ՄԱՍԻՍ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Պեր­լի­նաբ­նակ եր­գիչ, եր­գա­հան Մա­սիս Ա­ռա­քե­լեան «Կռունկ» խո­րա­գի­րը կրող եր­կու հա­մեր­գով հան­դէս պի­տի գայ Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ Փետ­րուար 5-ին «Նա­րե­կա­ցի» ա­րուես­տի միու­թեան կեդ­րո­նէն ներս, Փետրուար 9-ին՝ Գա­ֆէս­ճեան ա­րուես­տի կեդ­րո­նէն ներս:

Թե­նոր Մա­սիս Ա­ռա­քե­լեան իր ու­րոյն մշա­կու­մով ունկն­դի­րին պի­տի ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան դա­սա­կան եր­գեր անց­նող երեք հարիւր տա­րի­նե­րէն: Ա­նոր հետ ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նայ դաշ­նա­կա­հար Ար­մէն Ա­ղա­ճա­նեան:

Պարս­կաս­տան ծնած Մա­սիս Ա­ռա­քելեա­նը իր ա­ռա­ջին մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցած է տասներեք տա­րե­կա­նին: Օ­փե­րա­յին եր­գե­ցո­ղու­թիւն եւ յօ­րի­նել ու­սա­նած է Պեր­լի­նի մէջ, ուր հիմ­նադ­րած է եւ ղե­կա­վա­րած հայ­կա­կան հա­մայն­քի երգ­չա­խում­բը: 2013 թուա­կա­նին ե­րի­տա­սարդ եր­գա­հա­նը թո­ղար­կած է «Կռունկ» ձայ­նե­րի­զը, ուր զե­տե­ղուած են Կո­մի­տա­սի, յայտ­նի այլ եր­գա­հան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ իր սե­փա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներն ու փո­խադ­րում­նե­րը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016