«ՃԱՄԲՈՐԴ» ՍԿԱՒԱՌԱԿԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Կիւվերճին» երաժշտական ընկերութիւնը վերջերս թողարկած է «Ճամբորդ» խորագրեալ սկաւառակ մը։ Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր երաժշտական աշխարհի համակրելի մեներգիչներէն Պարթեւ Կարեանը, Արի Ալիճեանը եւ «Կիւվերճին» հաստատութեան սեփականատէր Հայտար Կէօկերճինը։ Անոնք փութացած էին մեզի ներկայացնելու «Ճամբորդ»ը, որմէ նմոյշներ նուիրեցին թերթին խմբագրութեան։
Սկաւառակը կ՚ընդգրկէ մեներգներ մեր երաժշտական կեանքի շարք մը համակրելի անուններէն. ինչպէս՝ Պարթեւ Կարեան, Մարալ Չաղլըչուպուքճու, Լիտա Քէօսէօղլու, Պարոյր Գույումճեան, Թաթիանա Պոստան, Մարալ Չափան Աթաման, Արի Պարութօղլու, Էսրա Տենիզհան Թելլի, Լեռնա Պալօղլու Աքպուլութ, Իսթէք Տեմիր եւ Օնուր Այտեմիր։
Հաճելի զրոյցի ընթացքին Հայտար Կէօկերճին յայտնեց, որ «Ճամբորդ»ը թողարկուած է զուտ «Կիւվերճին» հաստատութեան հնարաւորութիւններով։ Ներկայիս այս սկաւառակը հանուած է վաճառքի։ Եթէ անոր թողարկման համար կատարուած ներդրումը հակակշռուի, ապա վաճառքի շարունակութեան ապահովուելիք հասոյթը որպէս նուիրատուութիւն պիտի տրամադրուի համայնքային հաստատութեան մը։