Կեղծ Ներ­գաղ­թեալ­ներ…

Հետզ­հե­տէ ա­ռա­ւել սուր բնոյթ ստա­ցող ներ­գաղ­թեալ­նե­րու հրա­տապ թղթած­րա­րը ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին եւ աշ­խար­հագ­րա­կան ըն­դար­ձակ­ման հետ կը դրսե­ւո­րէ բո­լո­րո­վին նոր ե­րե­սակ­ներ, ո­րոնք ա­նակն­կա­լի կը մատ­նեն «գի­տուն» Ա­րեւ­մուտ­քը: Աշ­խար­հի ներ­կա­յի բազ­մա­թիւ խնդիր­ներն ու հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը լու­ծե­լու ա­նա­տակ, այս­պէս կո­չուած, մեծ պե­տու­թիւն­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն եւ կա­ռոյց­նե­րուն հա­մար ներ­գաղ­թեալ­նե­րու տագ­նա­պի նոր դրսե­ւո­րում­նե­րը կը բար­դաց­նեն ար­դէն իսկ ա­նե­լի մատ­նուած ի­րա­վի­ճա­կը: Ստեղ­ծուած նոր կա­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի կը սրէ լա­րուա­ծու­թիւ­նը յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­յի այն եր­կիր­նե­րուն մէջ, ուր կա­ռա­վա­րու­թիւն-ժո­ղո­վուրդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այն­քան ալ սի­րա­լիր չեն, եւ ուր մար­դոց հան­գիստ քու­նը խան­գա­րուած է ներ­գաղ­թեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով:

Բրի­տա­նա­կան «Սփեք­թէյ­թըր» շա­բա­թա­թեր­թը եւ Պի.Պի.Սի. անդ­րա­դար­ձած են տագ­նա­պի տար­բեր ե­րե­սակ­նե­րուն:

«Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը բա­ցա­յայ­տած են, որ «ներ­գաղ­թեալ­նե­րուն» մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ներ­գաղ­թեալ չէ. ի՜նչ խառ­նաշ­փոթ…», գրած է Տուկ­լաս Մուր­րայ բրի­տա­նա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր «Սփեք­թէյ­թըր» թեր­թի իր յօ­դուա­ծին մէջ: Ըստ ա­նոր, նոյ­նիսկ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը այժմ ի վեր­ջոյ կը խոս­տո­վա­նին, որ` «բազ­մա­թիւ ան­ձեր, ո­րոնք  մենք «ներ­գաղ­թեալ­ներ» կ՚ա­նուա­նենք, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ներ­գաղ­թեալ­ներ չեն: Ա­նոնք տնտե­սա­կան թա­փա­ռա­կան­ներ են, ո­րոնք ի­րա­ւունք չու­նին եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­ցի­ներ ա­նուա­նուե­լու»:

Նոյ­նիսկ Ֆրանս Թիմ­մեր­մանս՝ Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի փոխ-նա­խա­գա­հը, վեր­ջերս յստա­կա­ցուց այս կէ­տը: Ըստ ա­նոր, Եւ­րո­պա ա­պաս­տա­նած­նե­րուն ա­ւե­լի քան 60 առ հա­րիւ­րը Հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէի եր­կիր­նե­րէն (Մա­րոք, Թու­նուզ եւ այլն) պան­դուխտ աշ­խա­տա­ւոր­ներ են, ո­րոնք պէտք չէ  Եւ­րո­պա գտնուին: «Ա­նոնք մար­դիկ են, ո­րոնք դուք կրնաք են­թադ­րել, թէ պատ­ճառ չու­նին գաղ­թա­կա­նի կար­գա­վի­ճակ ստա­նա­լու դի­մում ներ­կա­յաց­նե­լու», ը­սաւ ան: Շուէ­տի պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը եւս ե­կած են  նոյն եզ­րա­կա­ցու­թեան՝ նշե­լով, որ միայն ան­ցեալ տա­րի շուրջ ութ­սուն հա­զար ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք այդ եր­կի­րը ժա­մա­նած են իբ­րեւ «ներ­գաղ­թեալ­ներ», ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այդ­պի­սին չեն:

Ներ­կա­յիս կ՚ըն­թա­նան ամ­բո­խը գո­հաց­նե­լու սո­վո­րա­կան փոր­ձե­րը ո­րոշ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րու եւ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք կը խօ­սին, թէ ինչ­պէս պէտք է ար­տաք­սել այս մար­դի­կը: Բայց ա­նոնք պի­տի չար­տաք­սեն, չէ՞: Իս­կա­պէս կա՞յ մէ­կը, որ ան­կեղ­ծօ­րէն կը կար­ծէ, թէ Շուէ­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս կը պատ­րաս­տեն ութ­սուն հա­զար կեղծ ներ­գաղ­թեալ­նե­րը երկ­րէն ար­տաք­սե­լու ծրա­գիր մը: Կամ են­թադ­րենք, թէ՝ 60 առ հա­րիւր պատ­կե­րը ճիշդ է Գեր­մա­նիոյ հա­մար, եւ թէ 60 առ հա­րիւր մար­դիկ, ո­րոնք ան­ցեալ տա­րի միայն հա­սած են Գեր­մա­նիա, այդ եր­կի­րը պէտք չէ գտնուին: Տրուած ըլ­լա­լով, որ Գեր­մա­նիա վեր­ջին տաս­ներ­կու ա­միս­նե­րուն ա­ւե­լի քան մէկ մի­լիոն անձ ըն­դու­նած է, այժմ իր հո­ղե­րէն պի­տի ար­տաք­սէ՞ շուրջ եօթ հա­րիւր յի­սուն հա­զար կեղծ ա­պաս­տա­նեա­լի ի­րա­ւունք խնդրող­ներ: Ան­շուշտ ո՛չ: Գեր­մա­նիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը նոյ­նիսկ պի­տի չփոր­ձեն ա­տի­կա ը­նել: Եւ­րո­պա­յի մէջ ա­մէն ոք գի­տէ ա­տի­կա: Եւ ո՛վ որ դուր­սէն կը հե­տե­ւի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, նոյն­պէս գի­տէ ա­տի­կա: Երկ­րա­գուն­դի վրայ ա­մէն ոք գի­տէ, թէ Եւ­րո­պա­յի ներ­կա­յի ղե­կա­վար­նե­րը ի­րենց սե­փա­կան օ­րէն­քը պար­տադ­րե­լու կամ­քէն ու մի­ջոց­նե­րէն զուրկ են: Ու­րեմն, յա­ւե­լեալ մար­դիկ Եւ­րո­պա պի­տի հաս­նին յա­ռա­ջի­կայ տա­րի, ատ­կէ տա­րի մը ետք, եւ այս­պէս` շա­րու­նա­կա­բար… գիտ­նա­լով, որ  երբ ներսն ես` այ­լեւս ներսն ես: Ե­թէ փաս­տե­րը Շուէ­տէն այլ բան ըլ­լա­յին, Գեր­մա­նիոյ եւ Եւ­րո­պա­յի այլ եր­կիր­նե­րուն մէջ ներ­կա­յիս կը պատ­րաս­տուէին ամ­բողջ ցա­մա­քա­մա­սէն հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ վե­րա­դարձ­նե­լու դէ­պի ա­նոնց հայ­րե­նիք­նե­րը: Բայց փաս­տե­րը այդ­պէս չեն: Եւ այս­պէս, ներ­գաղ­թեալ­նե­րը պի­տի բազ­մա­նան,  եւ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն ձե­ւաց­նել, շփո­թեց­նել: Եւ­րո­պա­կան ժո­ղո­վուրդ­ներ ար­դա­րօ­րէն ա­ւե­լի եւ ա­ւե­լի պի­տի զայ­րա­նան այն փաս­տէն, որ ի­րենց ցա­մա­քա­մա­սը կը խլուի ի­րենց­մէ:

«ՍՓԵՔ­ԹԷՅ­ԹԸՐ»

Բրի­տա­նիոյ Պահ­պա­նո­ղա­կան կու­սակ­ցու­թեան  շա­բա­թա­թեր­թին՝ «Սփեք­թէյ­թըր»ի ա­ռա­ջին թի­ւը հրա­տա­րա­կուած է 6 Յու­լիս 1828-ին, զայն դարձ­նե­լով ա­մե­նէն հին շա­րու­նա­կա­բար հրա­տա­րա­կուող անգ­լե­րէն թեր­թը: «Սփեք­թէյ­թըր» այժմ կը պատ­կա­նի  Տէյ­վիտ եւ Ֆրե­տե­րիք Պարք­լէյն­նե­րուն, ո­րոնք նաեւ սե­փա­կա­նա­տէրն են «Տէյ­լի Թե­լեկ­րաֆ» օ­րա­թեր­թին: «Սփեք­թէյ­թըր»ի գլխա­ւոր նիւ­թե­րու դաշ­տե­րը քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն ու մշա­կոյթն են: Ա­նոր խմբագ­րա­կան­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կը զօ­րակ­ցին Բրի­տա­նիոյ Պահ­պա­նո­ղա­կան կու­սակ­ցու­թեան: Շա­բա­թա­թեր­թը նաեւ կը բո­վան­դա­կէ ա­րուես­տի է­ջեր՝ գիր­քե­րու, ե­րաժշ­տու­թեան, օ­փե­րա­յի, շար­ժա­պատ­կե­րի եւ պատ­կե­րաս­փիւ­ռի մա­սին:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016