Տարեդարձ

Ներ­կայ օ­րե­րուն ա­նուա­նա­կո­չու­թիւն տօ­նե­լը գրե­թէ վեր­ցուած է: Այ­սօր ա­ւե­լի կա­րե­ւոր կը դա­սուին ծննդեան կամ ա­մուս­նու­թեան տա­րե­դար­ձե­րը տօ­նե­լը:

Ա­մուս­նու­թեան 25 կամ 50-ա­մեակ:

Օ­տար­նե­րուն քով հա­զուա­դէպ ե­րե­ւոյթ է հան­դի­պիլ ա­մուս­նա­ցած զոյ­գե­րու, ո­րոնք այդ­քան եր­կար տա­րի­ներ միա­սին ապ­րած են նոյն յար­կին տակ, եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով, շատ յա­ճախ, ոչ միայն մեծ շու­քով կը տօ­նեն ի­րենց ա­մուս­նու­թեան 25 կամ 50-ա­մեա­կը, այլ նոյն թուա­կա­նին, նոյն ժա­մուն եւ նոյն վայ­րին մէջ (ե­թէ տա­կա­ւին նոյն նա­հան­գին մէջ կը բնա­կին) կը վե­րա­մուս­նա­նան կղե­րա­կա­նի մը օրհ­նու­թեամբ: Իս­կա­կան հար­սա­նիք մըն է այդ օր: Հրա­ւի­րեալ­ներ եւ ըն­դու­նե­լու­թիւն՝ ճա­շա­րա­նի կամ սրա­հի մը մէջ:

Դժբախ­տա­բար նման պա­րա­գա­ներ սկսած են յայտ­նուիլ նաեւ հա­յե­րու մօտ, ո­րով­հե­տեւ ա­մուս­նա­լու­ծուող զոյ­գե­րուն թի­ւը սկսած է մեծ թիւ հա­շուել, եւ ե­թէ բախ­տը ու­նե­ցած են 25, կամ 50 տա­րի­ներ միա­սին ապ­րե­լու, ո­րոշ թի­ւով հա­յեր սկսած են հե­տե­ւիլ օ­տար­նե­րու օ­րի­նա­կին եւ ի­րենց ա­մուս­նու­թեան ար­ծաթ եւ ոս­կի տա­րե­դար­ձե­րը կը տօ­նեն մեծ շու­քով, սա­կայն օ­տար­նե­րու նման չեն վե­րա­մուս­նա­նար, պար­զա­պէս ճոխ ըն­դու­նե­լու­թիւն կը կազ­մա­կեր­պեն  բազ­մա­հա­րիւր հրա­ւի­րեալ­նե­րով:

Ման­կու­թեանս տա­րի­նե­րուն ա­ն-ւա­նա­կո­չու­թեան օր ու­նե­ցող­նե­րը, ան­պայ­ման կը յի­շուէին ճիշդ օ­րին, սա­կայն տա­րե­դարձ­նե­րը շատ յա­ճախ կը մոռ­ցուէին եւ յի­շուե­լու պա­րա­գա­յին, կը «տօ­նէին» միայն ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րով: Ո՛չ հրա­ւի­րեալ­ներ, ո՛չ ալ ճոխ սե­ղան: Բախ­տա­ւոր էինք, ե­թէ տու­նը պատ­րաս­տուած կար­կան­դա­կի մը ար­ժա­նա­նա­յինք: «Լաւ տա­րի­ներ» մաղ­թան­քով  կը բա­ւա­րա­րուէինք:

Տա­րե­դարձս ըն­կեր­նե­րով կամ դա­սըն­կեր­նե­րով տօ­նելս  չեմ յի­շեր:

Նմա­նա­պէս չեմ յի­շեր դա­սըն­կե­րոջ մը տա­րե­դար­ձին հրա­ւի­րուիլս:

Ճե­մա­րա­նի դա­սըն­կեր­նե­րէս Հրայր Գո­չու­նեան բա­ցա­ռու­թիւն կը կազ­մէր: Ա­մէն տա­րի, ամ­բողջ դա­սա­րա­նով  կը հրա­ւի­րուէինք ի­րենց Մար Մխա­յէլ գտնուող բնա­կա­րա­նը, եւ կը տօ­նէինք «մեծ շու­քով»: Եւ­րո­պա­կան վեր­ջին եր­գե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, նոյ­նիսկ կը պա­րէինք:

Հրայ­րը նա­հանջ տա­րի ծնած է եւ իր ծնող­նե­րը չորս տա­րի չէին սպա­սեր տօ­նե­լու իր տա­րե­դար­ձը:

Տղուս ման­կու­թեան, ա­մէն տա­րի ան­պայ­ման ամ­բողջ լման դա­սա­րա­նը կը հրա­ւի­րուէր մեր տու­նը՝ միաս­նա­բար տօ­նե­լու իր տա­րե­դար­ձը: Նոյ­նը կ՚ը­նէին իր բո­լոր դա­սըն­կեր-դա­սըն­կե­րու­հի­նե­րը: Գրե­թէ ա­մէն շա­բաթ ան­պա­կաս էր տա­րե­դար­ձի մը հրա­ւէ­րը:

Տա­րե­դարձ­նե­րը կը տօ­նուին քա­նի մը հանգ­րուա­նով՝ սկսե­լով նախ դպրո­ցէն, տա­րե­դար­ձին օ­րը դաս­տիա­րակ ու­սուց­չու­հին օ­րուան «թա­գա­ւո­րին» կամ «թա­գու­հիին» տա­րի­քին թի­ւով մո­մե­րով զար­դարուած կար­կան­դա­կով մը կը հիւ­րա­սի­րէ դա­սա­րա­նը, ա­պա բո­լո­րը միա­սին Հա­բի պըրթ­տէյ եր­գե­լով՝ կը պա­տուեն «Օ­րուայ Հե­րո­սը»,  որ եր­բեմն ամչ­նա­լով, եր­բեմն հպար­տա­նա­լով՝ կը մա­րէ վա­ռած մո­մե­րը:

Յա­ջորդ հանգ­րուա­նին՝ տա­րե­դար­ձի թուա­կա­նին ա­մե­նա­մօտ շա­բա­թա­վեր­ջին, ամ­բողջ դա­սա­րա­նը կը հրա­ւի­րուի իր տու­նը, կամ՝ ման­-կա­կան խա­ղե­րու վայր մը, ուր կը հրամ­ցուի ընդ­հան­րա­պէս փից­ցա:

Ե­րե­կո­յեան ան­գամ մը եւս կը տօնուի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րով եւ մօ­տիկ ազ­գա­կան­նե­րով:

Նուէր­նե­րու տու­փե­րը բա­նա­լը հա­ճե­լի ա­րա­րո­ղու­թիւն մըն է փոք­րե­րուն հա­մար: Ա­ճա­պա­րան­քով կը պատ­ռեն փաթ­թուած թուղ­թե­րը, մէկ կողմ կը նե­տեն նուի­րո­ղին կող­մէ բա­րե­մաղ­թու­թեան բա­ցիկ­նե­րը,  եւ կե­րու­խու­մը կը տե­ւէ մին­չեւ ուշ ժա­մեր:

Տա­րի­նե­րը ի­րա­րու կը յա­ջոր­դեն: Կար­կան­դա­կի վրա­յի մո­մե­րու թի­ւե­րը կը բազ­մա­պատ­կուին: Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հրա­ւի­րեալ դա­սըն­կեր­նե­րու թի­ւը կը նուա­զի: Կը հրա­ւի­րուին միայն մտե­րիմ­նե­րը:

21 տա­րե­կա­նը յատ­կան­շա­կան տա­րիք մըն է: Իր­մէ տա­րեց ըն­կեր­նե­րու կամ ազ­գա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին գոր­ծը կ՚ըլ­լայ տա­նիլ Լաս Վե­կաս՝ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով տօ­նե­լու իր տա­րե­դար­ձը, որ­պէս ե­րի­տա­սարդ, ուր քա­զի­նո­նե­րուն մէջ այ­լեւս ի­րա­ւունք ու­նի խա­ղա­լու, նաեւ կրնայ ո­գե­լից ըմ­պե­լի­ներ համ­տե­սել:

Կ’ու­րա­խա­նանք, երբ մեր զա­ւա­կը ար­դէն ե­րի­տա­սարդ­նե­րու շար­քին ան­ցած է, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը կը բազ­մա­պատ­կուին: Ման­կու­թեան եւ կա­նուխ պա­տա­նե­կու­թեան ա­նոնք, միշտ կ’ըն­կե­րակ­ցին ծնող­քին: Սա­կայն այժմ՝ 21 տա­րե­կան եւ ա­ւե­լի,  «ան­կա­խու­թեան դրօ­շը» պար­զած՝ չեն ու­զեր ծնող­քին հետ ան­ցը­նել ի­րենց ա­զատ ժա­մե­րը: Ըն­կեր­նե­րով շատ ա­ւե­լի հա­ճե­լի է, ո­րուն հա­մա­ձայն եմ, սա­կայն որ­պէս ծնող, մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը՝ ար­դա­րա­ցի: Կ’ու­զենք տե­ղեակ մնալ, թէ ո­րո՞նք են ի­րենց ըն­կեր­նե­րը: Գէշ ըն­կեր մը կրնայ շատ դիւ­րու­թեամբ «ճամ­բէ շե­ղել» ա­մե­նա­խե­լօք ան­ձը:

Կ’ու­րա­խա­նանք, որ մեծ­ցած են, սա­կայն ե­րա­նի կու տանք ման­կու­թեան տա­րի­նե­րուն:

* * *

Ա­ւե­լի տա­րեց­նե­րուն քով, բա­ցի ա­մուս­նու­թեան «ար­ծաթ» եւ «ոս­կի» տա­րե­դարձ­նե­րէն, մեծ շու­քով կը տօ­նուին նաեւ ծննդեան իւ­րա­յա­տուկ թուա­կան­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կա­րե­լի է յի­շել 50-րդ, 60-րդ, 70-րդ տա­րե­դարձ­նե­րը, իսկ ա­ւե­լի եր­կար ապ­րող բախ­տա­ւոր­նե­րուն 80-րդ կամ 90-րդ տա­րե­դարձ­նե­րը շատ ա­ւե­լի մեծ շու­քով կը տօ­նուին:

Հա­զուա­դէպ են 100-ա­մեակ տօ­նող­նե­րը:

Կը տօ­նենք յայտ­նի դէմ­քե­րու եւ պատ­մա­կան դէպ­քե­րու ա­մեակ­ներ, ո­րոնք պատ­մա­կան տա­րե­դարձ­ներ են:

Ինչ­պէ՞ս չյի­շել Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մը:

Կա­րե­լի՞ բան է չյի­շել ու չտօ­նել Հա­յաս­տա­նի զոյգ ան­կա­խաց­ման տա­րե­դարձ­նե­րը:

Կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը՝ կա­րե­լի՞ բան է չյի­շա­տա­կել  Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ցա­ւա­լի թուա­կա­նը՝ 24 ապ­րիլ 1915-ը:

Շատ յա­ճախ մտա­ծած եմ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ա­զա­տած եւ ըն­տա­նիք կազ­մած մեր ծնող­նե­րու մա­սին, ո­րոնք ոչ միայն չեն յի­շեր ի­րենց ծննդեան թուա­կա­նը, նոյ­նիսկ  տե­ղեակ չեն, թէ ո՛ր տա­րին ծնած են:

Որ­բա­նո­ցին մէջ, ի­րենց հա­սա­կէն դա­տե­լով, մօ­տա­ւոր տա­րիք մը հե­տեւ­ցու­ցած ու ար­ձա­նագ­րած են: Քա­նի մը տա­րի ա­ւե­լի կամ պա­կաս՝ ի՞նչ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի: Կա­րե­ւո­րը ա­զա­տած են թուր­քի ճի­րան­նե­րէն ու ողջ ա­ռողջ հա­սած՝ այդ որ­բա­նո­ցը, հոգ չէ թէ տա­րագ­րու­թեան ժա­մա­նակ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րէն քա­նի՛ հո­գի միայն ողջ մնա­ցած է:

Մեր ժա­մա­նակ­նե­րուն կա­րե­ւոր չէր՝ ո՞ր ա­մի­սը կամ ո՞ր օ­րը ծնած ենք: Կա­րե­ւո­րը տա­րին էր:

Երբ տա­րին բո­լո­րուէր, ինք­նա­բե­րա­բար մենք ալ  տա­րի մը կը մեծ­նա­յինք:  Դեկ­տեմ­բեր 31-ին ծնած­ներն ան­գամ, յա­ջորդ օ­րը, յու­նուա­րի 1-ին, ար­դէն մէկ տա­րի մեծ­ցած կը հա­մա­րուէին: Նոյ­նը չէ պա­րա­գան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն մէջ: Տա­րի մը կը մեծ­նաս ճիշդ տա­րե­դար­ձիդ օ­րը, եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն քով գրե­թէ բո­լո­րը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տան ի­րենց ծննդեան թուա­կա­նի օ­րուան:

Շրջան մը աշ­խա­տած եմ ըն­կե­րու­թեան մը մէջ, ուր պաշ­տօ­նեան իր տա­րե­դար­ձի օ­րը ի­րա­ւունք ու­նէր վճա­րո­վի ար­ձա­կուր­դի:

Ա­մէն ըն­կե­րու­թիւն նոյն­քան բա­րեա­ցա­կամ չի գտնուիր իր պաշ­տօ­նեա­նե­րուն  նկատ­մամբ, սա­կայն ան­պայ­ման այդ օ­րը կը յի­շուի իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն կող­մէ: Ան­ձի մը տա­րե­դար­ձին օ­րը իր ան­մի­ջա­կան բաժ­նի պաշ­տօ­նեա­նե­րը միա­սին կը ճա­շեն: Տա­րե­դար­ձի կար­կան­դա­կով եւ փոք­րիկ նուէ­րով մը կը վար­ձատ­րուի օ­րուան «հե­րոս»-ը, նաեւ կը ստա­նայ բո­լո­րին կող­մէ ստո­րագ­րուած տա­րե­դար­ձը շնոր­հա­ւո­րող բա­րե­մաղ­թանք­նե­րով ու ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րով լե­ցուն բա­ցիկ մը:

Ար­հես­տա­գի­տու­թեան այս զար­գա­ցած տա­րի­նե­րուն, բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք Դի­մա­տետ­րի մէջ ար­ձա­նագ­րուած են, կը յի­շե­ցուին ի­րենց «ըն­կեր»-նե­րուն: «Այ­սօր այ­սին­չին տա­րե­դարձն է», եւ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն Դի­մա­տետ­րի իր է­ջը բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րով կ՛ո­ղո­ղուի: Յա­ջորդ օ­րը, (եր­բեմն միայն քա­նի մը ժամ ետք) շա­տեր նկար­նե­րով բո­լո­րին բաժ­նե­կից կը դարձ­նեն ի­րենց տա­րե­դար­ձի «տօ­նախմ­բու­թիւ­նը»:

* * *

Լաւ սո­վո­րու­թիւն է յի­շել ծննդեան կամ ա­մուս­նու­թեան տա­րե­դարձ­նե­րը: Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ տխուր է յի­շել մեզ­մէ յա­ւերժ բաժ­նուած սի­րե­լիի մը ծննդեան թուա­կա­նը:

Կը յի­շենք ի­րենց մա­հուան քա­ռա­սուն­քը՝ ե­կե­ղե­ցի եր­թա­լով ու հո­գե­հան­գիստ կա­տա­րե­լով: Նմա­նա­պէս կը յի­շենք ի­րենց մա­հուան ա­ռա­ջին տա­րե­լի­ցը, սա­կայն շատ յա­ճախ, շա­տե­րու քով կ’ան­տե­սուին յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րը:

Կը մոռ­նան, թէ պայ­ման է ա­մէն տա­րի յի­շել հան­գու­ցեալ­նե­րուն մա­հուան տա­րե­լից­նե­րը գէթ հո­գե­հան­գիս­տով մը:

Հան­գու­ցեալ­նե­րը ա­մէն բա­նէ ա­ւե­լի ար­ժա­նի են յի­շուե­լու, ե­թէ ոչ ի­րենց ծննդեան թուա­կա­նին, սա­կայն ՊԱՅ­ՄԱՆ է, որ յի­շուին  ի­րենց մա­հուան տա­րե­լից­նե­րուն:

Տա­րե­դարձ եւ տա­րե­լից:

Տա­րե­դարձ՝ բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք ի­րենց սի­րե­լի­նե­րուն հետ միաս­նա­բար տա­կա­ւին կը վա­յե­լեն կեան­քի բա­րիք­նե­րը:

Տա­րե­լից՝ մեզ­մէ յա­ւերժ բաժ­նուած­նե­րու ան­թա­ռամ յի­շա­տա­կին:

Ա­ռա­ջի­նը՝ կեր ու խու­մով, իսկ երկ­րոր­դը՝ հո­գե­հան­գիս­տով:

Կը հա­ւա­տանք, որ հո­գե­հան­գիս­տով՝  ննջե­ցեալ­նե­րու հո­գին խա­ղա­ղու­թեան կ’ար­ժա­նա­նայ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ  կը հանգս­տաց­նէ նաեւ մեր խիղ­ճը:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2016