ԷՐԼԻՆԻ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳԸ
Էրլին, երկու տարուան դադարէ մը վերջ, երէկ իրիկուն տպաւորիչ մենահամերգով մը ներկայացաւ հանդիսատեսին։ «Քենթ» մշակութային կեդրոնի դահլիճին մէջ կայացած ձեռնարկը արժանացած էր Էրլինի համակիրներուն հետաքրքրութեան, որոնք վայելեցին հաճելի իրիկուն մը։
Իսթանպուլահայ երգարուեստի ասպարէզին վրայ իւրայատուկ տեղ մը ունի Էրլին․ ան պարզ կատարող մը չէ միայն, այլ հեղինակային ուշագրաւ գործեր ստեղծող մը․ ուշագրաւ նաեւ այն առումով՝ որ երգչուհիին ստեղծագործական լեզուն արեւմտահայերէնն է։ Առօրեայ կեանքէն ներս շատերու անտեսած գեղեցիկ, հաղորդական, պարզ արեւմտահայերէնը դարձած է Էրլինի անկեղծ զգացումներուն արտայայտիչը՝ նոյնքան յաջող, որքան թրքերէնը, թերեւս բան մըն ալ աւելի։ Էրլինի փորձը կը դառնայ ուսանելի օրինակ մը․ ցոյց կու տայ օրը արեւմտահայերէնով ապրելու՝ անով սէր արտայայտելու, զգացմունք նկարագրելու, անկեղծ ապրումներ փոխանցելու կարելիութիւնը։ Ցոյց տալով միաժամանակ, որ կարիք չկայ այլ լեզուներու ապաստանելու ամէն անգամ երբ «մեր գլուխը նեղը ինկած է»։
Երէկի համերգի տեւողութեան Էրլին Թոմաօղլու հանդիսականներուն ներկայացուց «Տարիներ վերջ» ալպոմէն սիրուած նմոյշներ, իր երգացանկէն նոր երգեր, ինչպէս նաեւ թրքերէն, յունարէն, եբրայերէն գործեր, հայ ու արեւմտեան դասական յօրինումներ։
Համերգը կայացած էր Օրթագիւղի, Գնալը կղզիի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներուն, Գալֆաեան տան խնամակալութեան, Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի հովանաւորութեամբ ու օժանդակութեամբ։ Այս հաստատութիւններուն եւ այլ աջակիցներուն Էրլին յայտնեց իր ջերմագին շնորհակալութիւնները։
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ