ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Ռու­սաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Մոս­կուա­յի մէջ Մար­տի 5-8 թուա­կան­նե­րուն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Շո­քո­լա­յի սա­լոն, որ պի­տի ընդունի շուրջ եօ­թա­նա­սուն մաս­նա­կից տաս­ներ­կու երկի­րներէ, նե­րա­ռեալ՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Զուի­ցե­րիա­յէն եւ Հա­յաս­տա­նէն։ 

Ձեռ­նար­կի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ այ­ցե­լու­նե­րը պի­տի կա­րե­նան տես­նել տուր­մէ (շո­քո­լա­յէ) զգեստ­նե­րով ցու­ցադ­րա­քայլք եւ հան­դի­պիլ հռչա­կա­ւոր շո­քո­լա­գործ­նե­րու հետ ամ­բողջ աշ­խար­հէն։

«Մոս­կուա­յի հին­գե­րորդ Շո­քո­լա­յի սա­լո­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 2016 թուա­կա­նի Մար­տի 5-8 թուա­կան­նե­րուն Կրաս­նա­յա Պրես­նեա­յի ցու­ցա­հան­դէ­սա­յին կեդ­րո­նին մէջ: Ա­մե­նաընդգր­կուն փա­ռա­տօ­նը այ­ցե­լու­նե­րը պի­տի ու­րա­խաց­նէ բազ­մա­զան ծրագ­րով. շո­քո­լա­յէ զգեստ­նե­րու հռչա­կա­ւոր ցու­ցադ­րու­թեամբ, աշ­խար­հի ա­մե­նա­յայտ­նի շո­քո­լա­գործ­նե­րու հետ հան­դի­պու­մով», ը­սուած է փառատօնի կազմակերպիչ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կող­մէ:

Մոս­կուա փա­ռա­տօ­նի հա­մար պի­տի ժա­մա­նեն հրու­շա­կա­գործ­ներ եւ շո­քո­լա­գործ­ներ՝ Ֆրան­սա­յէն, Պել­ժիա­յէն, Զուի­ցե­րիա­յէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ճա­բո­նէն, Հա­յաս­տա­նէն եւ այլ եր­կիր­նե­րէ: Ցու­ցա­հան­դէ­սին պի­տի ներ­կա­յա­ցուին նաեւ քա­քաօ ար­տադ­րող եր­կիր­ներ՝ Քոտ Տի­վուա­րը, Կա­նան, Քա­մե­րու­նը, Մա­տա­կաս­քա­րը եւ Քո­լում­պիան:

Ռու­սաս­տա­նեան հին­գե­րորդ սա­լո­նը պի­տի դառ­նայ ա­մե­նա­խո­շո­րը: Նախ­նա­կան գնա­հա­տում­նե­րով՝ ցու­ցադ­րան­քը դի­տե­լու համար պի­տի այ­ցե­լէ ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն հա­զար հո­գի, որ կրկնա­կի ա­ւե­լի է, քան 2015 թուա­կա­նինը:

 

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016