ՊԵՐՃ ՖԱԶԼԵԱՆ

Եր­ջա­նիկ եմ, որ այդ հե­ռա­ւոր եւ հա­յա­շատ վայ­րե­րում` հայ թա­տե­րա­կան ա­րուես­տի հիմ­նար­կու­թիւն մը կայ եւ ո­րի ձեռ­նար­կող­նե­րից
մէ­կը նոյն աղ­բիւ­րից դաս­տիա­րա­կուած մի ե­րի­տա­սարդ է ինչ աղ­բիւ­րից դաս­տիա­րա­կուած եմ ես։
ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ծնած է Դեկ­տեմ­բեր 4, 1926-ին, Իս­թան­պուլ։ Իր թա­տե­րա­կան ու­սու­մը ստա­ցած է տեղ­ւոյն թա­տե­րա­կան բարձ-րագոյն վարժարանին մէջ։ Ար­դէն 1944-ին կը մաս­նակ­ցի Պոլ­սոյ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն։ Պոլ­սոյ մէջ կը բե­մադ­րէ տաս­նեակ մը գոր­ծեր, ո­րոնց կար­գին կ­՚ար­ժէ յի­շել Պէն Ճոն­սը­նի «Վոլ­բո­նէ»ն եւ Մո­լիէ­րի «Ա­գա­հը» թատ­րեր­գու­թիւն­նե­րը։

Հայ թատ­րո­նի սկզբնա­կան խար­խա­փում­նե­րը ազ­գա­յին թա­տե­րա­խա­ղով կա­տա­րած էր ան, սա­կայն կը փոր­ձէր նոր թռիչք տալ իր ա­րուես­տին։ Պո­լի­սը այ­լեւս բան մը չու­նէր ի­րեն տա­լիք, յա­ռաջ­դի­մու­թիւն ալ չկար … իր ընդվ­զու­մին առըն­թեր, իր մէջ բնա­ծին տա­ղանդ տես­նե­լով, Պեր­ճին բա­րե­կամ թուրք դա­սա­խօ­սը կը յայտ­նէ. «Ին­ծի եր­դում ը­րէ, որ թատ­րո­նը եր­բեք պի­տի չձգես …, այս­տեղ քե­զի յար­մար չէ, մի՛ մոռ­նար, որ հայ ես, ին­չո՞ւ հա­յուն ա­ռաջ­նա­կարգ դեր տալ …»։ Այս դա­սը բա­ւա­րար էր Պեր­ճին, որ 1951-ին հե­ռա­նար Իս­թան­պու­լէն։

Պէյ­րութ, կը հաս­տա­տուի հոն, ըն­տա­նիք կը կազ­մէ եւ կը շա­րու­նա­կէ իր թա­տե­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Կ­՚ա­մուս­նա­նայ 1959-ին, նկար­չու­հի Սիր­վարդ Գրի­գո­րեա­նի հետ, որ կը մնայ Պեր­ճին կեան­քի, ա­րուես­տի ու բե­մի մնա­յուն ըն­կե­րը։ Կը բախ­տա­ւո­րուի եր­կու զա­ւակ­նե­րով. ման­չը՝ Յա­րու­թը ծա­նօթ խմբա­վար ու գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար է զա­նա­զան սիմ­ֆո­նիկ նուա­գա­խում­բե­րու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ:

Պէյ­րու­թի մէջ 1956-ին կը հիմ­նէ «Նոր Բե­մ», 1959-ին ՀԵԸ-ի «Վահ­րամ Փա­փա­զեա­ն» եւ 1971-ին «Ա­զատ Բե­մ» թա­տե­րա­խում­բե­րը, ո­րոնք մեծ ար­ձա­գանգ կը գտնեն տեղ­ւոյն հա­յա­տառ, ա­րա­բա­տառ եւ ֆրան­սա­տառ բո­լոր թեր­թե­րուն մէջ, անխ­տիր։ Ֆազ­լեան կը հրա­ւի­րուի, ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի հան­րա­ծա­նօթ լի­բա­նան­ցի երգ­չու­հի Ֆէյ­րու­զի մաս­նակ­ցու­թեամբ, Ռահ­պա­նի եղ­բայր­նե­րուն թատ­րեր­գու­թիւն­նե­րը բե­մադ­րե­լու Պաալ­պէ­քի փա­ռա­տօ­նին, ինչ­պէս նաեւ Պէյ­րու­թի ու Դա­մաս­կո­սի մէջ. եւ այս­պէս տասն­վեց տա­րի­ներ շա­րու­նա­կա­բար կը բե­մադ­րէ Ռահ­պա­նի եղ­բայ­նե­րու ե­րաժշ­տա-թա­տե­րա­կան գոր­ծե­րը։

1975-ին կը գաղ­թէ Գա­նա­տա եւ կը հաս­տա­տուի Մոնթ­րէալ։ Հոն եւս կը լծուի գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տան­քի։ Ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն կը միա­նայ Թէ­քէեան մշա­կու­թա­յին միու­թեան (ԹՄՄ) մեծ ըն­տա­նի­քին, հոն­կէ թափ տա­լու իր մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեան Գա­նա­տա­յի տա­րած­քին։ 1976-ին կը հիմ­նէ Մոնթ­րէա­լի ԹՄՄ «Հայ Բե­մ» թա­տե­րա­խում­բը եւ հա­յե­րէն լե­զուով կը բե­մադ­րէ գա­նա­տա­ցի ծա­նօթ հե­ղի­նակ Ռո­պէր Կիւ­րի­քի «Պա­րան կը ծա­խեմ» թատ­րեր­գու­թիւնն ու կը մաս­նակ­ցի տե­ղա­կան «Փոք­րա­մա­սու­թիւն­նե­րու թա­տե­րա­կան փա­ռա­տօ­ն»ին եւ կ­՚ար­ժա­նա­նայ ա­ռա­ջին մրցա­նա­կին։ 1989-ին կը հիմ­նէ Մոնթ­րէա­լի ՌԱ­Կ-ի «Ար­մէ­նօ­րա­մա» հե­ռուս­տա­տե­սի­լի հա­ղոր­դում­նե­րը։

«Հայ Բե­մ» թա­տե­րա­խում­բը ե­լոյթ­ներ կ­՚ու­նե­նայ նաեւ Լոն­տո­նի, Փա­րի­զի, Սու­րիոյ, Ե­գիպ­տո­սի եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու (Նիւ Եորք, Պոս­տոն, Ֆի­լա­տել­ֆիա …) զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ։ Լոն­տո­նի բե­մադ­րու­թեան օ­րե­րուն, Պերճ Ֆազ­լեան կը միա­նայ ՌԱ­Կ-ի շար­քե­րը Վար­դան Ու­զու­նեա­նի կնքա­հայ­րու­թեամբ ուխ­տը տա­լու տա­րի­նե­րէ ի վեր իր հա­ւա­տա­ցած ՌԱ­Կ-ի քա­ղա­քա­կան ու հայ­րե­նա­սի­րա­կան ու­ղե­գի­ծին։

Լի­բա­նա­նի մէջ ար­դէն ան մնա­յուն բա­րե­կա­մա­կան կա­պեր հաս­տա­տած էր ղե­կա­վար շըր-ջա­նակ­նե­րուն հետ, ինչ­պէս՝ Գեր­սամ Ա­հա­րո­նեա­նին եւ Հրա­չեայ Սեդ­րա­կեա­նին հետ։ Ար­ձա­նագ­րենք նաեւ, որ Պէյ­րու­թի «Վահ­րամ Փա­փա­զեան» թա­տե­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րէն շա­տեր ե­ղած են ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան­ներ՝ Զա­ւէն Գա­լուս­տեան, Յա­րու­թիւն Գնդու­նի, Խա­չիկ Թաշ­ճեան, Յա­րու­թիւն Թու­մա­յեան, Վարդ­գէս Իւր­նեշ­լեան, Աստ­ղիկ Պաս­մա­ճեան, Թո­րոս Սար­գի­սեան, Համ­բար­ձում Տա­տու­րեան, Գրի­գոր Տե­կիր­մեն­ճեան, Պերճ Տէր-Սա­հա­կեան, Սար­գիս Մի­նա­սեան, Լե­ւոն Թո­րո­սեան, Ա­նի Եաղ­ճեան, Յա­կոբ Վար­դի­վա­ռեան ե­ւ այլք։ «Վահ­րամ Փա­փա­զեա­ն» թա­տե­րա­խում­բի ծնուն­դը կա­րե­ւոր հանգ­րուան մը պէտք է նկա­տուի, ա­նոր հա­մար, որ Պէյ­րու­թի մէջ կար միայն մնա­յուն թա­տե­րա­խումբ մը՝ Հա­մազ­գա­յի­նի «Գաս­պար Ի­փէ­կեա­ն»ը, որ իր վրայ հրա­ւի­րած էր քա­ղա­քի թա­տե­րա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը։ Բեմ կը բարձ­րա­նա­յին ՀՅԴ-ի շար­քե­րուն կամ հա­մա­կիր­նե­րուն դե­րա­կա­տար­նե­րը եւ կը ներ­կա­յա­ցուէին միա­կող­մա­նի թատ­րեր­գու­թիւն­ներ միայն։ «Վահ­րամ Փա­փա­զեա­ն» թա­տե­րա­խում­բը նոր շունչ ու ո­րակ բե­րաւ լի­բա­նա­նա­հայ թա­տե­րա­կան կեան­քէն ներս, ներ­կա­յաց­նե­լով բազ­մա­կող­մա­նի ա­րեւմ­տա­հայ, ա­րե­ւե­լա­հայ թէ օ­տար թա­տե­րա­խա­ղեր։

Որ­պէս դե­րա­սան մաս­նակ­ցած է տաս­նեակ մը ֆիլ­մե­րու, ո­րոնց բե­մադ­րիչ­նե­րը ե­ղած են՝ Եու­սուֆ Շա­հին, Հան­րի Պա­րա­քաթ, Ան­թուան Ռէ­մի, Նի­յա­զի Մուս­թա­ֆա եւ ու­րիշ­ներ։ Գլխա­ւոր դեր ստանձ­նած է նաեւ Գա­նա­տա­յի անգ­լիա­խօս ֆիլ­մի մը մէջ՝ Next of Kin, ո­րուն բե­մադ­րի­չը աշ­խար­հահռ­չակ Ա­տոմ Է­կո­յեանն է ե­ղած։

Հա­յե­րէն, ա­րա­բե­րէն, ֆրան­սե­րէն եւ թրքե­րէն լե­զու­նե­րով բե­մադ­րած է ա­ւե­լի քան հարիւր թատ­րեր­գու­թիւն­ներ, ո­րոնց մէջ ան­մո­ռա­նա­լի կը մնան՝ Շէյքս­փի­րի «Միջ-ա­մառ­նա­յին գի­շե­րուայ ե­րազ», Մո­լիէ­րի «Սքա­բէ»ն, «Ժորժ Տան­տէ»ն, եւ «Ա­գա­հը», Կոլ­տո­նիի «Ստա­խօ­սը», Կո­կո­լի «Ա­մուս­նու­թիւն» թա­տրեր­գու­թիւն­նե­րը եւ մա՛­նա­ւանդ Ժորժ Շէ­հա­տէի «Վաս­քո­յի հէ­քեա­թը» թատ­րեր­գու­թիւ­նը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով բե­մադ­րուե­ցաւ Լի­բա­նա­նի մէջ, հե­ղի­նա­կին ներ­կա­յու­թեան։ Իսկ Այ­սամ Մահ­ֆու­զի «Զան­զա­լաքտ» թատ­րեր­գու­թեան բե­մադ­րու­թիւ­նը ան­կիւ­նա­դարձ կը նկա­տուի լի­բա­նա­նեան թատ­րո­նի տա­րեգ­րու­թեան մէջ։

Եր­կար տա­րի­ներ թա­տե­րա­կան նիւ­թեր դա­սա­ւան­դած է Լի­բա­նա­նի Պե­տա­կան, Սէն Ժո­զէֆ եւ Գա­ֆաաթ հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ։

Պերճ Ֆազ­լեան 1986-ին Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան կող­մէ կը հրա­ւի­րուի, որ­պէս­զի բե­մադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րէ եւ հոն՝ Պե­տա­կան հե­ռուս­տա­տե­սի­լի ա­ռա­ջար­կու­թեամբ կը բե­մադ­րէ Ե­րու­խա­նի «Ձկնոր­սի սէ­րը» պատ­մուած­քը։ Ֆազ­լեան՝ պար­գե­ւատ­րուած է 1985-ին Հա­յաս­տա­նի մէջ, Սփիւռ­քա­հա­յու­թեան հետ մշա­կու­թա­յին կա­պի կո­մի­տէի նա­խա­գահ Վարդ­գէս Հա­մա­զաս­պեա­նէն եւ 2000-ին Պէյ­րու­թի մէջ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սէն ստա­նա­լով «Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց» շքան­շա­նը։

ԹՄՄ-ի Մե­ծա­գոյն Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղը կազ­մա­կեր­պած է Պերճ Ֆազ­լեա­նի յո­բե­լե­նա­կան տա­րե­դար­ձը, Նիւ Ճըր­զիի մէջ, Ապ­րիլ 30-ին, 2006-ին։ Այս կ՚ըլ­լար Պեր­ճին նուի­րուած ա­ռա­ջին մե­ծա­րան­քի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, ուր հոծ բազ­մու­թիւն մը թա­տե­րա­սէր­նե­րու ե­կած էին Ա­մե­րի­կա­յի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րէն՝ բե­րե­լու ի­րենց յար­գան­քի եւ հիաց­մուն­քի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Խօսք կ­՚առ­նեն թա­տե­րա­կան գոր­ծիչ­ներ Գրի­գոր Սա­թա­մեան (Լոս Ան­ճե­լը­սէն, որ ա­ռա­ջին ան­գամ բեմ բարձ­րա­ցած է Ֆազ­լեա­նի բե­մադ­րու­թեամբ), Ժի­րայր Բա­բա­զեան (Փա­րի­զէն), Կա­րի­նէ Քո­չա­րեան, Տքթ. Հրանդ Մար­գա­րեան (Նիւ Եոր­քէն), Թա­մար Յով­հան­նի­սեան (Լոս Ան­ճե­լը­սէն, այ­րին՝ Մհեր Մկրտչեա­նի), Նո­րա Ար­մա­նի, Պերճ Ա­րազ, Մի­սաք Պօ­ղո­սեան եւ Յա­կոբ Վար­դի­վա­ռեան (Նիւ Եոր­քէն)։ Այս առ­թիւ կ՚ար­ժա­նա­նայ ՀԲԸ­Մ-ի Պա­տուոյ վկա­յա­կա­նին ՀԲԸ­Մ-ի նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նէն եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի Հայ­րա­պե­տա­կան Կոն­դա­կին ու «Ս. Սա­հակ-Ս. Մես­րոպ» շքան­շա­նին, զորս կը յանձ­նէ Ա­մե­րի­կա­յի Հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան։

ՖԱԶ­ԼԵԱ­ՆԻ ՄԱ­ՍԻՆ

- Լե­ւոն Թո­րո­սեան («Զար­թօն­ք» Պէյ­րութ, 1960). «Ֆազ­լեան թատ­րո­նի խենթ մըն է, բա­ռին ա­ղուոր ի­մաս­տով։ Ան ան­կա­շառ կեր­պով նուի­րուած է հայ թատ­րո­նի սրբա­զան դա­տի­ն»։

- Ար­մէն Դա­րեան («Յա­ռա­ջ», Պէյ­րութ, 1960). «Ֆազ-­լեան լա­ւա­պէս ըմբռ­նած է, թէ բե­մադ­րի­չը թա­տե­րա­գի­րը ըն­դօ­րի­նա­կող եւ կրկնող գոր­ծիք մը չէ, այլ իր կար­գին ստեղ­ծա­գործ ա­րուես­տա­գէտ մը»։

- Գրի­գոր Քէօ­սէեան («Զար­թօն­ք», Պէյ­րութ 1963). «Թա­տե­րա­խում­բին բե­մադ­րու­թիւ­նը լրիւ յա­ջո­ղու­թիւն մըն է։ Եւ ա­սի­կա պա­տիւ կը բե­րէ բե­մադ­րիչ Պերճ Ֆազ­լեա­նի­ն»։

- Օն­նիկ Սար­գի­սեան («Խօս­նա­կ», Պէյ­րութ, 1964). «Պերճ Ֆազ­լեա­նի պրպտող ջան­քե­րուն շնոր­հիւ է որ բե­մա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կ­՚այ­ցե­լէ մե­զի»։

- Ա­ւե­տիս Եա­փու­ճեան («Ա­րե­ւ», Գա­հի­րէ, 1969). «Պերճ Ֆազ­լեան ոչ միայն հան­րա­ծա­նօթ բե­մադ­րիչ ու դե­րա­սան է, այ­լեւ՝ ա­րուես­տա­գէ­տի իր ա­ռա­քե­լու­թեան գի­տա­կից մարդ մը, խո­հուն, ինք­նավս­տահ, բայց հա­մես­տ»։

- Ա­րա Արծ­րու­նի («Ազ­դա­կ», Պէյ­րութ, 1970). «Բե­մադ­րիչ Պերճ Ֆազ­լեան պա­տի­ւով եւ յա­ջո­ղու­թեամբ յաղ­թա­հա­րեց դժուա­րու­թիւն­նե­րը։ Ար­դա­րեւ նոր բե­մա­կա­նա­ցու­մով մը, բո­լոր թե­րու­թիւն­նե­րը ջնջուած էի­ն»։

- Տքթ. Պախ­տիար Յո­վա­կի­մեան (Ե­րե­ւան, 1987). «Տես­նուած բա՞ն է, որ մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէզ­նե­րում հա­յազ­գի թա­տե­րա­կան գոր­ծի­չը ներ­կա­յաց­նէ Լի­բա­նա­նի ա­րա­բա­կան թատ­րո­նը»։

- Շա­քէ Վար­սեան («Հայ­րե­նի­քի Ձայ­ն», Ե­րե­ւան, 1987). «Ե­ռան­դուն, գոր­ծի­մաց, խի­զախ մտայ­ղա­ցում­նե­րի տէր եւ դրանք յա­մա­ռօ­րէն ի­րա­գոր­ծող թա­տե­րա­կան գոր­ծիչ է Պերճ Ֆազ­լեա­նը»։

- Պայ­ծիկ Գա­լայ­ճեան («Զար­թօն­ք», Պէյ­րութ, Սեպ­տեմ­բեր 19, 2009). «Հայ­կա­կան եւ լի­բա­նա­նեան թատ­րո­նի երկն­քին վրայ աստ­ղա­փայ­լող ե­րե­ւոյթ մը ե­ղաւ Ֆազ­լեան. ա­րա­բա­կան թատ­րո­նին մէջ ու­նե­ցաւ իր ու­րոյն հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը դառ­նա­լով միւս կող­մէ լի­բա­նա­նա­հայ թատ­րո­նի կաղ­նի­ն»։

Վեր­ջին այ­ցե­լու­թիւնս տուի իր ի­րեն այս տա­րուան Յու­նուար 5-ին Պէյ­րու­թի ա­րուար­ձան­նե­րէն հի­ւան­դա­նո­ցի մը մէջ: Մի՛շտ ար­թուն տե­սած եմ զինք ... ճանչ­ցած Պեր­ճէն մնա­ցած էին իւ­րա­յա­տուկ իր աչ­քե­րը միայն: Ա­մուր սեղ­մե­ցի վար­պե­տին ձեռ­քը, համ­բու­րե­ցի ու կա­մա­ցուկ մը հե­ռա­ցայ սե­նեա­կէն:

Կը մա­հա­նայ Պէյ­րու­թի մէջ, Փետ­րուարի 15-ին, 2016-ին, 90 տա­րե­կա­նին: Յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ Ան­թի­լիա­սի մայր­վան­քին մէջ, Փետ­րուարի 18-ին, 2016-ին:

Պերճ Ֆազ­լեան գնաց միա­նա­լու իր ըն­կեր­նե­րուն՝ Վահ­րամ Փա­փա­զեա­նին, Հրա­չեայ Ներ­սէ­սեա­նին, Վար­դան Ա­ճե­մեա­նին ու Ֆրուն­զի­կին: ... Հի­մա ան ար­դէն Վե­րէն կը խնդայ այս աշ­խար­հը մնա­ցած իր երկր­պա­գու­նե­րուն:

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Նիւ Եորք

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2016