ՓՈԽԵԼ… ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի բռնկու­մէն ետք, Հա­յաս­տա­նի մէջ ստեղ­ծուած  «ՀԱ­ԼԷ­Պ»  հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը (ՀԲՀԿ) մար­դա­սի­րա­կան, ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան շա­հոյթ հե­տապն­դող կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, որ հիմ­նադ­րուած եւ պաշ­տօ­նա­պէս գրան­ցուած է Ե­րե­ւա­նի մէջ, 2013 թուա­կա­նին: Ա­ւե­լի ուշ՝ 2014 թուա­կա­նին «Հա­լէ­պ­»ը որ­պէս հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն, գրան­ցուած է նաեւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ։

Կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նադր­ման հիմ­նա­կան նպա­տա­կը ե­ղած է շտապ օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րել՝ նիւ­թա­պէս եւ հո­գե­պէս ա­մե­նա­խո­ցե­լի վի­ճա­կի մատ­նուած սու­րիա­ցի ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ ան­հատ­նե­րուն՝ ա­պա­հո­վե­լով ա­նոնց անհ­րա­ժեշտ կա­րիք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ տե­ւա­կան ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լով, ա­նոնց խնդիր­նե­րուն հիմ­նա­կան լու­ծում­ներ գտնել եւ դիւ­րաց­նել Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­նոնց բնա­կե­ցումն ու յար­մա­րե­ցու­մը՝ նոր մի­ջա­վայ­րին:

Կազ­մա­կեր­պու­թեան տես­լա­կա­նը ե­ղած է Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­պաս­տան գտած սու­րիա­հա­յե­րու բա­րօ­րու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քի պայ­ման­նե­րու ա­պա­հո­վու­մը, ինչ­պէս նաեւ օ­տար ա­փեր ար­տա­գաղ­թի ե­րե­ւոյ­թի կա­սե­ցու­մը, որ­պէս­զի սու­րիա­կան քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ետք կա­րե­լի ըլ­լայ սու­րիա­հա­յու­թեան Սու­րիա վե­րա­դար­ձը եւ տէր կանգ­նի­լը ի­րենց սե­փա­կան ու­նե­ցուած­քին, ինչ­պէս նաեւ մաս­նա­կից դառ­նա­լը Սու­րիոյ եւ մայր գա­ղութ Հա­լէ­պի՝ վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Այդ մա­սին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին յայտ­նեց «ՀԱ­ԼԷ­Պ» կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիր-նա­խա­գահ Ա­նի Պա­լը­խեան, ըն­դու­նե­լով մեզ կազ­մա­կեր­պու­թեան ե­րե­ւա­նեան գրա­սե­նեա­կէն ներս եւ պատ­մե­լով «ՀԱ­ԼԷ­Պ» ՀԲՀԿ­-ի ի­րա­կա­նա­ցու­ցած եւ ըն­թաց­քի մէջ ե­ղող ծրագ­րե­րու եւ աշ­խա­տանք­նե­րու մա­սին: Ա­նի Պալ­ը­խեան զրոյ­ցին մէջ շեշ­տեց այն գա­ղա­փա­րը, թէ կա­րի­քի մեջ գտնուող իւ­րա­քան­չիւր սու­րիա­ցի ար­ժա­նի է ա­ջակ­ցու­թեան, յար­գան­քի եւ ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քի, հե­տե­ւա­բար ըստ այդմ, կազ­մա­կեր­պու­թեան մար­դա­սի­րա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը հիմ­նուած է ան­կողմ­նա­կա­լու­թեան սկզբուն­քի վրայ, ան­կախ քա­ղա­քա­կան թե­քում­նե­րէ, ազ­գա­յին ու կրօ­նա­կան պատ­կա­նե­լիու­թիւն­նե­րէ եւ այլն:

«ՀԱ­ԼԷՊ» ՀԲՀԿ­-ը իր աշ­խա­տե­լաո­ճին մէջ կը փոր­ձէ գտնել իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու եւ ի­րա­կա­նաց­նե­լու նոր ու զանազան ու­ղի­ներ:

Ըլ­լա­լով հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն, «ՀԱ­ԼԷ­Պ» ՀԲՀԿ­-ը կա­մա­ւոր հի­մունք­նե­րով կ՚ա­ջակ­ցի սու­րիա­ցի­նե­րուն ու կը ներգ­րա­ւէ նոր կա­մա­ւոր­նե­ր, ո­րոնք ցան­կու­թիւն ու­նին ա­ջակ­ցիլ կա­րի­քի մէջ յայտ­նուած սու­րիա­ցի­նե­րուն:

Հա­յաս­տա­նի մէջ բնա­կող սու­րիա­հա­յե­րու թի­ւը զա­նա­զան աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն, կը տա­տա­նի 15-17 հա­զա­րի սահ­ման­նե­րուն մի­ջեւ։ «ՀԱ­ԼԷ­Պ» կազ­մա­կեր­պու­թեան մըշ-տա­կան հո­գա­ծու­թեան տակ կան հինգ հա­զար սու­րիա­հա­յեր, իսկ կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ ար­ձա­նագ­րուած է հա­զար հինգ հա­րիւր սու­րիա­հայ ըն­տա­նիք:

Կազ­մա­կեր­պու­թեան ծրագ­րե­րու շար­քին են հետեւեալները.

1- «Ա­րե­ւիկ-Հա­յաս­տա­ն» կեդ­րո­նի աշ­խա­տան­քի կազ­մա­կեր­պու­մը, որ ուղ­ղուած է ֆի­զի­քա­կան ու մտա­ւոր խնդիր­ներ ու­նե­ցող սու­րիա­հայ ան­ձանց ֆի­զի­քա­կան եւ հո­գե­բա­նա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն եւ կրթու­թիւն տրա­մադ­րե­լու։

2- «Հիւ­րըն­կա­լէ ըն­տա­նիք մը»

3- «Փրկէ կեանք մը»

4- «Որ­դեգ­րէ ըն­տա­նիք մը» ծրագ­րե­րը:

Տի­կին Ա­նի Պալ­ը­խեա­նի հետ մեր զրոյ­ցի օ­րը հա­մըն­կած էր այն օ­րուան, երբ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը իր կեդ­րո­նա­տե­ղիէն ներս «Փրկէ կեանք մը» ծրագ­րի շա­հա­ռու­նե­րուն նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց կու տար, ա­նոնք Սու­րիա­յէն Ե­րե­ւան տե­ղա­-փո­խուած ութ­սուն­հինգ ան­հատ­ներ էին:

-Տի­կին Պալ­ը­խեան, պատ­մե­ցէք «ՀԱ­ԼԷ­Պ» կազ­մա­կեր­պու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­ցած «Փրկէ կեանք մը» նա­խա­ձեռ­նու­թեան մա­սին:

-2015 թուա­կա­նի Ապ­րի­լի 11-ին, հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րու պատ­ճա­ռով Հա­լէ­պի հա­յա­շատ թա­ղե­րէն քա­նի մը շէնք փլու­զուե­ցաւ, եւ շատ սու­րիա­հա­յեր յայտ­նուե­ցան դժուար կա­ցու­թեան մէջ: Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դէն գտնուող սու­րիա­հա­յեր, դի­մե­լով «ՀԱ­ԼԷՊ» կազ­մա­կե­րպու­թեան, խնդրե­ցին, որ Հա­լէպ գտնուող, նիւ­թա­կան ու ա­պա­հո­վա­կան ծանր կա­ցու­թեան մէջ յայտ­նուած ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն, ձե­ւով մը օգ­նու­թեան ձեռք մեկ­նենք՝ մէկ ուղ­ղու­թեամբ թռիչ­քի տոմս ա­պա­հո­վե­լով ա­նոնց, որ­պէս­զի Հա­լէ­պէն տե­ղա­փո­խուին Հա­յաս­տան, որ­պէս ա­ւե­լի ա­պա­հով եր­կիր: Այդ առ­թիւ մենք 2015 թուա­կա­նի Մա­յի­սի 6-ին յայ­տա­րա­րու­թիւն մը պատ­րաս­տե­ցինք, որ կոչ մըն էր՝ ուղ­ղուած հա­մայն սփիւռ­քա­հա­յու­թեա­ն, որ­պէս­զի օգ­նու­թեան ձեռք մեկ­նեն Հա­լէ­պի մէջ գտնուող տագ­նա­պա­հար ժո­ղո­վուր­դին: Խնդրե­ցինք ա­կան­ջա­լուր ըլ­լալ, եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել ծանր դրու­թեան մէջ յայտ­նուած եւ օգ­նու­թեան խնդրան­քով դի­մած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն: Ան­շուշտ, այս օգ­նու­թիւ­նը չէր են­թադ­րեր հա­մայն­քի պար­պում, քա­նի որ զան­գուա­ծա­յին տե­ղա­փո­խու­մի մա­սին չէր խօս­քը, այլ հար­ցը կը վե­րա­բե­րէր այն հա­լէ­պա­հա­յե­րուն, ո­րոնք նիւ­թա­կան պատ­ճառ­նե­րով չէին կրնար տե­ղա­փո­խուիլ Հա­յաս­տան:

Եւ յա­ջոր­դա­բար նուի­րա­տուու­թիւն­ներ ե­ղան ան­հատ բա­րե­րար­նե­րու կող­մէ, մեծ մա­սամբ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, ուր շարք մը ան­հատ բա­րե­րար­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցին դրա­մա­հա­ւաք՝ ի­րենց ան­մի­ջա­կան շրջա­նա­կէն ներս։ Ինչ­պէս նաեւ «ՀԱ­ԼԷ­Պ» կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կազ­մա­կեր­պե­ցին եւ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին մի­ջո­ցա­ռում­ներ՝ յօ­գուտ այս ծրագ­րի կեան­քի կոչ­ման։

Իւ­րա­քան­չիւր անձ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ կը դի­մէր իր հա­րա­զա­տին օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու խնդրան­քով, կը ստո­րագ­րէր դի­մում­նա­գիր-նա­մակ, ո­րու մէջ դի­մող ան­ձին ու իր հա­րա­զատ­նե­րուն տուեալ­նե­րն ու ազ­գակ­ցա­կան կա­պը կը նշուէր: Մենք, ան­շուշտ, ստու­գե­լով բո­լոր տուեալ­նե­րը՝ ընտ­րու­թիւն սկսանք կա­տա­րել ու այդ հի­ման վրայ տրա­մադ­րել մէկ ուղ­ղու­թեամբ տոմս Լի­բա­նա­նէն Հա­յաս­տան։

Այս ա­ռըն­չու­թեամբ եօթ հա­րիւր յի­սու-նըեօթ ան­հատ­ներ ար­ձա­նագ­րուած էին մեր մօտ, ո­րոնց­մէ եր­կու հա­րիւր ան­հա­տի մէկ ուղ­ղու­թեամբ տոմ­սի գու­մար կրցանք ա­պա­հո­վել, ու ար­դէն հա­րիւր յի­սուն­հին­գը տե­ղա­փո­խուած են Հա­յաս­տան։

Հա­յաս­տան հա­սած վեր­ջին ութ­սուն ան­ձե­րու նուի­րա­տու­նե­րը, ո­րոնք Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն էին, փա­փաք յայտ­նե­ցին, որ իւ­րա­քան­չիւր ան­ձի, զոր ի­րենք հո­վա­նա­ւո­րած էին, 100 ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի հա­մար­ժէք դրամ տրուի իբ­րեւ ա­ռա­ջին օգ­նու­թիւն, եւ մենք այ­սօր փո­խան­ցե­ցինք այդ գու­մար­նե­րը:

Ինչ­պէս որ յի­շե­ցինք, ու­նինք նաեւ «Որ­դեգ­րէ ըն­տա­նիք մը» ծրա­գի­րը։ Վեր­ջին բա­րե­րար­նե­րը, ո­րոնք օ­ժան­դա­կե­ցին «Փրկէ կեանք մը» ծրագ­րով Հա­յաս­տան տե­ղա-­փո­խուած ըն­տա­նիք­նե­րուն, ըն­դա­ռա­ջե­լով մեր ա­ռա­ջար­կած «Որ­դեգ­րէ ըն­տա­նիք մը» ծրագ­րին, կը փա­փա­քին ո­րոշ գու­մար մը տրա­մադ­րել իւ­րա­քան­չիւր ըն­տա­նի­քի, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­րե­նան ի­րենց կե­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վել հոս՝ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ:

Բա­րե­րար­նե­րու ամ­բողջ մտա­հո­գու­թիւ­նը այն է, որ սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը, հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը հայ­րե­նիք գա­լէ վերջ, դուրս չգաղ­թէ ու մնայ Հայաստանի մէջ: Բա­րե­րար­նե­րը նոյ­նիսկ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած են գանձատրել մեր կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած գոր­ծի նա­խագ­ծեր, որ­պէս­զի լու­ծուի նոր ե­կող ըն­տա­նիք­նե­րը աշ­խա­տան­քով ա­պա­հո­վե­լու հար­ցը։

-Այ­սօր տա­կա­ւին կա՞ն ձեր կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջո­ցաւ Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուող­ներ:

-Վեր­ջին մէ­կու­կէս-եր­կու ա­մի­սը, երբ Գա­նա­տան իր դռնե­րը բա­ցաւ սու­րիա­ցի­նե­րուն առ­ջեւ, հոս գա­լու հա­մար ար­ձա­նագ­րուած ան­ձե­րէն մաս մը հրա­ժա­րե­ցան՝ նա­խընտ­րե­լով գաղ­թել Գա­նա­տա։ Բայց ա­նոնց շար­քին կան նոր դի­մում­նե­րով ներ­կա­յա­ցող ան­ձեր, ո­րոնց հա­մար մինչ օրս «Փրկէ կեանք մը» ծրագ­րի շրջա­նակ­ներէն ներս կ­­՚ա­պա­հո­վենք մէկ ուղ­ղու­թեամբ տոմ­սեր, քա­նի որ գանձատրող կող­մը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է շա­րու­նա­կել իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուիլ փա­փա­քող­նե­րուն հա­մար:

-Այ­սօր ո­րո՞նք են Հա­յաս­տա­նի մէջ բնա­կող սու­րիա­հա­յու ա­ռաջ­նա­հերթ խնդիր­նե­րը:

-Ա­ռաջ­նա­հեր­թը բնա­կա­րան­նե­րու խըն-դիրն է: Մեր ծրագ­րե­րէն մէ­կը՝ «Հիւ­րըն­կա­լէ ըն­տա­նիք մը» ծրա­գիրն է, ո­րու հիմ­նա­կան նպա­տակն է կա­սեց­նել Հա­յաս­տա­նէն սու­րիա­հա­յե­րու ար­տա­գաղ­թե­լու հրա­տապ ե­րե­ւոյ­թը՝ շեշ­տը դնե­լով սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը մայր գա­ղու­թին՝ Հա­լէ­պին մօտ պա­հե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ։

Այս մէ­կը նա­խա­տե­սուած է ի­րա­կա­նաց­նել բա­րե­րար­նե­րու նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ, ո­րոնք, ծրագ­րին մէջ ներդ­նե­լով 15.000-20.000 ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի ար­ժէ­քով գու­մար, հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ­­՚ու­նե­նան գնել բնա­կա­րան­ներ ու գրան­ցել ի­րենց (բա­րե­րար­նե­րու) ա­նուն­նե­րով։

Ծրագ­րի շրջա­նա­կէն ներս, բնա­կա­րան­նե­րը կը տրա­մադ­րուին հինգ-եօթ տա­րի ժամ­կէ­տով կա­րի­քա­ւոր սու­րիա­ցի ըն­տա­նիք­նե­րուն (ա­ռանց վար­ձավ­ճա­րի), նա­խա­պէս սահ­մա­նուած պայ­ման­նե­րով։

Հա­մա­ձայն «ՀԱ­ԼԷ­Պ» կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ Միա­ցեալ ազ­գե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՄԱԿ) փախս­տա­կան­նե­րու հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տա­րի գրա­սե­նեա­կին (UNHCR) մի­ջեւ սոյն ծրագ­րի շրջա­նա­կէն ներս կնքուած փաս­տա­թուղ­թին, վեր­ջինս կա­հոյք կը տրա­մադ­րէ ձեռք բե­րուած նոր բնա­կա­րան­նե­րուն հա­մար։

Հա­մո­զուած ենք, որ տուն ա­պա­հո­վե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը սու­րիա­հա­յու ա­մե­նա­կա­րե­ւոր հար­ցի լու­ծումն է: Երբ սու­րիա­հայ ըն­տա­նիք մը ա­ռանց վար­ձավ­ճա­րի տուն կ­­՚ու­նե­նայ, ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը աշ­խա­տե­լով կրնան հո­գալ ի­րենց կեն­ցա­ղա­յին կա­րիք­նե­րու ծախ­սե­րը:

-Սու­րիա­հայ հա­մայն­քի ա­պա­գա­յին հետ կա­պուած ի՞նչ մտա­հո­գու­թիւն­ներ ու­նիք:

-Փաստ է, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի թե­լադ­րած պայ­ման­նե­րը հար­կադ­րե­ցին, որ սու­րիա­հայ հա­մայն­քի իշ­խող մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ստի­պուի դուրս գալ Սու­րիա­յէն, իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նե­նա­լով վե­րա­դար­ձի հե­ռան­կա­րի իր տար­բե­րա­կը:

Ցան­կա­լի պի­տի ըլ­լար սա­կայն, որ սու­րիա­հայ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րը, պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն ու­նե­նա­լով հա­մազ­գա­յին վստա­հե­լի ծրագ­րի մը հո­վա­նին, հե­տե­ւէին ա­նոր: Միւս կող­մէ, ինչ­պէս կը գի­տակ­ցինք, եւ ինչ­պէս պար­զուե­ցաւ տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ չորս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րուած քննար­կում­նե­րէն՝ ա­մե­նա­բաղ­ձա­լի եւ ազ­գա­յին, հա­յան­պաստ տար­բե­րա­կը սու­րիա­հայ հա­մայն­քի հայ­րե­նիք՝ Հա­յաս­տան հաս­տա­տե­լու տար­բե­րակն էր: Նման ծրագ­րի՝ Հայ­րե­նի­քի մէջ սու­րիա­հայ հա­մայն­քի կա­յաց­ման եւ պահ­պան­ման հար­ցի ի­րա­կա­նաց­ման մէջ, Հայ­աս­տա­նի կող­քին, մեծ պի­տի ըլ­լար սփիւռ­քեան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն եւ ան­հատ բա­րե­րար­նե­րուն դե­րը։

Կա­րե­լի չէ ու­րա­նալ եւ մե­ծա­պէս գնա­հա­տե­լի է այն ամ­բողջ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը, որ Սփիւռ­քը (կա­ռոյց թէ ան­հատ) կա­տա­րեց Սու­րիա գտնուող հա­յազ­գի զա­ւակ­նե­րուն: Սա­կայն սու­րիա­հայ հա­մայն­քը, հայ­րե­նի հո­ղին վրայ ոտ­քի կանգ­նեց­նե­լու հա­մազ­գա­յին ծրագ­րի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ մենք այ­սօր ա­կա­նա­տես ըլ­լանք սու­րիա­հա­յու­թեան ցա­նու­ցիր վի­ճա­կին:

Յու­սա­լի է սու­րիա­հա­յու­թեան մէկ տո­կո­սի Հա­յաս­տան հաս­տա­տուած ըլ­լա­լու փաս­տը, սա­կայն վեր­ջերս գա­նա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն ետք ա­կա­նա­տես կ­­՚ըլ­լանք դէ­պի Գա­նա­տա ձգտող սու­րիա­հա­յե­րու մեծ հոս­քին, ըլ­լա՛յ Հա­յաս­տա­նէն, ըլ­լայ Սու­րիա­յէն: Եւ ինչ­պէս գի­տենք, ան­կախ՝ սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խե­լու կամ Սու­րիոյ մէջ գա­ղու­թի գո­յու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու եր­կու կար­ծիք­նե­րու ճշմար­տա­ցիու­թե­նէն, այ­նուա­մե­նայ­նիւ դէ­պի Գա­նա­տա գաղ­թը չի նպաս­տեր ո՛չ մէ­կուն եւ ոչ ալ միւ­սին:

Ես հա­մո­զուած եմ, որ Սփիւռ­քը այն ուժն էր, որ կրնար այս դժուա­րին պա­հուն լիար­ժէք նե­ցուկ կանգ­նե­լով Սու­րիա­յէն Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուած սու­րիա­հա­յու­թեան, զա­նոնք պա­հել Հա­յաս­տա­նի մէջ:

-Յա­ճախ կրկնուած գա­ղա­փար է, որ սու­րիա­հայ հա­մայն­քի նօս­րա­ցու­մով պայ­մա­նա­ւո­րուած է նաեւ ա­րեւմ­տա­հայ մշա­կոյ­թի ա­մե­նա­կա­րե­ւոր բնօր­րան­նե­րէն մէ­կու վտան­գուած ըլ­լա­լը: Ի՞նչ կար­ծի­ք ու­նիք այդ մա­սին:

-Ի­րա­ւա­ցի է հնչող մտա­հո­գու­թիւ­նը, որ եր­բեք ան­տե­սուած չէ ե­ղած մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ: Մեր հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, ի սկզբա­նէ, բա­ցի սու­րիա­հա­յե­րու անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լէ, ե­ղած է նաեւ սու­րիա­հայ հա­մայն­քի՝ որ­պէս ա­րեւմ­տա­հայ մշա­կոյ­թը կրող հա­մայն­քի պահ­պա­նում, հայ­րե­նի հո­ղի վրայ: Այդ ուղ­ղու­թեամբ մենք վեր­ջերս, հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար «Ծի­լ» ա­րուես­տա­նո­ցի հետ, սկսած ենք ա­րեւմ­տա­հայ բա­նա­ւոր եւ գրա­ւոր լե­զուի կեն­սու­նա­կու­թեան ա­պա­հով­ման եւ զար­գաց­ման նուի­րուած ծրա­գիր մը:

Սա­կայն տե­ղին է յի­շել, որ շա­բա­թօ­րեայ դպրոց­նե­րը, հա­կա­ռակ իրենց ու­նե­ցած նպաս­տին, ա­րեւմ­տա­հայ մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման հա­մար մշտա­կան լու­ծում չեն կրնար հան­դի­սա­նալ: Ճիշդ կը գտնենք, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ այս հար­ցի լուծ­ման հա­մար, գոր­ծէ ա­մե­նօ­րեայ դպրոց մը, ուր դա­սա­ւան­դու­մը ըլ­լայ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լե­զուով, եւ հոն յա­ճա­խեն սու­րիա­հայ, ինչ­պէս նաեւ տե­ղաբ­նակ ե­րա­խա­ներ, ի­րենց փա­փա­քին հա­մա­ձայն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Փետրուար 16, 2016