ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳՈՒՇԱԿԵԱՆ. ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՆԿԱՐԱԳՐԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿԸ
Հոգեւորականութիւնը իր եզակի տեղն ու արժէքը նուաճած է նաեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Աւելի՛ն. ամենէն վճռորոշ ազդեցութիւնը ունեցած է մեր ժողովուրդի քաղաքակրթական զարգացման մայր հոսանքին վրայ, որովհետեւ Հայաստանի ու հայութեան բաժին հանուած բազմադարեան պետականազուրկ կեանքի բերմամբ՝ ոչ միայն հոգեմտաւոր, այլեւ՝ ազգային-քաղաքական առաջնորդութեան կոչուած է հայ հոգեւորականութիւնը։
Հայոց պատմութեան երկնակամարը իրենց ճառագայթներով լուսաւորող հոգեւորական աստղերու ամբողջ փաղանգի մը ժառանգորդներն ենք՝ սկսելով Հայոց Հաւատքը հիմնադրած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն եւ հայ լեզուն ու մշակոյթը արմատաւորած Ս. Մեսրոպ Մաշտոցէն ու Ս. Սահակ Պարթեւէն։
Ս. Ղեւոնդ Երէցէն մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ՝ հայ հոգեւորականութեան կը պարտինք սանձազերծումը ազգային մեր մարտունակութեան վարար աղբիւրներուն։
Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն մինչեւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան՝ դարձեալ հայ հոգեւորականութեան կը պարտինք նուաճումը հայու հոգեմտաւոր վեհութեան բարձրակէտին։ Հայոց պատմութենէն նոյնպէս կը սորվինք, որ հայ հոգեւորականութեան ճառագայթող աստղերուն մեծութիւնն ու վեհութիւնը խորաչափելու համար պէտք չէ նայիլ տգիտութեան եւ խաւարամտութեան բազում օրինակներ պարզած հայ հոգեւորականներու անարժան ամբոխին։
Ընդհակառակն՝ արժեչափի պէտք է վերածել օրինակը առաքելատիպ մեր կղերականներուն, որոնք ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ որ գործեցին, արժանաւորապէս տէր կանգնեցան իրենց կոչումին՝ սեփական ժողովուրդի հոգեմտաւոր առաջնորդն ու ստեղծագործ վարակիչ շունչը դառնալու իրենց առաքելութեան։
Այս առումով հայ հոգեւորականի խոնարհ հերոս մըն է Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան, որուն մահուան 77-րդ տարելիցը կը լրանայ Փետրուար 10-ին։
Պարտիզակ ծնած 27 Սեպտեմբեր 1874-ին, աւազանի անունով՝ Պիլիճեան Մկրտիչ, Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան Արմաշի Դպրեվանքի շունչով թրծուած հայհոգեւորականներէն է։ Երիտասարդ տարիքին հոգեւոր պատասխանատուութեանց կոչուեցաւ նոյնինքն Արմաշի եւ, ապա, Պոլսոյ մէջ։
Յատկապէս Եգիպտոսի Հայոց Թեմի առաջնորդութեան իր շրջանին, քսաներորդ դարու երկրորդ եւ երրորդ տասնամեակներուն, Թորգոմ Արքեպիսկոպոս հոգեմտաւոր շարժում առաջացուց իր շուրջ՝ ոչ միայն գրական, բանասիրական եւ թարգմանական իր բեղուն գործունէութեամբ, այլեւ՝ իբրեւ թեմակալ առաջնորդի նորահաս սերունդները դէպի բարձրագոյն ուսում, ստեղծագործ աշխատանք եւ հոգեւորական կոչում մղելով։
Իր ներշնչումով եւ նախաձեռնութեամբ էր, որ 1920-1921 թուականներուն Եգիպտոսի հայ գաղութը աշխոյժ օժանդակութիւն բերաւ նորանկախ Հայաստանի կարիքներուն հասնելու ազգանուէր աշխատանքին։
Բայց յատկապէս 1931-էն ետք Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի հոգեմտաւոր ծառայութիւնը նուաճեց իր հասունացման փուլը, երբ ան ընտրուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ շարունակելու համար հայ հոգեւորականութեան արժանաւոր մէկ այլ ներկայացուցիչին ու խոնարհ հերոսին՝ բանաստեղծ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի գործը։
Թորգոմ Սրբազան ոչ միայն Ժառանգաւորացի ուսուցչական կազմը արժանաւոր եւ հեղինակաւոր դասախօսներով հարստացուց, այլեւ՝ կարեւոր դեր ունեցաւ Միջին Արեւելքի տարբեր հայ օճախներէն նոր սաներ Ժառանգաւորաց բերելու եւ անոնց ուսում ու հայեցի շունչ ջամբելու գործին մէջ։
Իր պատրիարքութեան շրջանին էր, նաեւ, որ պաշտօնաթերթ «Սիոն»ը հայագիտական եւ բանասիրական գիտական հանդէսի իր փայլուն ու ծաղկուն ժամանակները ապրեցաւ։
Թորգոմ Պատրիարքի կարապի երգը եղաւ իր մղած հաւատքի պայքարը ի սպաս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասան պահպանումին։ Նախ՝ Թորգոմ Արք. Գուշակեան (1874-1939) հայաշխարհով մէկ բացայայտեց պոլշեւիկներու ձեռամբ Ամենայն Հայոց Խորէն Մուրադբէկեան Կաթողիկոսի խեղդամահ սպանութեան քստմնելի ոճիրը։ Ապա՝ ամէնուր սէր ու յարգանք վայելող Թորգոմ Սրբազանը համընդհանուր շարժում ծաւալեց ի պաշտպանութիւն Ս. Էջմիածնի՝ յանուն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին պահպանման ու հայադրոշմ առաքելութեան լիարժէք վերականգնումին։
Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեանէն ժառանգ կը մնայ գրականագիտական եւ բանասիրական հարուստ ժառանգութիւն մը, որուն կարեւորագոյն նուաճումը իրաւամբ կը նկատուի Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աշխարհաբարի թարգմանութիւնը։
Երուսաղէմի Հայոց արժանաւոր Պատրիարքը սրտի կաթուածով յանկարծամահ եղաւ 1939 թուականի Փետրուարի 10-ին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ