ԽԱ­ԼԱ՛Ս, ՀԱՆ­ԴԱՐ­ՏԷ՛...

ԽԱ­ԼԱ՛Ս, ՀԱՆ­ԴԱՐ­ՏԷ՛...

Մեթ­րօն մտած էր Հե­լիո­պոլ­սոյ ա­րուար­ձա­նը ու Րոք­սիէն, Փալ­մի­րա­յէն եւ Պա­զի­լի­քա­յէն վերջ, Միյ­տան Իս­մա­յի­լիա­յի կա­յա­րա­նին առ­ջեւ կանգ ա­ռած: 

Ի­ջայ, ան­ցայ փո­ղո­ցը եւ Սէյնթ Ճորճ՚զ Քո­լէճ գա­ցող ճամ­բան բռնե­ցի: 

-Salut Garo...! լսե­ցի յան­կարծ ձայն մը ե­տե­ւէս: 

Նոր հա­մազ­գեստ, նոր կօ­շիկ եւ պա­յու­սա­կիս մէջ՝ նոր գիր­քեր... 

Հի­մա քովս ա­մէն ինչ նոր էր... 

Ու­նէի նոր դպրոց, մի­ջա­վայր եւ ըն­կեր­ներ, ո­րոնք տար­բեր էին հի­նե­րէն... 

Ես սկսած էի ար­դէն օ­տար ջու­րե­րու մէջ նա­ւար­կել, բայց Գա­լուս­տեա­նի մէջ սոր­ված ման­կու­թեան խա­ղերս, եր­գերս եւ յու­շերս, շի­շի մը մէջ, մտքիս ծո­վու ա­լիք­նե­րուն վրայ դեռ վեր կ՚ել­լէին ու վար կ՚իջ­նէին...

Ես չէի ու­զած զա­տուիլ ա­նոնց­մէ: 

Հին տետ­րակ­ներս ու գիր­քերս ալ պա­հած էի. ա­նոնց մէջ, գի­տէի, հին դպրո­ցէս ին­ծի շատ սի­րե­լի դէմ­քեր եւ ձայ­ներ մնա­ցած էին տա­կա­ւին... 

-Salut Garo...! լսե­ցի ա­ւե­լի բարձր, դար­ձեալ նոյն ձայ­նը, եւ ե­տե­ւէս Ռի­չըրտ Մի­լո­շը մեծ քայ­լե­րով ին­ծի մօ­տե­ցաւ: 

Կլոր գլու­խով, խո­շոր ոս­կոր­նե­րով բարձ­րա­հա­սակ Մի­լո­շը, ա­ռա­ջին մէկ օ­րէն սա­ղա­ւար­տով խա­չա­կիր զի­նուոր­նե­րու նման­ցու­ցած էի մտքիս մէջ: 

Մի­լո­շին մայ­րը հայ էր, հայ­րը՝ եու­կոս­լա­ւիա­ցի: 

Բայց իր խո­շոր ու լայն բա­ցուած աչ­քե­րը հայ­կա­կան չէին եւ մեր լե­զուով չէին խօ­սեր ի­րենց նա­յո­ղին... 

Ես ա­ռա­ջին մէկ օ­րէն կռա­հած էի, որ ի­րենց տան մէջ ա­մէ­նօ­րեայ գոր­ծա­ծա­կան «հա­յե­րէ­ն»ը ֆրան­սե­րէնն էր : 

Ու­զե­ցի օգ­նել: 

Սկիզբ­նե­րը փոր­ձե­ցի «salut»­նե­րուն «բա­րի լոյ­ս»ե­րով պա­տաս­խա­նել, սա­կայն շու­տով նշմա­րե­ցի որ Մի­լո­շին «salut»նե­րը ան­փո­փոխ կը մնա­յին:

Ես դեռ քիչ մը եւս շա­րու­նա­կե­ցի «բա­րի լոյ­ս»երս, սա­կայն շատ չան­ցած ա­նոնք յոգ­նած՝ «salut Milosh»ներ դար­ձան... 

Բայց ան ին­ծի հա­մար հայ էր, ա­ւե­լի ճիշդ՝ եու­կոս­լա­ւիա­ցիի մա­կա­նու­նով հայ, ու մտքիս մէջ ալ միշտ այդ­պէս մնաց:

Մենք դա­սա­րա­նին մէջ տար­բեր ազ­գու­թիւն­նե­րու պատ­կա­նող, թի­ւով տաս­նեօթ կամ տասնութ ա­շա­կերտ­ներ էինք: Մեր մէջ կա­յին յոյն, ղպտի, հայ, ի­տա­լա­ցի, ե­գիպ­տա­ցի եւ խառն ա­մուս­նու­թիւն­նե­րէ սե­րած ու­րիշ ըն­կեր­ներ: Հա­յերս, Մի­լոշն ալ հա­շուե­լով, ընդ­հա­նու­րին մէջ եօթ ըն­կեր­ներ էինք: Բայց մեր ներ­կա­յու­թիւ­նը ու­րիշ­նե­րուն առ­ջեւ շեշ­տուած չէր դա­սա­րա­նին մէջ: Գո­նէ այդ­պէս կը զգա­յի ես այն օ­րե­րուն... 

Մի­լո­շը կը նստէր ի­տա­լա­ցի Պրու­նո­յին ե­տեւ, մե­զի ոչ շատ մօտ: Նա­զա­րէ­թը՝ գառ­նու­կի մա­զե­րով Պա­զը­լին քով, Վրէ­ժը դա­սա­րա­նին մէջ­տե­ղե­րը, Ճէ­քը ձախ կող­մի գրա­սե­ղան­նե­րու շար­քին ա­մե­նէն առ­ջե­ւը, իսկ Ա­ւե­տի­սը, Սա­մուէ­լը եւ ես՝ դա­սա­րա­նին ե­տե­ւի պա­տու­հա­նին մօտ: Հոն ցուրտ կ՚ը­նէր: 

Ձմե­ռը սա­լա­յա­տա­կով ծած­կուած դա­սա­րա­նին մէջ պա­տու­հա­նէն մտած ա­րե­ւը կռնակս հա­զիւ կը տաքց­նէր... 

Մի­լո­շը, Վրէժ Ար­մէ­նը եւ Ճէք Չի­րիկ­ճեա­նը լաւ բա­րե­կամ­ներս էին: 

Վրէ­ժին հետ, Գա­լուս­տեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի օ­րե­րէս սկսեալ, նոյն դա­սա­րան­նե­րուն օ­դը եւ կա­ւիճ­նե­րուն փո­շին ծծած էինք տա­րի­ներ շա­րու­նակ…

Իր ըն­կե­րու­թիւ­նը ման­կու­թեան օ­րե­րուս հին եր­գե­րէն եր­կա­րող թել մըն էր, որ հե­տը ե­կած ու Գա­լուս­տեա­նը Սէյնթ Ճորճ՚զին միա­ցու­ցած էր: 

Ճէ­քը Սէյնթ Ճորճ՚զի մէջ ճանչ­ցայ, եւ ա­ռա­ջին մէկ օ­րէն լաւ բա­րե­կամ­ներ դար­ձանք: 

Դպրո­ցը կը պատ­կա­նէր իր­լան­տա­ցի ֆա­տըր­նե­րու:

Հոն կա­յին Հիուզ, Մըր­թա, Մե­լո­տի եւ ե­թէ չեմ սխա­լիր Ճոն ա­նու­նով ֆա­տըր­ներ, ո­րոնք բո­լորն ալ ընդ­հան­րա­պէս անգ­լե­րէն լե­զուի, գրա­կա­նու­թեան, եւ կրօն­քի դա­սա­ւան­դու­թեամբ կը զբա­ղէին: 

Քո­լէ­ճի շէն­քին դի­մաց, Սէյնթ Ճորճ՚զին պատ­կա­նող ե­կե­ղե­ցի մը կար, ուր դպրո­ցի քրիս­տո­նեայ ա­շա­կերտ­նե­րը ա­մէն Չո­րեք­շաբ­թի կամ Հինգ­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ պար­տա­ւոր էին շարք կազ­մած եր­թա­լու եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու... 

Դպրո­ցին կող­մէ ե­ղած այս հար­կադ­րան­քը ա­ռա­ջին մէկ օ­րէն հա­ճե­լի չթուե­ցաւ ին­ծի: Ես շի­տակ չէի տես­ներ մեր վրայ դրուած, տար­բեր դա­ւա­նան­քի պատ­կա­նող ե­կե­ղե­ցի յա­ճա­խե­լու այս ա­նի­մաստ ո­րո­շու­մը: 

Մահ­մե­տա­կան­նե­րը կամ ու­րիշ կրօն­քի պատ­կա­նող ա­շա­կերտ­նե­րը ա­զատ էին այդ պար­տա­ւո­րու­թենէն, եւ հե­տե­ւա­բար ար­տօնուած էին այն օ­րը ա­ւե­լի ուշ գա­լու դպրոց: 

Սկիզբ­նե­րը՝ ճա­րա­հատ, ես ալ միւս­նե­րուն հետ ե­կե­ղե­ցի գա­ցի: 

Ըն­կեր­ներս խո­րա­նէն պար­բե­րա­բար լսուող զան­գակ­նե­րու զիլ ձայ­նին տակ, նստա­րան­նե­րու ե­տեւ ծուն­կի ե­կած կ՚ա­ղօ­թէին... 

Հոն ա­նոնց հետ սոր­վե­ցայ անգ­լե­րէ­նով «Հայր մե­ր»ը եւ մին­չեւ այն ա­տեն ին­ծի ան­ծա­նօթ «Hail Mary»ն, «Gloria in Exelsis Deo»ն եւ ու­րիշ ա­ղօթք­ներ, ո­րոնք ի­րե­րա­յա­ջորդ շա­բաթ­նե­րու մէջ շա­րու­նակ լսե­ցի ու ի­րենց հետ եր­գե­ցի...

Բայց սրտիս զար­կե­րը ա­նոնց ե­ղա­նակ­նե­րով չէին տրո­փեր: 

Ես կը խոր­հէի, որ մե՛նք ալ ու­նէինք մեր սուր­բե­րը, եր­գուած ու ը­սուած ա­ղօթք­նե­րը, մեր «Հայր մե­ր»ը, «Հա­ւա­տամ­ք»ը, վան­քե­րը եւ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ո­րոնց­մէ մէ­կուն մէջ ես նոյ­նիսկ տա­րի­նե­րով շա­րա­կան­ներ ալ եր­գած էի Գա­հի­րէի մէջ...

Հինգ­շաբ­թի առ­տու մը ո­րո­շե­ցի ե­կե­ղե­ցի չեր­թալ եւ մահ­մե­տա­կան ըն­կեր­նե­րուս պէս ուշ գա­ցի դպրոց: Ըն­կեր­ներս նոր դար­ձած էին ե­կե­ղե­ցիէն, եւ ա­ռա­ջին դա­սի պա­հը դեռ չէր սկսած : 

Դա­րա­կիս մէջ օ­րուայ դա­սա­գիր­քերս շա­րե­լով զբա­ղած էի, երբ Ճո­զէֆ ա­նու­նով պա­ղես­տին­ցի դա­սըն­կեր մը գրա­սե­ղա­նիս մօ­տե­ցաւ եւ խիստ ու չոր ձայ­նով՝ 

-Այ­սօր ին­չո՞ւ ե­կե­ղե­ցի չե­կար,- հար­ցուց: 

Վայր­կե­նա­պէս ա­րիւ­նը գլուխս խու­ժեց... 

Ա­սոր ի՞նչ կ՚իյ­նայ ինձ­մէ հա­շիւ պա­հան­ջել, եւ այս շեշ­տով խօ­սիլ հետս՝ ան­ցաւ մտքէս... 

Բայց նոր մի­ջա­վայ­րի մէջ կը գտնուէի, չու­զե­ցի կռուի դուռ բա­նալ: Փոր­ձե­ցի պա­ղա­րիւն մնալ եւ ան­տար­բեր ձե­ւով՝ 

-Հո՛ն էի, ե­կե­ղե­ցիին մէջ... պա­տաս­խա­նե­ցի: 

-Ո՞ր ե­կե­ղե­ցիին մէջ, ե՞րբ... զար­մա­ցած հար­ցուց ա­նու­նը կրճա­տուած ՃՕ կո­չուող դա­սըն­կերս: 

-Այս ար­դէն չա­փա­զան­ցում մըն էր... 

Բար­կա­ցած՝ ան­մի­ջա­պէս ու­զե­ցի ըն­թացքս փո­խել, բայց դէմ­քէս դեռ հան­դար­տու­թիւն կեղ­ծե­ցի եւ՝ 

-Հայ­կա­կա՛ն ե­կե­ղե­ցին, Կի­րա­կի օ­րը... պա­տաս­խա­նե­ցի իր հար­ցու­մին: 

Ճօն հասկ­ցաւ հեգ­նան­քիս ի­մաս­տը, եւ դէմ­քին գոյ­նը նե­տեց: Թե­րեւս լաւ կ՚ըլ­լար ե­թէ այդ վայր­կեա­նին ես մոռ­նա­յի պա­տա­հա­ծը, եւ ա­ւե­լի չգրգռէի կա­ցու­թիւ­նը: 

Բայց ես չա­րա­ցած էի եւ հի­մա կռուի պատ­րաստ՝ չու­զե­ցի քա­լած ճամ­բէս ետ դառ­նալ ու կեղծ հան­դար­տու­թիւնս շա­րու­նա­կե­լով՝

-Դեռ հոն շա­րա­կան­ներ ալ եր­գե­ցի... ա­ւե­ցու­ցի: 

Ճօն ու­զեց նոյն ձե­ւով պա­տաս­խա­նել հեգ­նան­քիս: 

-Ու­րեմն ե­կե­ղե­ցի՞ ու­նիք, ես կը կար­ծէի թէ դուք ու­րիշ տե­ղեր կ՚ա­ղօ­թէիք... ը­սաւ եւ ա­ռանց պա­տաս­խա­նի սպա­սե­լու եւ պար­զա­պէս վի­րա­ւո­րե­լու նպա­տա­կաւ՝

-Ձեր ե­կե­ղե­ցին մկրտու­թեան եւ կնուն­քի խոր­հուրդ­ներ ու­նի՞,- հար­ցուց

-Մենք մկրտու­թիւն ու­նինք, կնունք ու­նինք եւ կա­թո­ղի­կոս ալ ու­նինք,- ա­ւել­ցու­ցի, դիտ­մամբ, իր հար­ցու­մէն դուրս...

Դէմ­քէն նշմա­րե­ցի որ մտքին մէջ ան­մի­ջա­պէս հար­ցում մը ծա­գե­ցաւ, բայց Ճօն խօ­սե­լու ժա­մա­նակ չու­նե­ցաւ: Դու­ռը յան­կարծ բա­ցուե­ցաւ եւ գի­րուկ ֆա­տըր Մըր­թան ներս գլտո­րե­ցաւ: Քիչ մը ու­շա­ցած էր: Ա­ճա­պա­րան­քով ա­ռանց պա­տուան­դա­նի սե­ղա­նին ե­տեւ ան­ցաւ եւ դա­սը սկսաւ: Կարճ, եւ բաց կա­պոյտ աչ­քե­րով, չորս ֆա­տըր­նե­րուն մէ­ջէն ա­մե­նէն աշ­խոյժ եւ ա­մէն բա­նի հաս­նողն էր ան: Դպրո­ցի հայ ա­շա­կերտ­նե­րուն մա­սին մեծ հա­մա­րում ու­նէր, եւ միշտ գո­վա­սան­քով կը խօ­սէր մեր մա­սին: 

Սա­կայն այն օ­րը ես չկրցայ իր դա­սին վրայ կեդ­րո­նա­նալ, եւ շա­րու­նակ Ճո­յին կո­պիտ վար­մուն­քին մա­սին մտա­ծե­ցի: 

Ի՞նչ ի­րա­ւուն­քով վրաս իշ­խա­նու­թիւն ու­նե­նալ կը կար­ծէր: Ա­զատ կամ­քով, ես չէի ու­զած օ­տար ծի­սա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու ներ­կայ գտնուիլ... Ի՞նչ սխալ կար ա­սոր մէջ, ին­չո՞ւ հար­ցում­ներ ը­նել եւ հա­շիւ պա­հան­ջել... 

Ֆա­տըր Մըր­թա­յին դաս բա­ցատ­րող ձայ­նը դա­սա­րա­նին մէջ ա­մէն կողմ տա­րա­ծուած էր, սա­կայն ա­կանջ­նե­րուս անլ­սե­լի կը մնար եւ բա­ւա­կան ժա­մա­նակ չկրցայ հե­տե­ւիլ դա­սին:

Բայց ա­տեն մը վերջ, մտքիս պա­հուը­տած ան­կիւն­նե­րէն պա­տու­հան մը բա­ցուե­ցաւ, եւ ես հօրս ձայ­նը կար­ծե­ցի լսել, որ այս տե­սակ վայր­կեան­նե­րուն երբ փոր­ձէր բար­կու­թիւնս թե­թեւց­նել՝ 

-Խա­լա՛ս՝ վեր­ջա­ցա՛ւ, ալ հան­դար­տէ՛... կ՚ը­սէր: 

Բայց հի­մա ես բոր­բո­քած էի... 

Ինչ­պէ՞ս հան­դար­տէի, երբ տա­րի­նե­րով էու­թեանս մաս կազ­մող ար­ժէք­ներս, հա­ւա­տա­լիք­ներս, նոյ­նիսկ հա­մո­զում­ներս ու­րիշ­նե­րու քով հար­ցա­կան կը դառ­նա­յին... 

Ես բար­կա­ցած էի ու կը զգա­յի, որ Ճո­յին եւ իմ մի­ջեւ դեռ ա­մէն ինչ չէր վեր­ջա­ցած: 

Դա­սա­պա­հը ա­ւար­տե­լէ քիչ ա­ռաջ Ճօն յան­կարծ մատ բարձ­րա­ցուց, եւ՝ 

-Ի­րա՞ւ է թէ հա­յե­րը ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուր­դը ե­ղած են,- հար­ցուց ֆա­տը­րին: 

Ես սա­ռե­ցայ եւ չհա­ւա­տա­ցի ա­կանջ­նե­րուս: Այս ի՞նչ էր. քիչ ա­ռա­ջուան ը­սած­ներս իմ ներ­կա­յու­թեանս դա­տե՞լ պի­տի ու­զէր Ճօն... այս ի՞նչ հա­մար­ձա­կու­թի՜ւն... 

Իսկ ը­րած հար­ցումն ալ ա­ւե­լորդ էր եւ բնաւ կապ չու­նէր օ­րուան դա­սին հետ... 

Բար­կա­ցայ եւ մտա­հո­գուիլ սկսայ, մա­նա­ւանդ երբ մտա­ծե­ցի, որ Ֆա­տըր Մըր­թան հայ չըլ­լա­լով, կրնար թե­րեւս կա­տա­րե­լա­պէս տե­ղեակ չըլ­լալ ճշմար­տու­թե­նէն: 

Բայց բա­րե­բախ­տա­բար ան կը ճանչ­նար պատ­մա­կան դէպ­քե­րը եւ ար­դա­րօ­րէն հաս­տա­տեց ի­րո­ղու­թիւ­նը: 

Ես ու­րա­խա­ցայ եւ ան­մի­ջա­պէս Ճո­յին աչ­քե­րը փնտռե­ցի, բայց ա­նոնք նա­խընտ­րե­ցին հե­ռու­նե­րը նա­յիլ ու չհան­դի­պիլ նա­յուած­քիս...

Սա­կայն կը զգա­յի, որ մենք դեռ ը­սե­լիք ու­նէինք ի­րա­րու: 

Զբօ­սան­քին, բա­կի կրպա­կէն զո­վա­ցու­ցիչ գնե­լու գա­ցի: Ա­ռի­թէն օգ­տուե­լով Ճօն քովս ե­կաւ եւ դա­սա­րա­նը սկսած վի­ճա­բա­նու­թեան նիւ­թը դար­ձեալ բա­ցաւ: 

Ես Գա­լուս­տեա­նի կրօ­նի մեր ու­սու­ցի­չէն՝ Տէր Մես­րո­պէն բո­լոր սոր­ված­ներս, Նի­կիոյ Տիե­զե­րա­կա­նէն մին­չեւ Քաղ­կե­դո­նի ժո­ղո­վը բա­ցատ­րե­ցի, բայց ա­նոնք ազ­դե­ցու­թիւն չու­նե­ցան: Բա­կին մէ­ջի վի­ճա­բա­նու­թիւ­նը ար­դէն տաք­ցած, գրե­թէ սուր հան­գա­մանք ստա­ցած էր, երբ Ճօն ե­րե­ւու­թա­պէս շա­տոնց միտ­քը տան­ջող հար­ցում մը շպրտե­լու ձե­ւով յան­կարծ ե­րե­սիս նե­տեց...

-Ձեր կա­թո­ղի­կո­սը մեր պա­պին գե­րա­կա­յու­թիւ­նը կը ճանչ­նա՞յ... 

Այս հար­ցու­մը նոր չէր եւ դա­րե­րու հնու­թիւն ու­նէր: 

Օ­տար­նե­րը մեր պատ­մու­թեան ա­մե­նէն նեղ վայր­կեան­նե­րուն միշտ նոյն հար­ցու­մը կրկնած էին մե­զի: Ես ալ իմ կար­գիս, մեր հպարտ լեռ­նե­րուն եւ քաջ պա­պե­րուն տուած պա­տաս­խա­նը կրկնե­ցի Ճո­յին եւ բա­ցատ­րե­ցի, թէ մենք կը յար­գէինք քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մե­ծե­րը եւ ծէ­սե­րը, սա­կայն մենք ինք­նիշ­խան ժո­ղո­վուրդ էինք եւ ու­նէինք մեր սե­փա­կան ե­կե­ղե­ցին ու կա­թո­ղի­կո­սը...

Ան գոհ չմնաց եւ ը­սե­լիք չգտնե­լով, ձեռ­քով նա­խա­տա­կան շար­ժում մը ը­րաւ... 

Ես մօ­տե­ցայ եւ ստա­մոք­սին տրուած ա­րագ հա­րուա­ծով մը պա­տաս­խա­նե­ցի ը­րած վի­րա­ւո­րան­քին: Ցա­ւէն կծկուած՝ Ճօն գնաց դա­սա­րան­նե­րու նրբանց­քին մէջ Ֆա­տըր Մըր­թան փնտռեց եւ գան­գա­տե­ցաւ իմ մա­սին: Բայց երկն­քի բաց գոյն աչ­քե­րով ֆա­տը­րը չհա­ւա­տաց պատ­մած­նե­րուն... 

-Ո՛չ, -ը­սաւ,- Կա­րօն կռուա­զան չէ՛, նա­խա­յար­ձակ ալ չէ, եւ մին­չեւ հի­մա եր­բե՛ք չէ կռուած ըն­կեր­նե­րուն հետ: 

Ես խեղ­ճուկ ձե­ւով մէկ կողմ կե­ցած, բնա­կա­նա­բար ժխտե­ցի ըն­կե­րոջս բո­լո՛ր ը­սած­նե­րը: Ճօն ճա­րա­հատ եւ գլխի­կոր բակ վե­րա­դար­ձաւ ու ձեռ­քե­րը ստա­մոք­սին դրած՝ ան­կիւն մը քա­շուած մնաց: 

Չեմ գի­տեր, թէ Չո­րեք­շաբ­թի կամ Հինգ­շաբ­թի օ­րե­րուն, չորս ֆա­տըր­նե­րէն մէ­կը նշմա­րե՞ց ե­կե­ղե­ցիին մէջ բա­ցա­կա­յու­թիւնս, սա­կայն ես շա­րու­նա­կե­ցի ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու առ­տու­նե­րը ուշ դպրոց եր­թալ եւ մարդ բան չը­սաւ: 

Բայց ա­մէն ան­գամ ե­կե­ղե­ցիին առ­ջե­ւէն անց­նե­լուս, եւ եր­կու թել ալ մեր ա­ղօթք­նե­րէն ը­սե­լէս վերջ, ին­ծի այն­պէս կը թուէր, որ հօրս տեղ այս ան­գամ կը լսէի Տէր Մես­րո­պին ձայ­նը, որ կ՚ը­սէր. 

-Խա­լա՛ս, հան­դար­տէ՛, ալ վեր­ջա­ցաւ...:

ԿԱ­ՐՕ ՊՕՀ­ՃԱ­ԼԵԱՆ

25 Դեկ­տեմ­բեր, 2011

Քամ­փի­նաս, Պրա­զիլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016