ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐԸ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ԱՌԹԻՒ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Տեառնընդառաջի առթիւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ խանդավառ տօնավաճառ մը, որ կազմակերպուած էր սուրիահայոց կողմէ։ Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ այս տօնավաճառը, որուն մասնակցութիւն բերին աւելի քան քառասուն սուրիահայեր։ 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տօնավաճառի բացման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հարնոյշ Յակոբեան, որ ըսաւ. «Ուրախ եմ, թէ մենք հնարաւորութիւն կու տանք՝ որպէսզի մեր սուրիահայ հայրենակիցները կարենան իրենց ձեռքի աշխատանքը, արհեստն ու արուեստը ներկայացնել մեր ուսանողութեան»։

Տեռնընդառաջի տօնին ձօնուած այս տօնավաճառով տաղաւարներուն մօտ ներկայացուած են ձեռագործ իրեր, զարդեր, կօշիկներ, համեմներ, սնունդ, խաղալիքներ եւայլն։ 

Հրանոյշ Յակոբեան շրջայց մը կատարեց տաղաւարներով, ծանօթացաւ ներկայացուած իրերուն եւ անմիջական զրոյց ունեցաւ սուրիահայոց հետ։ Ըստ իրեն, ուսանողները առաջին հերթին կը գնեն զարդեր, ասեղնագործ իրեր, խոհանոցային առարկաներ եւ ուտեստներ։ 

Երկօրեայ այս տօնավաճառը կազմակերպուած էր Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնին կողմէ, որ հասարակական կազմակերպութեան կարգավիճակը ունի։ Սուրիահայ Տուտու Քապաքլը, որ առաջին անգամ կը մասնակցէր տօնավաճառին, յայտնեց, թէ արդէն երեք տարիէ ի վեր կ՚ապրի Հայաստանի մէջ։ «Եթէ գործ ըլլայ՝ լաւ է։ Այստեղ ներկայացուցած եմ իմ խմորեղէնները, անուշեղէններն ու կարկանդակները», ըսաւ ան։ 

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016