ՇՏԱՊՈՂ ՊՈԼԻՍԻՆ ՀՄԱՅՔԸ
Պոլիսը մեզ կը դիմաւորէ պաղ եղանակով: Օդակայանէն դէպի այն շրջանը, ուր պիտի իջեւանինք Պոլիս կարճ հանգրուանի մը ընթացքին, ճանապարհին անձրեւ կը սկսի, թաքսիի վարորդը շատ արագ կը վարէ, ինչ որ տագնապ կը յառաջացնէ, կը խնդրենք քիչ մը դանդաղեցնել ընթացքը, սակայն այդ երեւոյթին ականատես կ՚ըլլանք նաեւ հետագայ օրերուն՝ ինքնաշարժներու ընթացքը շատ արագ կը թուի, բայց աւելի ուշ կը հասկնանք, որ արագ ու շտապող քաղաքի՝ Պոլսոյ ընթացքն է այդ մէկը: Քաղաքը կարծես վազքի ելած է եւ կայ այն տպաւորութիւնը, թէ շուտով տեղ մը պիտի հասնի՝ իր բազմամարդ պողոտաներով, լեցուն հրապարակներով, առեւտուրի կեդրոնններով, անվերջ ամէն տեղ աճապարող մարդոց հոծ խումբերով: Մեծ քաղաքներու կշռոյթի ներքոյ Պոլիսը կը պահէ իր համաչափ քայլքը՝ Արեւելքի եւ Եւրոպայի սահմանին մնալով յաւերժ փառաբանուած մայրաքաղաքը քանի մը կայսրութիւններու:
Եւ այդ փառքի մէջ մենք կը փնտռենք հայկական հետքը, հայկական փառքը: Հայու, առաւել եւս՝ հայ լրագրողի «վատ սովորութիւնն» է՝ ամէն տեղ, ուր որ երթայ, հայկականը կը փնտռէ եւ կը փորձէ տուեալ երկրին կամ տուեալ տարածքին նայիլ հայու ճակատագրի ընդմէջէն, հայու աչքով:
Պոլսոյ մէջ ամէն մէկ փողոցի, ամէն մէկ անկիւնի, շէնքի, պատմութիւն ունեցող ամէն մէկ կառոյցի ճակատին թէեւ գրուած չէ, բայց կը տեսնենք կայսրութենէ կայսրութիւն փոփոխուած քարտէսի նշմարները՝ Հռոմէականէ մինչեւ Բիւզանդական, Լատինականէ մինչեւ Օսմանեան: Շէնքերը, բիւզանդական, օսմանեան, արեւելեան եւ եւրոպական միախառնուած ճարտարապետութեամբ իրենք արդէն կը խօսին իրերայաջորդ քաղաքակրթութիւններու եւ վերագծուած քարտէսներու մասին, եւ պէտք չունիս մօտէն սերտելու պատմութիւնը, երբ ան ամէն քայլափոխի քու առջեւդ է: Այդ միախառնումը կը տեսնենք նաեւ Իսթիքլալի մէջ, որ հաւանաբար աշխարհի հետաքրքրական պողոտաներէն մէկն է՝ զանազան ազգերու ներկայացուցիչներ հաշտօրէն կը քալեն ելեկտրական գծուղիներով ընթացող կարմիր կառքերու շչակներու ներքոյ եւ երբեք չեն ձանձրանար: Պոլիսը չի ձգեր, որ ձանձրանաս. ինչպէս ալ ըլլայ՝ անկիւն մը կը գտնես՝ թէյ մը խմելու եւ դիտելու այն զարմանալի անցուդարձը, որ տակաւին Իսթանպուլի օդակայանէն սկիզբ առած է, եւ վստահաբար միայն գիշերը քիչ մը դանդաղի:
Շտապող Պոլիսը… այսպէս զգացինք ամէն քայլափոխի՝ քաղաքը կը շտապէ, յապաղելու ժամանակ չունի:
Պոլիս հասնելու յաջորդ օրը Պոլսոյ մեր բարեկամներուն եւ գործընկերներուն հետ հանդիպումէն ետք կ՚ուղեւորուինք հայկական եկեղեցիներ, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, իսկ օրուան աւարտին կ՚այցելենք նաեւ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ գործող «Հրանդ Տինք» վարժարան:
Պոլսոյ պատրիարքարանին կից թաղերու մէջ կը հանդիպինք աշխատանքի նպատակով Պոլիս եկած բազմաթիւ հայաստանցիներու, որոնց հետ զրոյցներու ընթացքին պարզ կը դառնայ, որ հակառակ իրենց փաստաթղթային անկանոն դրութեան, հանգիստ կ՚ապրին ու կ՚աշխատին Պոլսոյ մէջ: Այլ ազգերու եւ կրօնքի ներկայացուցիչներու հետ՝ հայաստանցի տղամարդիկ, կիներ որեւէ բաներ կը վաճառեն, եւ իրենց այդ խանութները կամ սեղանիկները հայաստանեան խորհրդային տարիներու աղքատիկ խանութները կը յիշեցնեն՝ ռուսական խտացուած կաթ, երշիկեղէն, հնդկաձաւար, քոնեաք, գինի, արեւածաղիկի սերմեր… Քիչ մը հարցումներու տեղի կու տայ անոնց՝ այդտեղ գտնուիլը, անկեղծ ըսած՝ չէինք ուզեր տեսնել օրուան հացի ետեւէն ոչ-բարենպաստ պայմաններու մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներու վիճակը: Ցաւ կ՚ապրինք, բայց կը յիշեմ նաեւ ռուսական առեւտրական շուկաներէն ներս կամ Ռուսաստան այլ ասպարէզներու մէջ ներգրաւուած հայաստանցիները, որոնց վիճակը նոյնպէս նախանձելի չէ: Գումգաբուի մէջ կին մը՝ Ստեփանաւանէն, ցածլիկ սեղանիկի ետին նստած, կ՚ըսէ, որ դժգոհ չէ, օրուան հացը կը հանէ, կրնայ նաեւ վարձած պզտիկ սենեակին վարձքը վճարել… Հիմնականը Հայաստանի մարզերէն են, որոնք Պոլիս եկած են դրամ շահելու հեռանկարով եւ վստահաբար չգտնելով աւելի շատ դրամ շահելու եւ կուտակելու հնարաւորութիւն, պարզապէս մնացած են այդտեղ եւ իրենց հանապազօրեայ հացի ետեւէն են: Թէպէտ որու հետ որ զրուցեցինք, կը համոզէր, թէ կ՚ուզէ Հայաստան երթալ եւ նորէն ետ չգալ: Կիւմրիէն կին մը կ՚ըսէ, որ բոլոր շահած դրամը Հայաստան՝ հարազատներուն կը ղրկէ, ինք ձեւով մը կը գոյատեւէ: «Հարազատներս պահելու համար եկած եմ», կ՚աւելցնէ ան: Կը յայտնեն նաեւ, որ հարցեր ունենալու պարագային կը դիմեն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան, որու շուրջ թաղերու մէջ սովորաբար հաւաքուած են հայաստանցիները: Բազմաթիւ հարցականներով կը լքենք այն թաղերը, ուր ամէն քայլափոխի արեւելահայերէն կը լսենք:
Պատրիարքարան կը մտնենք… Պոլսոյ եկեղեցական պատմութիւնը, անցեալը, աւանդոյթները կարելի է պահպանուած տեսնել պատրիարքութեան շէնքին եւ Սուրբ Աստուածածին Մայր եկեղեցիի ու յարակից կառոյցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ պատրիարքութեան ենթակայութեան տակ գտնուող եկեղեցիներու եւ հաստատութիւններու մէջ: Անցեալի կարեւոր յիշատակներ, հայութեան անխախտ ընթացքը՝ Վոսփորի ափերուն հաստատուած դարաւոր կառոյցներ եւ հայ ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքի զանգերը հնչեցնող եկեղեցիներ…
Լսած էինք Պատրիարքարանի մէջ գործող Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանին մասին, սակայն մեր այցելութեան օրը թանգարանը ինչ-ինչ կազմակերպչական դրութեան մէջ էր, ուստի բաւարարուեցանք շրջելով Պատրիարքարանի յարկերով եւ դահլիճներով, ուր մեր ուղեկիցը՝ Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեան, մանրամասն ներկայացուց ամէն մէկ մուտքի, դահլիճի, պատերէն կախուած նկարներու եւ իրերու պատմութիւնն ու նշանակութիւնը: Ամէն ինչ տպաւորիչ էր, մանաւանդ՝ պատրիարքներու գահակալութեան մասին սուլթանի ձեռագիր հրովարտակները, ինչպէս նաեւ՝ Այվազովսքիի ծովանկարները, որոնք կը զարդարէին սենեակներն ու միջանցքները: Ան ըսաւ, որ Պոլիսը հարուստ է Այվազովսքիներով: Տոլմապահչէի պալատէն եւ թանգարաններէն զատ Այվազովսքիի ծովանկարներ կան նաեւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ: Պատմութենէն յայտնի է, որ մեծ ծովանկարիչը նկարներ գծած է նաեւ սուլթանին համար, եւ առհասարակ, Թէոդոսիա ծնած, Խրիմ ապրած, Ռուսական կայսրութեան պատուոյ ծովակալ հռչակուած եւ միջազգային համբաւ ունեցող հայ մեծ արուեստագէտի արուեստի հետքը չէր կրնար չըլլալ ծովային ու նաւահանգստային անցեալով ու ներկայով ապրող Իսթանպուլի մէջ…
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը Պոլսոյ թերեւս ամենէն նշանաւոր կառոյցներէն մին է, որու մասին նիւթեր, յօդուածներ ու հրապարակումներ պատրաստուած են նաեւ Հայաստանի մամուլի մէջ: Հիւանդանոցի բոլոր բաժանմունքները, արդիական սարքաւորումներով կահաւորուած առողջապահական կեդրոնները, դեղատնային ու եկեղեցական համալիրը շրջելէ ետք, նախասրահին մէջ կը հանդիպինք ու կը ծանօթանանք Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ: Ան կը ներկայացնէ հիւանդանոցի ներկայ իրավիճակը, ըսելով, որ Պոլսոյ լաւագոյն առողջապահական հաստատութիւններէն մին է, եւ նաեւ կը յայտնէ, որ կառոյցներու շուրջ սկսած նորոգութիւնը, որուն ականատես եղանք, պիտի ամբողջանայ, եւ յառաջիկային ամէն կողմ նորոգուած պիտի ըլլայ: Պետրոս Շիրինօղլու քիչ մը կը խօսի հայութեան խնդիրներու, Հայաստանի մասին, նշելով, որ համախմբուելու, յառաջ նայելու կարիք ունի մեր ժողովուրդը այսօր, քանի որ մարտահրաւէները շատ են: Կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանէն մասնագէտներ յաճախ կու գան իր ղեկավարած առողջապահական հաստատութիւնը՝ հետազօտութիւններու, համաժողովներու կամ պարզապէս ծանօթութեան նպատակով: Ան կ՚առաջարկէ դիտել հիւանդանոցի թանգարանը, որ նոյնպէս տպաւորիչ է՝ իր հազուագիւտ ցուցանմոյշներով, հիւանդանոցի պատմութիւնն ու ներկան ներկայացնող փաստաթուղթերով, իրերով, լուսանկարներով:
Աւելի վերջ կ՚այցելենք հիւանդանոցի ենթակայութեան տակ գտնուող գրադարանը, ուր թուայնացման աշխատանքի ականատես կ՚ըլլանք գրադարանի հարուստ նմոյշներու։ «Օրաթերթերէն սկսած ենք, փաստաթուղթերով կը շարունակենք, այնուհետեւ կ՚անցնինք գիրքերուն», կը յայտնէ գրադարանի աշխատակցուհին, աւելցնելով, որ գրադարանը հետազօտական վայր մը դարձած է շատ մը ուսումնասիրողներու համար, կու գան նաեւ Հայաստանէն, այլ երկիրներէ: Հետաքրքրական էր տեսնել 1900-ական թուականներու սկիզբի ձեռագիր մատեանները՝ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու առօրեայի մասին, ինչպէս նաեւ տպաւորիչ էին արեւմտահայ մամուլի փառաւոր պատմութիւնը ներկայացնող հնագոյն օրաթերթերու հաւաքածոները, որոնք արդէն դեղնած ու գունատած էին, եւ թուայնացումը թերեւս միակ ճանապարհն է զանոնք առաւել լաւ պահպանելու համար: Եւ այս պահուն ալ մտորումներ կը պատեն հայ մամուլի անցած ճանապարհի մասին, եւ անգամ մը եւս կը համոզուինք, որ հայոց գրական ոստանը եղած Պոլիսը կեդրոն եղած է նաեւ հայ մամուլի փառաւոր անցեալին: Այսօր ալ, հակառակ դժուարութիւններուն, հայատառ մամուլը կը տպագրուի եւ մեծ հպարտութիւն է Պոլսոյ օտար վաճառատուներու մէկ անկիւնը տեսնել հայկական թերթերը:
Հայր Լեւոն Զէքիեան այն բարեկամներէն է, որուն հաճոյքով կը հանդիպինք Երեւան իր այցերուն եւ ահաւասիկ Պոլիս ալ տեսանք զինքը՝ Թաքսիմի մօտակայքը գտնուող Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիին կից գրասենեակին մէջ, ուր ան իր սուղ ժամանակէն տրամադրեց զրուցելու համար այսօրուան հայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն շուրջ, հայոց մշակոյթի, լեզուի պահպանման եւ հարցերու մասին իր խիստ տեղին դիտարկումները կատարեց, բայց յայտնեց, որ վերջին շրջանին հեռու է հարցազրոյցներ տալէ: Գերապայծառը իր մտահոգութիւնները կը փոխանցէ անձնական զրոյցներու, հանդիպումներու եւ առհասարակ, իր գործունէութեան ընդմէջէն, եւ յուսանք մտաւորականի խիստ տեղին դիտարկումները կը գտնեն իրենց հասցէատէրերը:
Մեր բոլոր զրուցակիցներու խօսքերուն մէջ, ուր ալ ըլլանք, Պոլիս կամ այլ վայր մը, եթէ կը խօսի հայ մտաւորականը, ապա անպայման Հայաստանը կայ բոլորի խօսքերու, ցանկութիւններու, փափաքներու մէջ, եւ անպայման՝ բան մը շտկելու, բան մը փոխելու եւ թերացումները սրտցաւօրէն մատնանշելու ճիգ կայ Հայաստանի հանդէպ:
Կրկին հակասական մտորումներ ապրեցանք, երբ այցելեցինք Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ կիսանկուղային յարկի վրայ գործող «Հրանդ Տինք» վարժարանը, որու փոխ-տնօրէնը՝ Դաւիթ Խաչատրեան ներկայացուց դպրոցի անցած ճանապարհը եւ ի պատասխան մեր հարցումին, ի՞նչ պիտի ըլլայ այս աշակերտներու ապագան, ըսաւ, որ մեծ ճիգեր կը գործադրեն՝ աշակերտները Հայաստան վերադարձնելու համար։ «Մեր նպատակը հոս բերելը չէ, մեր նպատակը այստեղէն Հայաստան ղրկելն է», ըսաւ փոխ-տնօրէնը, որ չորրորդ տարին կը բոլորէ այս վարժարանին մէջ։ Ան ըսաւ, որ աշակերտներու ծնողքը, հակառակ այստեղ գտնուելու բացասական կողմերուն, բանով մը հանգիստ են, որ օրուան հաց ունին, սակայն Դաւիթ նոյնպէս համամիտ էր, որ այդ մէկը լուծում չէ հայ մարդու՝ իր հողէն կտրուելու եւ նման պայմաններու մէջ օրուան հաց վաստկելու առումով: Գրեթէ այդ կարծիքին էին նաեւ վարժարանի բոլոր ուսուցիչները։ Անոնց ամէն մէկը պատճառաւ մը յայտնուած է Թուրքիոյ մէջ, իսկ յետոյ՝ ձեւով մը՝ գտած է վարժարանը կամ վարժարանի տնօրէնութիւնը զիրենք գտած եւ կանչած է, բայց Դաւիթ Խաչատրեան ըսաւ, որ իրենք առհասարակ, ուսուցիչ չեն հրաւիրեր Հայաստանէն, այդ մէկը սխալ նկատեց իրենց գործունէութեան մէջ, շեշտելով, որ հակառակ ուղղութեամբ կ՚աշխատին՝ Թուրքիայէն Հայաստան ղրկելու քաղաքականութիւն որդեգրած են: Տասնեօթ ուսուցիչ եւ շուրջ հարիւր յիսուներկու աշակերտ կայ «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ, որ Տինքի անունը ստացած է աւելի վերջ, իսկ վարժարանը գործելու սկսած է 2003 թուականին: Ան խորհուրդ տուաւ, որպէսզի մարդիկ անիմաստ մեկնաբանութիւններ չկատարեն դպրոցին շուրջ, առանց գիտնալու, թէ ծնողքը, որոնց երախաները դպրոց կը յաճախեն, ինչ դժուարութիւններով յայտնուած են այս քաղաքին մէջ: Դպրոցը Հայաստանի պետական կրթական ծրագրերով գործող միակ միջնակարգ կրթական հաստատութիւնն է Հայաստանէն դուրս, իսկ եթէ աշակերտը Հայաստանի մէջ ուսումը շարունակելու ցանկութիւն ունի, ապա այդ մէկը կրնայ ընել՝ ըստ Պատրիարքարանի կողմէ ներկայացուած հաւաստագրի: Նոյն պատրիարքարանն ալ, ինչպէս յայտնեց փոխ-տնօրէնը, դպրոցի աջակիցներէն է։ Վարժարանին կ՚օժանդակեն նաեւ համայնքային այլ կառոյցներ, անհատներ:
Հաւատալով Դաւիթ Խաչատրեանի խօսքերուն, որ ամէն ջանք կը գործադրեն, որպէսզի աշակերտները վերադառնան Հայաստան, կը լքենք դպրոցը, ուր արդէն վերջին ժամերն են եւ աշխատանքէ տուն դարձող ծնողքը ճամբուն կ՚առնեն իրենց զաւակները, դպրոցը երախաները կը պահէ, մինչեւ որ աշխատող ծնողքը տուն վերադառնան… Մանկապարտէզի փոքրիկները ձեռքերով անշտապ հրաժեշտ կու տան մեզի եւ կը թուի, թէ «Հրանդ Տինք» վարժարանը Պոլսոյ արագ կշռոյթէն կտրուած վայր մըն է, ուր պատերու մէջ պզտիկ Հայաստան մը ժամանակաւորապէս տեղաւորուած է եւ … ոչ մէկ տեղ կը շտապէ:
Դուրսը կրկին շտապող Պոլիսն է՝ խելայեղ վազքով կ՚ընթանան ինքնաշարժները, լոյսերու խաղերուն, ծովերու ձայնին միախառնուած Պոլսոյ ցերեկնային ու գիշերային կեանքը կը վազէ…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ