Շուէտի Մէջ Հայաստանի Օրեր
Շուէտի հնագոյն թանգարանի՝ Թագաւորական զինապալատին մէջ կ՚իրականացուին Հայաստանի օրեր, որոնք կազմակերպուած են թանգարանի եւ Հայաստանի մօտ Շուէտի դեսպանութեան համատեղ ջանքերով:
Փետրուարի 4-ին, Սթոքհոլմի թագաւորանիստ պալատին մէջ տեղակայուած թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած է «Հայ-շուէտական պատմական առընչութիւնները» խորագեալ դասախօսութիւն մը, որուն ներկայ եղած են Շուէտի թագաւորական արքունիքի անդամներ, խորհրդարանի պատգամաւորներ, Սթոքհոլմի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններ, մշակութային հաստատութիւններու ղեկավարներ, մտաւորականներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, շուէտահայ համայնքի անդամներ:
Դասախօսութեան ընթացքին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան ուսումնարանի աւագ գիտաշխատող, հայ-շուէտական յարաբերութիւններու վերաբերեալ մենագրութիւններու եւ յօդուածներու հեղինակ Արծուի Բախչինեան ներկայացուցած է վաղ միջնադարէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը հայերու եւ շուէտներու միջեւ եղած պատմամշակութային փոխյարաբերութիւնները, տնտեսական եւ մշակութային առնչութիւնները, Շուէտի հասարակական-քաղաքական կեանքի մէջ ազդեցութիւն ունեցած հայ ազնուականներու, դիւանագէտներու եւ արքունի պալատականներու դերը: Արծուի Բախչինեան նաեւ պատասխանած է ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն:
Հայաստանի օրերու ծիրէն ներս կազմակերպուած կեդրոնական ձեռնարկն է «Մետաքսի առեւտուրի հետքերով. հայ վաճառականները Քարլ ԺԱ.-ի արքունիքին մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէսը: Անիկա նուիրուած է 1687-ի Նոր Ջուղայի հայ վաճառականներու կողմէ Շուէտ առաջին անգամ մետաքս ներկրելու պատմութեան: Շուէտի յատուկ դեսպան Լիւտվիկ Ֆապրիցիուսի ուղեկցութեամբ անոնք այցելած են Սթոքհոլմ՝ «Մետաքսի ճանապարհի» հիւսիսային հատուածի շուրջ բանակցութիւններ վարելու նպատակով, որ աւարտած է Քարլ ԺԱ.-ի հետ առեւտրական պայմանագրի ստորագրումով: Այս վերջինով հայ վաճառականները իրաւունք ստացած են արտօնեալ պայմաններով իրենց ապրանքները Ռուսաստանի ճանապարհով ներկրել Շուէտ եւ այնուհետեւ՝ եւրոպական այլ երկիրներ:
Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ներկայաց-ւած է պայմանագրի բնօրինակը, վաճառականներու կողմէ շուէտ միապետին նուիրաբերուած եօթ ոսկեպատ թուրերէն մէկը, հայ վաճառականներու արարողակարգային գաւազանը եւ այլ եզակի ցուցանմոյշներ: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ ամբողջ 2016-ի ընթացքին: