11 ՄԻԼԻՈՆ ԳԻՐՔ

Մեծն Բրի­տա­նիոյ գի­տա­կան, կրթա­կան կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կուն՝ Օքս­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նի գրա­դա­րա­նը իր կար­գին բա­ցա­ռիկ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն մըն է: Պոտ­լէ­եան նշա­նա­ւոր գրա­դա­րանն է, որ Եւ­րո­պա­յի հնա­գոյն գրա­դա­րան­նե­րէն մին է, միա­ժա­մա­նակ՝ Մեծն Բրի­տա­նիոյ երկ­րորդ ա­մե­նէն հին գրա­դա­րա­նը, ուր անց­նող օ­րե­րուն ա­ռիթ ու­նե­ցանք ներ­կայ ըլ­լա­լու եւ վա­յե­լե­լու գրա­դա­րա­նի գի­տա­կան-ու­սում­նա­կան մթնո­լոր­տը: Միայն այն, որ ու­ղեկ­ցո­ղը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ այս գրա­դա­րա­նին մէջ կը պա­հուին 11 մի­լիոն գիր­քեր, ար­դէն իսկ կը բա­ւէ, որ ակ­նա­ծան­քով լե­ցուիս ա­նոր պատ­մու­թեան, ու­նե­ցած ժա­ռան­գու­թեան եւ ան­ցած ճա­նա­պար­հին հան­դէպ: Հինգ մաս­նա­շէն­քե­րու մէջ տե­ղա­կա­յուած գրա­դա­րա­նին բո­լոր կա­ռոյց­ներն ալ ու­նին հնա­գոյն անկրկ­նե­լի ճար­տա­րա­պե­տու­թիւն: Այդ շէն­քե­րու պատ­մու­թիւ­նը կը սկսի ուշ միջ­նա­դա­րէն եւ կը հաս­նի մին­չեւ 1930-ա­կան­ներ եւ ինչ­պէս այ­ցե­լու­նե­րուն տե­ղե­կաց­ուց ու­ղեկ­ցո­ղը, բա­ցի հինգ մաս­նա­շէն­քե­րէն գրա­դա­րա­նը ու­նի հսկա­յա­կան պա­հես­տա­յին տա­րածք­ներ, ո­րոնք ա­ւե­լի հե­ռու վայ­րի մը մէջ կը գտնուին: Օքս­ֆոր­տի մէկ այլ գրա­դա­րա­նը՝ Թուա­յին գրա­դա­րա­նը, սկսած է թուայ­նաց­նել Պոտ­լէեա­նի նիւ­թե­րը, եւ ինչ­պէս յայտ­նե­ցին, շատ մը նիւ­թեր ար­դէն մատ­չե­լի են թուա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ:

Այս գրա­դա­րա­նը Օքս­ֆոր­տի գիտ­նա­կան­նե­րու շրջա­նին ծա­նօթ է «Պոտ­լէ­յ» կամ պար­զա­պէս «Պո­տ» ա­նու­նով: Հա­մա­ձայն 2003 թուա­կա­նի Ա­ւան­դա­պահ գրա­դա­րան­նե­րու ի­րա­ւա­կան աք­թի, ան Միա­ցեալ Թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ հրա­տա­րա­կուող աշ­խա­տան­քե­րու հա­մար վեց ի­րա­ւա­կան ա­ւան­դա­պահ գրա­դա­րան­նե­րէն մին է, եւ ըստ Իր­լան­տա­կան օ­րէն­քին՝ ան լիա­զօ­րու­թիւն ու­նի պա­հան­ջե­լու Իր­լան­տա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ հրա­տա­րա­կուող իւ­րա­քան­չիւր գրքի կրկնօ­րի­նա­կը։

Պոտ­լէեան գրա­դա­րան այ­ցե­լու­թեան նպա­տա­կը ոչ միայն գրա­դա­րա­նի բա­ցա­ռիկ ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը, ա­նոր ըն­դար­ձակ եւ ա­ւան­դա­պահ ու միա­ժա­մա­նակ՝ ժա­մա­նա­կա­կից ո­ճով կա­հա­ւո­րուած սրահ­նե­րը տես­նելն էր, այլ նաեւ՝ գրա­դա­րա­նի «ST Lee» սրա­հին մէջ հայ­կա­կան ցու­ցադ­րու­թեա­ն ծա­նօ­թա­նա­լը, ո­րու մա­սին տե­ղե­կա­ցած էինք մա­մու­լէն: Ցու­ցաս­րա­հի մուտ­քին տե­ղադ­րուած ցու­ցա­նա­կը ար­դէն կը տե­ղե­կաց­նէր հայ­կա­կան ցու­ցադ­րու­թեան մա­սին, որ կը կրէ «Հա­յաս­տան. Յա­րա­կա­յուն մշա­կոյ­թի ձե­ռա­գիր­նե­րը» եւ նուի­րուած է հայ ժո­ղո­վուր­դի 2500-ա­մեայ պատ­մու­թեա­ն:

Պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Պոտ­լէեան գրա­դա­րա­նը ցու­ցադ­րու­թեան հա­նած է իր հայ­կա­կան հա­ւա­քա­ծոն, ո­ր հա­մալ­սա­րա­նի միւս հա­ւա­քա­ծո­նե­րու կար­գին կը նկա­տուի հնա­գոյ­նը: Հայ­կա­կան ա­մե­նէն հին նմոյ­շը այս գրա­դա­րա­նին մէջ թուագ­րուած է 1635 թուա­կա­նին, երբ գրա­դա­րա­նը նուէր ստա­ցած է Լաու­տի Ար­քե­պիս­կո­պո­սին կող­մէ: Ինչ­պէս իր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու մէջ կը նշէ Մհէր Պա­պեան, ցու­ցակ­նե­րու վրայ պահ­պա­նուած նշոյմ­նե­րուն հա­մա­ձայն, Պոտ­լէեան գրա­դա­րա­նի հա­ւա­քա­ծոն այդ նուի­րա­տուու­թե­նէն ետք կազ­մա­ւո­րուած է Տքթ. Թո­մաս Մար­շա­լի, Տքթ. Է­տուըրտ Փո­քո­քի եւ Ներ­սէ­սուս Մար­շ Ար­քե­պիս­կո­պո­սի նուի­րա­տու­ու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ: Ըստ 1665-1701 թուա­կան­նե­րուն Պոտ­լէեան գրա­դա­րա­նի գրա­դա­րա­նա­վար Տքթ. Հայ­տի ձեռ­քով կազ­մուած հա­յե­րէն ձե­ռագ­րե­րու գիր­քե­րու ցու­ցա­կի, ար­դէն 17-րդ դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան Պոտ­լէեան գրա­դա­րա­նը ու­նէր 92 հա­յե­րէն ձե­ռա­գիր եւ 52 տպա­գիր գիրք: 1707 թուա­կա­նին Օքս­ֆորտ այ­ցե­լած է հայ տպագ­րու­թեան ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն Թով­մա Ար­քե­պիս­կո­պոս Վա­նան­դե­ցին, որ այդ ժա­մա­նակ ար­դէն տա­րի­քը ա­ռած 90-ա­մեայ ծե­րու­նի մըն էր եւ իր այդ այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ ան գրա­դա­րա­նին նուի­րած է Ամս­թեր­տա­մի մէջ իր հիմ­նադ­րած տպա­րա­նէն ներս տպագ­րուած հա­յե­րէն գիր­քե­րու օ­րի­նակ­նե­րը:

Ա­ւե­լի ուշ՝ 19-րդ դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան եւ 20-րդ դա­րու սկիզ­բին բազ­մա­թիւ ձե­ռագ­րեր ձեռք բե­րուած են հա­յա­գէտ­ներ Սու­քիաս Պա­րո­նեա­նի եւ Ֆրե­տե­րիք Կո­նի­պէ­րի կող­մէ: Նոյն այդ ժա­մա­նակ Պոտ­լէեա­նի մէջ ար­դէն բա­ւա­կան գիր­քեր, ձե­ռագ­րեր ու հայ մշա­կոյ­թի եւ պատ­մու­թեան գան­ձա­րա­նը ներ­կա­յաց­նող այն­քան նմոյշ­ներ հա­ւա­քուած էին, որ պա­հանջք յա­ռա­ջա­ցած էր կա­տա­րել ա­նոնց գի­տա­կան նկա­րագ­րու­թիւ­նը: Այդ շնոր­հա­կալ գոր­ծին սկսած է հա­յա­գէտ Սու­քիաս Պա­րո­նեան, սա­կայն ա­ւար­տին չէ հաս­ցու­ցած: Ա­նոր մա­հէն ետք Պոտ­լէեան գրա­դա­րա­նի հայ­կա­կան հա­ւա­քա­ծո­յի գի­տա­կան նկա­րագ­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կած է անգ­լիա­ցի հա­յա­գէտ Ֆրե­տե­րիք Կոռն­վա­լիս Կո­նի­պէ­ր, որ 1881 թուա­կա­նէն ե­ղած է Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս, 1903 թուա­կա­նին՝ Բրի­տա­նա­կան ա­կա­դե­միոյ ան­դամ, Վե­նե­տի­կի Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան ճե­մա­րա­նի ան­դամ։ Ան հրա­տա­րա­կած է Պոտ­լէեան գրա­դա­րա­նի հայ­կա­կան ձե­ռագ­րա­ցու­ցա­կը: Այդ ձե­ռագ­րա­ցու­ցա­կը ար­դէն ինք­նին ցու­ցան­մոյշ մըն է եւ կը պա­հուի հայ­կա­կան հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ: 1918 թուա­կա­նէն ետք Պոտ­լէեան գրա­դա­րա­նի հայ­կա­կան ձե­ռագ­րա­ցու­ցա­կը ու­սում­նա­սի­րու­թեան չէ են­թար­կուած, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ գրա­դա­րա­նը շա­րու­նա­կած է գնել կամ նուի­րա­տուու­թիւն­ներ ստա­նալ հայ­կա­կան ձե­ռագ­րեր: Այդ աշ­խա­տան­քին 1990-ա­կան­նե­րու ա­ւար­տին ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է Օքս­ֆոր­տ հա­մալ­սա­րա­նի հա­յազ­գի ու­սա­նող Մհէր Պա­պեան, որ ա­ռան­ձին ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ մը հրա­պա­րա­կած է Օքս­ֆոր­տ հա­մալ­սա­րա­նի «Պոտ­լէեան գրա­դա­րա­նի հայ­կա­կան ձե­ռա­գիր­նե­րը» աշ­խա­տու­թիւ­նը:

«Հա­յաս­տան. Յա­րա­կա­յուն մշա­կոյ­թի ձե­ռա­գիր­նե­րը» ցու­ցա­հան­դէ­սը բա­ցուած է 23 Հոկ­տեմ­բե­րին եւ կը գոր­ծէ մին­չեւ Փետ­րուա­րի 28-ը: Ցու­ցա­հան­դէ­սի մուտ­քը անվ­ճար է, եւ ար­տօ­նուած չէ սրա­հին մէջ ո­րե­ւէ նկա­րա­հա­նում, լու­սան­կա­րա­հա­նում կա­տա­րել: Մեր այ­ցե­լու­թեան պա­հուն կա­յին բա­ւա­կան մեծ թի­ւով օ­տար այ­ցե­լու­ներ, ո­րոնք հե­տաքրք­րուած կը դի­տէին հա­յոց մշա­կոյ­թի գան­ձե­րը եւ նոյն­քան հե­տաքրք­րու­թեամբ հար­ցում­ներ կ՚ուղ­ղէին ցու­ցա­հան­դէ­սի պա­տաս­խա­նա­տու աշ­խա­տակ­ցին:

Պոտ­լէեան գրա­դա­րա­նի հայ­կա­կան հա­ւա­քա­ծոն կը նկա­տուի հա­զուա­գիւտ եւ կը պա­րու­նա­կէ հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի նմոյշ՝ ձե­ռա­գիր­ներ, գիր­քեր, կեն­ցա­ղա­յին ի­րեր, կի­րա­ռա­կան ա­րուես­տի նմոյշ­ներ, ո­րոնք գրա­դա­րա­նը ձեռք բե­րած է կա՛մ նուի­րա­տու­ու­թիւն­նե­րու կա՛մ վճա­րե­լու մի­ջո­ցաւ: Հա­ւա­քա­ծո­յին մաս կազ­մող ձե­ռա­գիր ա­ւե­տա­րան­նե­րը գրուած են Ա­րե­ւե­լեան Հա­յաս­տա­նի կամ Պարս­կաս­տա­նի տա­րած­քին:

Ցու­ցադ­րուած ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րու մէջ ար­ժէ­քա­ւոր նմոյշ­ներ են Յա­կոբ Ջու­ղա­յե­ցիի նկա­րա­զար­դած Ա­ւե­տա­րա­նը, ո­ր կը նկա­տուի Վաս­պու­րա­կա­նի ման­րան­կար­չա­կան դպրո­ցի լա­ւա­գոյն ձե­ռա­գիր­նե­րէն մին: Այլ ար­ժէ­քա­ւոր Ա­ւե­տա­րան մըն է՝ կրկին Վաս­պու­րա­կա­նի դպրո­ցի այլ նշա­նա­ւոր գրչի եւ ման­րան­կար­չի մը՝ Սար­գիս Մո­կա­ցիի նկա­րա­զար­դած Ա­ւե­տա­րա­նը: Ցու­ցադ­րուած են գրիչ Ա­րիս­տա­կէս Ե­պիս­կո­պո­սի կող­մէ գրուած Ա­ւե­տա­րա­նը, ո­րու ստեղծ­ման թուա­կա­նը ան­յայտ է, Ե­սա­յի գրի­չի՝ 1660 թուա­կա­նին գրած Խրա­տա­գիրք-Ա­ռա­կա­գիր­քը (Տա­ւու­շի Թաուզ գիւղ), գրիչ Գաս­պար Ե­րէ­ցի Յայս­մա­ւուր­քը (Շոշ, Պարս­կաս­տան, գիւղ Թոր­սը­կան), եւս մէկ Յայ­սա­մա­ւուրք՝ Գան­ձա­կի Յով­հան­նէս Մկրտիչ վան­քէն (17-18-րդ դար): 1664 թուա­կա­նին Էջ­միած­նի մէջ գրուած Ժա­մա­գիր­քը նոյն­պէս Պոտ­լէեա­նի ձե­ռա­գիր­նե­րու կար­գին է եւ նոյն­պէս ցու­ցադ­րուած է իբ­րեւ հնա­գոյն ձե­ռա­գիր ար­ժէք: Կան նաեւ այլ ժա­մագր­քեր, ու ա­ղօ­թագր­քեր, ո­րոնց ստեղծ­ման վայրն ու թուա­կա­նը ան­յայտ են:

Օքս­ֆոր­տ հա­մալ­սա­րա­նի ձե­ռա­գիր ա­ւե­տա­րան­նե­րը նշուած են հե­տե­ւեալ կերպ՝ Arm. d. 22, Ms. Arm. d. 25 եւ այլն:

Ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րու կող­քին գրա-դա­րա­նի ցու­ցաս­րա­հին մէջ ցու­ցադ­րուած է նաեւ Տա­րօ­նի Սուրբ Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ց-ւոյ Սուրբ Սե­ղա­նի մե­տաք­սեայ ծած­կո­ցը, որ ե­կե­ղե­ցիին նուի­րուած է 1788 թուա­կա­նին: Ե­կե­ղե­ցին ա­ւե­րուած է, բայց ծած­կո­ցը հրաշ­քով մը փրկուած ու հա­սած է հե­ռա­ւոր ա­փեր:

Ձե­ռագ­րե­րէն ու ե­կե­ղե­ցա­կան սպաս­նե­րէն զատ ընդգր­կուած են նաեւ հա­րուստ հայ­կա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու պատ­կա­նած կեն­ցա­ղա­յին ի­րեր, ո­րոնք գրա­դա­րա­ն հա­սած են նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ: Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ցու­ցադ­րու­թեան հա­նուած է գրա­դա­րա­նի նուի­րա­տու­նե­րէն մէ­կուն մեծ­մօր 1890 թուա­կա­նի ժա­նեա­կա­զարդ օ­ձի­քը, ըն­տա­նի­քի մը պատ­կա­նած Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեա­ն» գրքի կրկնօ­րի­նա­կը, ո­ր փո­խանցուած է սե­րուն­դէ սե­րունդ ու պաշ­տա­մուն­քի ա­ռար­կայ դար­ձած՝ որ­պէս ըն­տա­նի­քի պաշտ­պան:

Կեն­ցա­ղա­յին ի­րե­րու կար­գին ցու­ցադրուած է նաեւ ռու­սա­կան ինք­նաեռն ու սուր­ճի բա­ժակ­նե­րու հա­ւա­քա­ծոն, ո­րոնք ա­ւան­դա­բար գոր­ծա­ծուած են սուր­ճի նստուած­քով գու­շա­կու­թիւն­նե­րու հա­մար, զո­րս տ­րա­մադ­րած է Չա­լուա­ճեան ըն­տա­նի­քը: Ի­րե­րու պատ­մու­թիւ­նը ցոյց կու տայ հա­յե­րու դե­գե­րում­նե­րը 1915 թուա­կա­նէն յե­տոյ. Կի­լի­կիոյ հա­յե­րու սպաս­քը յայտ­նուած է Մի­լա­նօ, յե­տոյ՝ Գա­հի­րէ, իսկ յե­տոյ ար­դէն Միա­ցեալ Թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ:

Ցու­ցաս­րա­հի ու­ղիղ կեդ­րո­նին, ա­պա­կե­պատ դա­րակ­նե­րու մէջ ա­ռան­ձին ցու­ցադ­րու­թեամբ մը նե­րկա­յա­ցուած է հայ­կա­կան այ­բու­բե­նի ստեղծ­ման պատ­մու­թիւ­նը, ձե­ռա­գործ այ­բու­բեն, այ­բու­բե­նը ներ­կա­յաց­նող ձե­ռագ­րեր, ի­րեր:

Նշենք նաեւ, որ Պոտ­լէեա­նի ու­նե­ցած հայ­կա­կան հա­ւա­քա­ծո­յէն զատ այս ցու­ցա­հան­դէ­սին ե­րեք ցու­ցան­մոյ­շով մաս­նակ­ցած է նաեւ Հա­յաս­տա­նը: ցու­ցադ­րու­թեան հա­մար Հա­յաս­տա­նի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նուան գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան հիմ­նար­կէն Օքս­ֆորտ տա­րուած է ե­րեք բա­ցա­ռիկ ձե­ռա­գիր՝ եր­կու հնա­գոյն Աս­տուա­ծա­շունչ եւ մէկ Ա­ւե­տա­րան, ո­րոնք ցու­ցադ­րու­թեան ա­ւար­տէն ետք պի­տի վե­րա­դար­ձուին Հա­յաս­տան:

 Խօ­սե­լով օքս­ֆոր­տեան հա­մալ­սա­րա­նի գրա­դա­րա­նին մա­սին, հարկ է նշել նաեւ գրա­դա­րա­նին ա­ռըն­չուող հե­տաքրք­րա­կան դրուագ մը, որ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ին փո­խան­ցեց «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի Հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար Ռազ­միկ Փա­նո­սեան: Ան յի­շեց օքս­ֆոր­տեան իր ու­սում­նա­ռու­թեան տա­րի­նե­րը, երբ հարկ ե­ղած է օգ­տուիլ գրա­դա­րա­նէն եւ տե­ղե­կա­ցած է, որ գրա­դա­րա­նի ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, նախ­քան մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն ստա­նա­լը, իւ­րա­քան­չիւր ըն­թեր­ցող պէտք է իր մայ­րե­նի լե­զուով հնչեց­նէ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն: Պոտ­լէեան գրա­դա­րա­նը ու­նի այդ յայ­տա­րա­րու­թեան բազ­մա­թիւ լե­զու­նե­րով թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ հա­յե­րէ­նը, որ կը տրուի այն հայ ու­սա­նող­նե­րուն, ո­րոնք կը նա­խընտ­րեն անգ­լե­րէ­նի փո­խա­րէն ար­տա­սա­նել մայ­րե­նի լե­զուով եւ միայն այդ իւ­րա­տե­սակ եր­դու­մը կա­տա­րե­լէ ետք կը դառ­նան գրա­դա­րա­նի ըն­թեր­ցող: Ա­հա­ւա­սիկ այդ թեքս­տը.

 «Սոյ­նով ես կը պար­տա­ւո­րուիմ Գրա­դա­րա­նէն դուրս չհա­նել, չնշել, կամ ո­րե­ւէ կերպ չվնա­սել ո­րե­ւէ հա­տոր, փաս­տա­թուղթ կամ ա­տոր պատ­կա­նող կամ ա­տոր պահ­պա­նու­թեան տակ գտնուող այլ ա­ռար­կայ չբե­րել գրա­դա­րան, կամ չվա­ռել այն­տեղ կրակ եւ չծխել Գրա­դա­րա­նի մէջ, եւ կը խոս­տա­նամ են­թար­կուիլ Գրա­դա­րա­նի բո­լոր կա­նոն­նե­րու­ն»։

Հա­յաշ­խար­հի հա­մար ան­շուշտ մեծ հպար­տու­թիւն է Եւ­րո­պա­յի նշա­նա­ւոր գի­տա­կան, հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կուն մէջ չորս ա­միս շա­րու­նակ ու­նե­նալ հայ­կա­կան պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը ներ­կա­յաց­նող ի­րաւ բա­ցա­ռիկ ցու­ցադ­րու­թիւն մը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016