«Խելացի Հեռաձայնը»

Էշ­րե­ֆիէ մեր բնա­կած թա­ղի միակ խա­նու­թը մեր տու­նէն բա­ւա­կան հե­ռու էր: Հոն կա­րե­լի էր գտնել ա­մէն ինչ: «Չկայ» բա­յը գո­յու­թիւն չու­նէր այդ փոքր կրպա­կին մէջ: Կար նաեւ այդ թուա­կան­նե­րուն այն­քան հա­զուա­գիւտ իր ե­ղող հե­ռա­ձայն մը: 15 լի­բա­նա­նեան դա­հե­կա­նի փո­խա­րէն՝ յա­ճա­խորդ­նե­րը քա­նի մը վայր­կեան հե­ռա­ձայ­նը գոր­ծա­ծե­լու ի­րա­ւունք կը ստա­նա­յին, սա­կայն ո՞ւր եւ ո­րո՞ւ հե­ռա­ձայ­նել: Քա­նի՞ հո­գի իր տան մէջ հե­ռա­ձայն ու­նէր այդ օ­րե­րուն:

Տա­րի­ներ ետք, երբ փո­խադ­րուե­ցանք Պուրճ Հա­մուտ, շնոր­հիւ եղ­բօրս բա­րե­կա­մա­կան մեծ շրջա­նա­կին, հե­ռա­ձայ­նա­յին ըն­կե­րու­թեան մէջ աշ­խա­տող պաշ­տօ­նեա­յի մը միջ­նոր­դու­թեամբ, կրցանք ու­նե­նալ մեր անձ­նա­կան հե­ռա­ձայ­նի գի­ծը: Ա­մէն մար­դու չէր վի­ճա­կուած այդ «բախ­տը»:

Բա­ւա­կան մեծ, սեւ գոր­ծիք մըն էր, ո­րուն կեդ­րո­նը կը գտնուէր ա­նի­ւա­ձեւ մաս մը, ո­րուն վրայ կըր-նա­յինք կար­դալ մէ­կէն մին­չեւ զե­րօ թուան­շան­նե­րը, եւ այդ թի­ւե­րը դարձ­նե­լով կ՚ամ­բող­ջաց­նէինք մեր դի­մա­ցի ան­ձին հե­ռա­ձայ­նի թի­ւը:

Այդ շրջա­նին հե­ռա­ձայ­նի թի­ւե­րը 6 թի­ւե­րէ կը բաղ­կա­նա­յին: Մին­չեւ այ­սօր մտքիս մէջ դրոշ­մուած է մեր տան հե­ռա­ձայ­նի թի­ւը: 26 75 11: Հե­տաքրք­րա­կան է գիտ­նալ՝ ներ­կա­յիս ո­րո՞ւ վի­ճա­կուած է այդ թի­ւը, ան­շուշտ սկիզ­բը, բնա­կած շրջա­նիդ հա­մա­պա­տաս­խա­նող թի­ւը (area code) ա­ւելց­նե­լով:

Մեր ժա­մա­նակ նշուած 6 թի­ւե­րը բա­ւա­րար էին:

Օ­րե­րով ու շա­բաթ­նե­րով մեր հե­ռա­ձայ­նին զան­գը չէր հնչեր: Ո՞վ պի­տի հե­ռա­ձայ­նէր. մա­տի վրայ կը համ­րուէին հե­ռա­ձայն ու­նե­ցող­նե­րը: Քա­ղա­քի կող­մը բնա­կող՝ դա­սըն­կեր­նե­րէս քա­նի մը հո­գին ի­րենց տան մէջ հե­ռա­ձայն ու­նէին: Ա­ռանց կա­րե­ւոր ը­սե­լիք մը ու­նե­նա­լու՝ եր­բեմն կը հե­ռա­ձայ­նէի պար­զա­պէս հե­ռա­ձայ­նե­լու հա­ճոյ­քը վա­յե­լե­լու հա­մար:  Կը պա­տա­հէր նաեւ, որ հե­ռա­ձայն ստա­նա­յինք բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօ­թէ մը, որ կը խնդրէր խօ­սիլ մե­զի դրա­ցի իր ազ­գա­կա­նին կամ բա­րե­կա­մին հետ: Ըն­կա­լու­չը վար դնե­լով՝ կ՚եր­թա­յինք դրա­ցին կան­չե­լու, որ հե­ռա­ձայ­նը գոր­ծա­ծե­լէն ետք, ա­ռանց գա­ւաթ մը սուր­ճի մեր տու­նէն չէր մեկ­ներ:

Այդ ժա­մա­նակ­նե­րուն հե­ռա­ձայն գոր­ծա­ծե­լը լուրջ «գոր­ծո­ղու­թիւն» էր: Ըն­կա­լու­չը վերց­նե­լէդ ետք, ա­կան­ջիդ մօ­տեց­նե­լով, նախ պէտք էր ստու­գէիր «գիծ»ի ներ­կա­յու­թիւ­նը: «Լա» նո­թը հնչող ձայ­նա­կան հնչում մը կը փաս­տէր «գիծ»ի ժա­մա­նու­մը, որ շատ յա­ճախ կ՚ու­շա­նար: Չա­փա­զան­ցած չեմ ըլ­լար, ե­թէ ը­սեմ, որ եր­բեմն 30-45 վայր­կեան կը սպա­սէինք լսե­լու հա­մար այդ փրկա­րար նո­թը: Կը պա­տա­հէր նաեւ, որ մեր համ­բե­րու­թիւ­նը հատ-­նէր եւ ըն­կա­լու­չը տե­ղը դնէինք՝ ա­ռանց կա­րե­նալ հե­ռա­ձայ­նե­լու:

Մեր տան մէջ ա­մե­նէն համ­բե­րա­տար ան­ձը հայրս էր: Ըն­կա­լու­չը ա­կան­ջին մօ­տե­ցու­ցած, ա­ռանց գան­գա­տե­լու, եր­կա՜ր կը սպա­սէր «գիծ»ի ժա­մա­նու­մին եւ ան­մի­ջա­պէս մե­զի կ՚ա­ւե­տէր. «Գի­ծը» ե­կաւ»: Ան­մի­ջա­պէս կը սկսէինք թի­ւե­րու կլոր «ա­նի­ւը» դարձ­նել, սա­կայն եր­բեմն կը պա­տա­հէր, որ տա­կա­ւին թի­ւը չամ­բող­ջա­ցու­ցած, դար­ձեալ գի­ծը ան­ջա­տուէր եւ ա­մե­նա­հան­դարտ անձն ան­գամ ջղա­յին  դառ­նար (ի բաց ա­ռեալ հօր­մէս):

«Թէ ա­սում են դի­մա­ցիր­

Ես ո՜նց դի­մա­նամ»

(Ժո­ղովր­դա­յին երգ)

Տա­րի­նե­րը ի­րա­րու  յա­ջոր­դե­ցին: Տու­նե­րու մէջ հե­ռա­ձայն ու­նե­ցող­նե­րու թի­ւը բազ­մա­պատ­կուե­ցաւ: Վա­ճա­ռա­տու­նե­րը գրե­թէ բո­լո­րը ու­նէին ի­րենց անձ­նա­կան հե­ռա­ձայ­նը: «Գիծ»ե­րը շատ ա­ւե­լի յա­ճախ կը թոյ­լատ­րէին, որ կա­րե­նանք եր­կու բառ փո­խա­նա­կել հե­ռա­ւոր բա­րե­կա­մի մը հետ:

«Հե­ռա­խօս» կամ «հե­ռա­ձայն»: Չէ՞ որ այդ նպա­տա­կով հնա­րուած էր այդ «հրաշք» գոր­ծի­քը:

***

Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը սկսած էր: Յա­ճա­խա­կի ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան ընդ­հա­տում, նաեւ՝ տագ­նապ հե­ռա­ձայ­նի, որ այդ օ­րե­րուն ա­մե­նա­կեն­սա­կան բա­նե­րէն մէկն էր:

Սի­րե­լի մը մնա­ցած է «սահ­ման»ին միւս կող­մը: Ճամ­բա­նե­րը փակ են. տնե­ցիք՝ մտա­հոգ: «Միւս» կող­մը գտնուող բա­րե­կա­մի մը տան մէջ «ա­պա­հով» է, սա­կայն ինչ­պէ՞ս տե­ղե­կաց­նել ըն­տա­նի­քին ու փա­րա­տել տնե­ցի­նե­րուն մտա­հո­գու­թիւ­նը:

Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւ­նը օ­րե­րէ ի վեր բա­ցա­կայ է: Ա­մէն կողմ ա­մա­յի է եւ մութ: Ճամ­բա­նե­րը՝ ա­նա­պա­հով: Նա­խընտ­րե­լի է մնալ հոն, ուր կը գտնուիս, սա­կայն ըն­տա­նիքդ մտա­հոգ է քեզ­մով: Հե­ռա­ձա­նով մը կա­րե­լի է հանգս­տաց­նել, նաեւ՝ հանգս­տա­նալ, սա­կայն այդ ա­մենէն կա­րե­ւոր պա­հուն, երբ ա­ւե­լի քան եր­բեք կա­րիք կը զգանք այդ հե­ռա­ձայ­նին, այդ գոր­ծի­քը դար­ձած է խուլ ու համր:  Տան մէկ ան­կիւ­նը, դար­ձած է ան­գոր­ծա­ծե­լի «զարդ» մը:

«Հե­ռա­խօս», ո­րուն մի­ջո­ցով հե­ռուն խօ­սե­լու ան­կա­րող ես: «Հե­ռա­ձայն», ո­րուն մի­ջո­ցով հե­ռու գտնուող ան­ձին ձայ­նը չի հաս­նիր ա­կան­ջիդ:

Լի­բա­նա­նէն դուրս ո­րե­ւէ եր­կիր հե­ռա­ձայ­նե­լու հա­մար պայ­ման էր եր­թալ նա­մա­կա­տան շէն­քը, ուր կը գտնուին նաեւ հե­ռա­ձայ­նի գրա­սե­նեակ­նե­րը:

Քա­նի մը օ­րէն Պէյ­րու­թէն կը մեկ­նիմ հաս­տա­տուե­լու հա­մար Լոս Ան­ճե­լըս:

Ինք­զինքս բախ­տա­ւոր կը զգամ, որ դի­մա­ւո­րող ու­նիմ: Ժա­մա­նու­միս թուա­կանն ու ժա­մը Լոս Ան­ճե­լըս գտնուող զար­մի­կիս տե­ղե­կաց­նե­լու հա­մար  կ՚ուղ­ղուիմ դէ­պի նա­մա­կա­տուն, սա­կայն տա­կա­ւին չհա­սած՝ յան­կար­ծա­կի ռմբա­կո­ծում մը ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ, ու կը վե­րա­դառ­նամ տուն՝ ա­ռանց կա­րե­նալ հե­ռա­ձայ­նե­լու:

Յա­ջորդ օ­րը վեր­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը «վա­յե­լեմ» ռում­բե­րուն հա­մեր­գը, եւ այն­քան կա­րե­ւոր հե­ռա­ձայ­նը չգոր­ծա­ծած, մին­չեւ վեր­ջին օ­րը ան­կա­րող օգ­տուե­լու հե­ռա­ձայ­նի բա­րիք­նե­րէն, կը հե­ռա­նամ ծննդա­վայ­րէս՝ հաս­տա­տուե­լու եր­կիր մը, ուր այն­քան դիւ­րին է ա­նոր գոր­ծա­ծու­թիւ­նը, սա­կայն կը պակ­սի ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ ծննդա­վայ­րիս հայ­կա­կան տա­քուկ մթնո­լոր­տը:

***

Տաս­նա­մեակ­ներ ան­ցած են այդ թուա­կա­նէն: Ար­դիա­կա­նա­ցած են նաեւ հե­ռա­ձայն­նե­րը: Նոր տի­պի հե­ռա­ձայն­ներ հրա­պա­րա­կի վրայ են, ու կը կո­չուին «բջի­ջա­յին»: Ո՛չ «լա», ոչ ալ «սոլ» նո­թե­րը հնչող ձայ­նա­կան հնչում­նե­րը կը լսենք ստու­գե­լու հա­մար գի­ծի ներ­կա­յու­թիւ­նը: «Գիծ» սպա­սե­լու կա­րի­քը չենք զգար: Ներ­կայ է ընդ­միշտ: Ար­բա­նեակ­նե­րու մի­ջո­ցով կ՚աշ­խա­տին: Դար­ձած է մեր մէկ մաս­նի­կը, մեր ան­բա­ժան «ըն­կե­րը»: Մե­զի հետ է ա­մէն վայր­կեան:

Խե­լա­ցի գոր­ծիք մըն է, եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով կ՚ա­նուա­նեն «Սմարթ ֆոն» (խե­լա­ցի հե­ռա­ձայն), սա­կայն ե­րա­նի միայն հե­ռա­ձայն ըլ­լար: Հան­ճար մըն է:

Հե­ռա­ձայն է, նաեւ՝ ժա­մա­ցոյց, լու­սան­կար­չա­կան գոր­ծիք, լու­սար­ձակ, օ­րա­ցոյց, հաս­ցէի մը ու­ղե­ւո­րու­թիւնդ ցոյց տուող GPS, հա­մայ­նա­գի­տա­րան ու բա­ռա­րան: Ա­մէն ինչ է, ո՞ր մէ­կը յի­շեմ: Աշ­խար­հի ո­րե­ւէ ան­կիւն գտնուող ան­ձի մը ե-նա­մակ­ներդ կամ գրա­ւոր պատ­գամ­ներդ երկ­վայր­կեա­նա­կան ու­ղար­կե­լու եւ ստա­նա­լու մի­ջոց: Կա­րե­լի է նաեւ ու­ղար­կել նկար­ներ եւ կա­րե­ւոր փաս­տա­թուղ­թեր: Դրա­մա­կան վճա­րում­ներդ կա­րե­լի է կա­տա­րել ա­ռանց դրա­մա­տուն այ­ցե­լե­լու: Ցոյց կու տայ օ­րուան եւ յա­ջոր­դող օ­րե­րուն ջեր­մաս­տի­ճա­նը: Յա­ջոր­դող քա­նի մը օ­րե­րուն օ­դը պայ­ծա՞ռ պի­տի ըլ­լայ, թէ ամ­պոտ կամ անձ­րե­ւոտ: «Սքայփ», «Վայ­պըր» կամ «Ֆէյս­թայմ» կո­չուած «Էփ»ե­րու մի­ջո­ցով անվ­ճար կա­րե­լի է խօ­սիլ աշ­խար­հի ո­րե­ւէ մէկ ան­կիւ­նը գտնուող ան­ձի մը հետ՝ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ դէմ առ դէմ տես­նե­լով խօ­սա­կիցդ: Տա­րի­ներ ա­ռաջ շնոր­հա­ւո­րա­կան կամ ցա­ւակ­ցա­կան հե­ռա­գիր­ներ ու­ղար­կե­լու հա­մար ստի­պուած էինք հե­ռագ­րա­տուն այ­ցե­լել: Ներ­կա­յիս «խե­լա­ցի հե­ռա­ձայն»ովդ, կրնաս ու­ղար­կել ո­րե­ւէ գրու­թիւն: Ան­մի­ջա­պէս կը հաս­նի իր տե­ղը՝ նմա­նա­պէս ի­մաց­նե­լով քե­զի, թէ՝ «Պատ­գամդ տեղ հա­սած է»:

Վե­րի տո­ղե­րուն մէջ նշուած կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը միայն մէկ չնչին տո­կոսն են: Այն­քան շատ են ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը, որ յա­ճախ տղուս օ­ժան­դա­կու­թեան կը դի­մեմ տե­ղե­կա­նա­լու գոր­ծա­ծու­թեան ե­ղա­նա­կը:

Նոր սե­րուն­դը հա­մա­կար­գի­չի սե­րունդ է:

Օ­րա­կան նո­րու­թիւն մը: Ո՞ր մէ­կը յի­շես:

Բազ­մա­թիւ են «խե­լա­ցի հե­ռա­ձայն»ին օ­գուտ­նե­րը, ան­հա­մար են նաեւ հաս­ցու­ցած վնաս­նե­րը:

«Խե­լա­ցի հե­ռա­ձայն»նե­րը, այ­սօր մեզ կը ստի­պեն,  որ չգոր­ծա­ծենք մեր ու­ղեղ­նե­րը եւ կա­մո­վին դառ­նանք «ան­բան»ներ:

Քա­նի՞ հո­գիի հե­ռա­ձայ­նի թի­ւը մեր միտ­քը կը պա­հենք: Պար­զա­պէս  կա­րի­քը չենք զգար: Հե­ռա­ձայ­նե­լիք ան­ձին ա­նու­նը բարձ­րա­ձայն տա­լով՝   «խե­լա­ցի հե­ռա­ձայ­նը» ան­մի­ջա­պէս կը կա­պուի ի­րեն հետ, իսկ երբ այդ ան­ձը ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռով չկա­րե­նայ խօ­սիլ հետդ, կրնաս պատ­գամդ ու­ղար­կել:

Գոր­ծա­տե­ղիս, իւ­րա­քան­չիւր դա­դա­րի, խմբո­վին փո­ղոց կ՚իջ­նենք քա­լե­լու, քա­նի որ նստա­կեաց է մեր գոր­ծը եւ քա­լե­լու կա­րիք կը զգանք: Հա­զիւ ոտ­քեր­նիս վե­րե­լա­կին մէջ տե­ղա­ւո­րած, ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան, բո­լո­րը «խե­լա­ցի հե­ռա­ձայն»ը ձեռ­քեր­նին, ար­դէն գոր­ծի լծուած են: Մէ­կը կը խօ­սի, ու­րիշ մը գրա­ւոր պատ­գամ կ՚ու­ղար­կէ, եր­րորդ մը՝  ան­մի­ջա­պէս կը կապուի իր «Դի­մա­տետր»ին ստու­գե­լու, թէ իր բա­րե­կամ­ներն ու ծա­նօթ­նե­րը ի՞նչ նկար զե­տե­ղած են. ո՞ր ճա­շա­րա­նը կամ ո­րո՞ւ հետ ան­ցու­ցած են նա­խոր­դող գի­շե­րը: Մեծ է թի­ւը այն ան­ձե­րուն, ո­րոնք ի­րենց ա­մէն մէկ քայ­լա­փո­խը կը տե­ղադ­րեն ի­րենց դի­մա­տետ­րե­րուն մէջ: Մեծ է նաեւ թի­ւը հե­տաքր­քիր ան­ձե­րուն, ո­րոնք ան­համ­բեր են տե­ղե­կա­նա­լու ու­րի­շին կեն­ցա­ղին մա­սին: Ճամ­բան, քա­լած ժա­մա­նակդ, տասը հո­գիի երբ հան­դի­պիս, վըս-տա­հա­բար ինն հո­գին զբա­ղած է խօ­սե­լով կամ գրե­լով: Հա­կա­ռակ ա­նոր որ  ինք­նա­շարժ վա­րե­լու ժա­մա­նակ հե­ռա­ձայ­նով խօ­սող­նե­րուն եւ գրող­նե­րուն  ծանր տու­գանք­ներ կը սպառ­նան, տա­կա­ւին շատ են այդ օ­րէն­քը ան­տե­սող­նե­րը, ինչ որ պատ­ճառ կը դառ­նայ բազ­մա­թիւ ար­կած­նե­րու:

Նոր ինք­նա­շարժ­նե­րու մէջ «Պլու թութ»ի մի­ջո­ցով, հե­ռա­ձայ­նը կա­րե­լի է գոր­ծա­ծել եւ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը լսել ինք­նա­շար­ժիդ ձայ­նաս­փիւ­ռէն: Կը նկա­տես, թէ կող­քէդ ըն­թա­ցող ինք­նա­շար­ժին վա­րոր­դը «ձեռ­քով ոտ­քով» կը խօ­սի ան­ձի մը հետ: Ինք­նա­շար­ժին մէջ ա­ռան­ձին է եւ ինք իր ան­ձին հետ խօ­սող խեն­թի մը տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը ձգէ:

Զգա­լիօ­րէն նուա­զած է գիրք կար­դա­լու հիա­նա­լի սո­վո­րու­թիւ­նը: Մար­դիկ շատ ա­ւե­լի հա­ճե­լի կը գտնեն «խե­լա­ցի հե­ռա­ձայն»ին մէջ զե­տե­ղուած ե­լեկտ­րո­նա­յին խա­ղե­րը, քան ըն­թեր­ցու­մը:

Մե­ծա­գոյն զար­մանքս է՝ ուր­կէ՞ խօ­սե­լիք այս­քան նիւթ:

Բազ­մա­թիւ են «խե­լա­ցի հե­ռա­ձայն»ին օ­գուտ­նե­րը:

Ան­հա­մար են նաեւ հաս­ցու­ցած վնաս­նե­րը:

Օգ­տուե­լով հան­դերձ իր բա­րիք­նե­րէն, ինք­նա­բե­րա­բար վնաս կը հասց­նենք մեր ան­ձին:

Բժշկա­կան դե­ղա­հա­տե­րու նման, ո­րոնք «բան մը կը շի­նեն» եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ու­րիշ «բան մը կը քան­դեն» եւ գիտ­նա­լով հան­դերձ, շատ յա­ճախ, ստի­պուած կը գոր­ծա­ծենք այդ դե­ղե­րը:

Նոյնն է պա­րա­գան «խե­լա­ցի հե­ռա­ձայն»ին:

Կ՚օգ­տուինք… ու կը տու­ժենք:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լոս Անճելըս, 2016

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016