­րի­կեան եւ անգ­լիա­կան մա­մու­լին:

1896 թուա­կա­նին Քիփ­լինկ­նե­րը, ար­դէն եր­կու զա­ւակ­նե­րու ծնող, վերջ­նակա­նա­պէս վե­րա­դար­ձան Լոն­տոն: Գրա­կան հռչա­կը ա­րա­գօ­րէն կ՚ա­ճէր Քիփ­լին­կի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց շուրջ եւ 1907 թուա­կա­նի Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կը ե­կաւ փառ­քով պսա­կադ­րե­լու այդ հռչա­կը: Այ­նու­հե­տեւ, մին­չեւ 1936 թուա­կա­նի յետ­կար­ճա­տեւ հի­ւան­դու­թեան իր մա­հը, Ռու­տիըրտ Քիփ­լինկ ան­խոնջ ստեղ­ծա­գոր­ծեց եւ ստեղ­ծագոր­ծա­կան իր ժա­ռան­գու­թիւ­նը հարստա­ցուց թէ՛ ար­ձակ, թէ՛ բա­նաստեղ­ծա­կան ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծե­րով:

Քիփ­լինկ մեծ նուա­ճում­ներ ար­ձանագ­րեց նաեւ իբ­րեւ ման­կա­կան գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ հե­ղի­նակ, ո­րուն «Տը ճան­կըլ պուք» ա­նունով պատ­մուածք­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն կը հան­դի­սա­նայ գրա­կան այդ սե­ռի դա­սա­կան հարս­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կը:

Քիփ­լինկ մին­չեւ վեր­ջին շունչ շա­րունա­կեց նաեւ պայ­քա­րը իր քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին հա­մո­զում­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար: Թունդ ընդդի­մա­խօս մը ե­ղաւ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տէն ետք թափ ա­ռած հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մայ­նա­վա­րու­թեան, ինչ­պէս եւ՝ այս վեր­ջի­նին իբ­րեւ հա­կազ­դե­ցու­թիւն թափ ա­ռած նա­ցիա­կան եւ ֆա­շա­կան շար­ժում­նե­րու. Հիթ­լէր եւ Մու­սո­լի­նի նշա­ւակ դար­ձան Քիփ­լին­կի քա­ղա­քա­կան խա­րա­նող քննա­դա­տու­թեանց:

Քիփ­լին­կի ա­նու­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին կա­պուե­ցաւ Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւարտին, երբ «Ե­թէ»ի հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղ­ծը ան­ձամբ պայ­քար մղեց, որ­պէս­զի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը պե­տա­կա­նօ­րէն ստանձ­նեց հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը Եղեռնի ար­հա­ւիր­քէն փիւ­նի­կի պէս յառ­նող նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նին:

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016