ԼԵՆԱ ՇԱՄԱՄԵԱՆ… ԱՍՏՂԸ
Սուրիական պատերազմի հետեւանքով, միլիոնաւոր մարդոց հետ միասին, իր ծննդավայրը լքած է նաեւ Լենա Շամամեան՝ Միջին Արեւելքի ամենէն նշանաւոր հայ երգչուհին: 36-ամեայ երգչուհին՝ Լենա Շամամեան պատերազմական անապահով Սուրիայէն, իր բազում երկրակիցներու հետ միասին տեղափոխուեցաւ այլ երկիր մը: Մինչ բազմաթիւ սուրիահայեր Հայաստան տեղափոխուեցան, ոմանք նախընտրեցին եւրոպական երկիրներու աջակցութիւնը, իսկ շատեր ալ Գանատա գացին, օգտուելով այդ երկրի՝ փախստականներուն տուած հնարաւորութենէն, Լենա Շամամեան նախընտրեց Փարիզը: Սփիւռքահայը՝ կրկին սփիւռքի մէջ. ժպտալով այսպէս բնորոշեց իր կարգավիճակը Լենա Շամամեան, եւ այս անգամ արդէն Փարիզէն՝ արուեստներու մայրաքաղաքէն շարունակեց երգել:
Լենա Շամամեան իր մասին ըսած է, որ երբ ինքզինքս սկսայ յիշել՝ արդէն կ՚երգէի։ Անոր անզուգական ձայնը, անգամ մը լսելէ ետք, անհնար է մոռնալ: Կարծես դամասկեան խորհրդաւոր գիշերներու մէջ հնչող հնագոյն մեղեդի մըն է, որ կը հնչէ նորագոյն ու փայլեցուած գործիքի մը վրայ: Դամասկոս ծնած է նուրբ երաժշտական ձայնով այս հայուհին ու միշտ անդաւաճան եղած է իր հայկական արմատներուն: Իր երգերու մէջ մեծ թիւ կը կազմեն հայկական սիրուած երգերը, մէկ անգամ չէ, որ իր հայ լսարանին ան ցնծութիւն պարգեւած է՝ երգելով իր կատարմամբ այնքան զուլալ հնչող «Սարերու հովին մեռնեմ» երգը, որ ընդգրկուած է երգչուհիի յայտնի «Shamat»՝ ինն երգերէ կազմուած արաբական ալպոմին մէջ: Իր ոչ-հայերէն երգերու թէ՛ բառերու եւ թէ երաժշտութեան հեղինակը ինքն է, կ՚երգէ նաեւ հանրածանօթ երգիչներու երգեր, որոնք իր ճազային մեկնաբանմամբ նոր երանգ կը ստանան: Ան երգել սկսած է շատ մանուկ հասակէն: Երաժշտութեան կախարդական աշխարհ մտնելու համար Լենա Շամամեան պարտական է նախ՝ իր մեծմօրը՝ Արաքս Չամիչեանին, որ Լենայի համար բացած է դասական ու աւանդական երաժշտութեան դռները եւ փոքրիկ աղջնակը միշտ հմայուած պահած է երաժշտութեամբ: Իսկ Լենայի հայրը՝ հալէպահայ Արթին Շամամեան, որ Դամասկոս հաստատուած էր, սաքսափողահար էր, եւ այդ մէկը հիմնական պատճառներէն մէկն էր, որ Լենան նոյնպէս ընտրեց երաժշտութիւնը իբրեւ մասնագիտութիւն: Հայրը Լենայի հետ միշտ խօսած է հայերէն, իսկ երգչուհիի մայրը՝ Ղատան, հայ չէ, սուրիացի քրիստոնեայ է, ծագումով Մարտինէն, Թուրքիա: Պզտիկ տարիքին Լենան յաճախած է Դամասկոսի թէ՛ հայկական, թէ՛ սուրիական եկեղեցիները, ինչպէս հետագային ըսած է՝ ձմրան հայկական եկեղեցիի մէջ կ՚երգէր, ամրան՝ սուրիական:
Երկու ժողովուրդներու մշակոյթները եւ առհասարակ՝ Դամասկոսը՝ հնագոյն արեւելքէն եկող իր բազմադարեան մշակոյթով մտած է Լենա Շամամեանի արեան, արուեստին, ապրելակերպին մէջ:
Ինն տարեկանին Լենան երաժշտութեան դասեր կ՚առնէ, դպրոցը աւարտելէ ետք կ՚ընդունուի Դամասկոսի համալսարանը, ուր արուեստի հետ կապ չունեցող մասնագիտութիւն մը ստանալէ ետք, կ՚ընդունուի Երաժշտութեան ազգային բարձրագոյն երաժշտանոցը, ուր կ՚ուսումնասիրէ դասական երգեցողութիւն: Դամասկոսի մէջ ան անմիջապէս կ՚առանձնանայ շուրջիններէն՝ իր խիստ դասական սոփրանօ ձայնով, որու մէջ տաք երանգ մը կար: Այդ մէկը հազուագիւտ կը նկատուի արաբական աշխարհի մէջ՝ դասական ու արեւելեան համադրութիւններու այդ նուրբ ձայնը, որ ալ կը դառնայ Լենայի այցեքարտը: Ան կը փորձէ ճազ, ճազային նոր հնչողութիւններ՝ էսթրատային ու արեւելեան գործիքներու համատեղ նուագակցութեամբ: Իր երգերուն կը նուագակցին թէ՛ ջութակն ու դաշնակը, թէ՛ ալ հնագոյն քանոնն ու ուտը:
Դամասկոսի երաժշտանոցի իր դասընկերներուն հետ Լենա Շամամեան կը շրջի Սուրիոյ զանազան շրջանները, կ՚երգէ զանազան բեմերու վրայ, գիւղական ու քաղաքային բնակավայրերու մէջ կ՚անցընէ իր առաջին փորձաքննութիւնը եւ արդէն պատրաստ կ՚ըլլայ մասնակցելու մրցոյթներու: 2006 թուականին հալէպցի երաժիշտ Պէյզէլ Ռաճոուպի հետ միասին յաղթած է արեւելեան երաժշտութեան առաջին մրցոյթին, զոր կազմակերպած էր «Ռատիօ Մոնթէ Քարլօ Միջին Արեւելք» ձայնասփիւռային ալիքը: Այդ մրցոյթն ալ կու տայ հնարաւորութիւն՝ ձայնագրելու իր առաջին ալպոմը՝ Պէյզէլի հետ, որ կը կոչուի Hal Asmar Ellon: Եւ արդէն յաջողութիւններն ու ճանաչումը կը յաջորդեն մէկը միւսին, Շամամեան նաեւ միջազգային երաժշտական մրցոյթներու դափնեկիր կը դառնայ:
Իր անցած ճանապարհը եւ յաջողութիւնները ներկայացնելու ժամանակ Լենա Շամամեան երբեք չի մոռնար իր ընտանիքի անցած ճանապարհը:
Լենայի հայրական նախապապը՝ Սարգիս Շամամեան Մարաշ քաղաքէն էր, կը սերէր Հայ կաթողիկէ ընտանիքէ մը, կը զբաղէր գեղագրութեամբ, եւ այդ արհեստն ալ առիթ դարձաւ, որ փրկուի ընտանիքի կեանքը, քանի որ, օսմանեան բանակը կ՚օգտուի Սարգիս Շամամեանի ծառայութիւններէն՝ ռազմական հաղորդագրութիւններ գրելու համար: Անոնք բնակութիւն հաստատեցին Հալէպ: Սարգիսի որդին՝ Յովհաննէս՝ Լենայի մեծհայրը, Հալէպի մէջ դերձակ էր. ան անդամագրուած է Համայնավարական կուսակցութեան, ինչ որ անախորժութիւններու առիթ դարձած է, մանաւանդ երբ 1960-ականներուն երկրի մէջ քաղաքական դրութիւնը փոխուած է, զինք ձերբակալած են, գոյքերը առգրաւուած են, եւ ան երկար տարիներ բանտին մէջ անցուցած է: Անոր զաւակներուն մէկ մասը, այդ փորձութենէն ետք լքած է Սուրիան եւ գաղթած՝ Գանատա: Սուրիա մնացած է միայն Լենայի հայրը, որ տեղափոխուած է Դամասկոս, ուր ալ, ծանօթանալով իր կնոջ ու ամուսնանալով, 1980 թուականին ծնած է Լենան:
Երաժշտանոցի մէջ ուսանելու տարիներուն Լենա Շամամեան կը ծանօթանայ թուրք երաժիշտ Քեմալ Արսլանի հետ: Քեմալ Արսլան Դամասկոս կը մեկնի՝ անոր հետ համերգ ունենալու համար: Լենան կը յիշէ, որ դժուար եղած է իրեն համար սեղմել թուրք երաժշտի ձեռքը, իսկ հետագային արդէն անոնք լաւ ընկերներ դարձած են, ինչպէս նաեւ այդ ընկերութեան շնորհիւ Լենան բացայայտած է Պոլիսը, ուր գտած է չափազանց հարազատութիւն եւ սիրահարուած է Պոլիսին:
Պոլիսը կու տայ մանկութենէն երգչուհիին տանջող շատ հարցերու պատասխաններ, եւ Լենա Շամամեան կը վերագտնէ ինքզինք իբրեւ մարդ: Ան Պոլսոյ մէջ կը յայտարարէ, թէ քաղաքականութիւնը թոյն մըն է, որ կը սպաննէ մարդիկը: Երգչուհին կ՚ըսէ, թէ Պոլսոյ մէջ վերագտած է իր անցեալը եւ աւելի լիարժէք զգացած է, թէ ինք կը սերի Անատոլուէն: Լենա Շամամեան մեծ ցանկութիւն յայտնած է վերադառնալ իր պապենական հողերը ու այնտեղ երգել հայերէն, քանի որ, ինչպէս ինք ըսած է, այլեւս վախ չունի, քանի որ դադրած է այդ տարածքին ապրող մարդոց չնայիլ իբրեւ թշնամի: Հակառակը՝ ան բոլոր սփիւռքահայերը հրաւիրած է Թուրքիա, որպէսզի հասկնան շատ հարցերու պատասխաններ եւ թշնամութիւն չունենան ոեւէ մէկու հանդէպ: Երգչուհին նոյնիսկ կը յայտարարէ, թէ իր ինքնութիւնը բացայայտելէ ետք նաեւ իր ձայնը կրցած է բնորոշել, որ կը կոչուի՝ անատոլուական: Իսկ պատերազմի, թշնամութեան, խաղաղութեան, ժողովուրդներու հաշտութեան հարցերուն սկսած է աւելի խոր նայիլ սուրիական պատերազմէն ետք, հասկնալով, որ ատելութիւնը երբեք լաւ տեղ մը չի հասցներ, ընդհակառակը, աշխարհը կը մղէ դէպի խոր անդունդ, իսկ այդ անդունդէն դուրս գալու համար մարդկութիւնը հսկայական ու անսպառ ճիգեր կը գործադրէ:
2013 թուականին Լենան ելոյթ կ՚ունենայ Իսթանպուլի ճազի փառատօնին։ Իսկ ահա արդէն 2015 թուականի Մայիսի 15-ին մենահամերգով մը հանդէս կու գայ Պոլսոյ մէջ՝ իր երգով գրաւելով երեք հազար հոգի ընդունող դահլիճը: Իսթանպուլի Համագումարներու կեդրոնին մէջ, Հարպիէ, տեղի ունեցած համերգը կ՚արժանանայ երաժշտասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Լենա Շամամեան առարկայ կը դառնայ հանդիսատեսներու ջերմ համակրանքին ու կ՚ողջունուի ծափահարութիւններով։ Շամամեանի համերգը մաս կազմած է AVEA-ի կողմէ հովանաւորուած «Արտասովոր համերգներու» շարքին, որ կազմակերպուած է 6-րդ անգամ ու միշտ ստեղծած՝ լայն արձագանգ։ Լենա Շամամեանի երգացանկին վրայ գերակշիռ են արաբերեն երգերը, ինչ որ եզակի հաճոյք մը եղած է երեկոյթին մասնակից հոծ թիւով սուրիացի երաժշտասէրներուն համար։ Ան քանի մը թրքերէն եւ հայերէն երգ ալ հրամցուցած է ունկնդիրներուն, որոնք խորապէս տպաւորուած են իր ձայնով։ 2015-ի մթնոլորտին համահունչ՝ ան հայկական գործերը ձօնած է Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին։
Անցեալ տարուան իր համերգներու կարգին Լենա Շամամեան երգած է նաեւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ՝ յայտնի ճազ երաժիշտ, ֆրանսահայ Անտրէ Մանուկեանի հետ: Անտրէ Մանուկեանի հետ կը պատրաստուի ձայնագրելու նոր ալպոմ մը, որ կ՚ըլլայ երկու սփիւռքահայ երաժիշտներու համատեղ հայկական նախագիծը: Բացի այդ, Լենա Շամամեան նպատակ ունի նաեւ պատրաստել հայկական ձայնասկաւառակ մը, ուր տեղ պիտի գտնեն միայն իր հայերէն երգերը: Լենա Շամամեան գնահատելով հայկական երաժշտութիւնը՝ կ՚ըսէ, թէ իրեն համար տարօրինակ է, թէ ինչո՛ւ հայ երաժիշտները միշտ կ՚երգեն անցեալի մասին եւ այդ անցեալը միշտ տխուր կ՚ըլլայ: Ինք նպատակ ունի գրել ապագայի մասին հայերէն երգեր, որոնք զայն կը պատկերացնեն պայծառ ու առանց պատերազմներու:
Իր վերջին ալպոմը ամբողջութեամբ նուիրուած է ծննդավայրէն հեռու, հայրենիքէն դուրս ապրող երաժիշտի կարգավիճակին: Այդ ալպոմին մէջ տեղ գտած են Սուրիոյ պատերազմէն ետք իր կողմէ գրուած երգերը՝ նուիրուած խաղաղութեան, պատերազմէն տառապող կիներու եւ երախաներու պաշտպանութեան: Ձեւով մը այդ երգերը կոչ են՝ դադրեցնելու պատերազմները եւ աշխարհի վրայ խաղաղութիւն տարածելու:
Դամասկոսահայ նշանաւոր երգչուհին կը շարունակէ եւրոպական իր համերգները՝ նաեւ սիրտերը ջերմացնելով Եւրոպայի մէջ ապաստանած բազմահազար սուրիացիներու, որոնք հեռացած են իրենց երկրէն, եւ իբրեւ փախստական, անորոշ վիճակի մը մէջ օտար երկիրներ ծուարած են: «Խտնի ալա պլատի» («Տար մեզ մեր երկիրը») իր նշանաւոր երգը ան երգեց 2015 թուականի Դեկտեմբերին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած իր համերգին ընթացքին եւ յուզեց դահիլիճի մէջ գտնուող սուրիացի հանդիսականը: Այդ համերգի արձագանգները լսելի են մինչեւ այսօր: Սուրիոյ խաղաղ ու անտագնապ օրերուն արդէն իսկ իր արուեստով ծանօթ դարձած Լենան կրցաւ Եւրոպայի մէջ կրկնապատկել իր արուեստի երկրպագուները` արաբական դասական երգը մեկնաբանելով ժամանակակից շունչով: Արեւելեան ճազ երգչուհի. այսպէս բնորոշած են Լենայի ժանրը եւրոպացի արուեստաբաններ եւ նշած են, որ արուեստի միջոցաւ երգչուհին խաղաղութեան դեսպանն է այսօր արիւնաքամուող իր երկրի:
ՀԱՅԵՐԷՆԸ
Լենա Շամամեանի երգերու լեզուն արաբերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի կողքին նաեւ արեւմտահայերէնն է: Վերջին տարիներուն հայութեան հետ կապը աւելի ուժեղ կը զգայ եւ վերագտած է իր մանկութեան հայերէնը, աւելի լաւ կը խօսի հայերէն եւ կը պատրաստուի աւելի շատ հանդէս գալ հայկական լսարաններու համար:
Ան չէ այցելած Հայաստան: Այդ մէկը տեսակ մը բացթողում կը նկատէ, բայց նաեւ իր հոգիի խորքը քիչ մըն ալ կը վիրաւորուի, որ զինք աւելի կը ճանչնան արաբական աշխարհի կամ այլ երկիրներու մէջ՝ քան իր հայրենիքէն ներս: Բայց կը նշէ նաեւ, որ վստահաբար իր հանդիպումը հայրենի լսարանի եւ այնքան տենչացած հայրենիքի հետ չ՚ուշանար: Շուտով Հայաստան կ՚երթամ եւ կ՚ըսեմ. «Բարեւ Ձեզ, իմ անունս Լենա Շամամեան է», ըսած է Միջին Արեւելքի ամենէն նշանաւոր հայ երգչուհին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ