ԹԱՏ­ՐՈ­ՆԻ ՓՇՈՏ ՃԱՄ­ԲԱՆ

1977 թուա­կա­նին, Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը եր­կու տա­րին բո­լո­րած էր ար­դէն. ա­մէ­նու­րեք ռմբա­կո­ծում, ա­նա­պա­հո­վու­թիւն, ան­գոր­ծու­թիւն, ահ ու սար­սափ, գաղթ, ա­ռե­ւան­գում­ներ, ա­պաս­տա­նա­րան­նե­րու մէջ լե­ցուն ժո­ղո­վուրդ՝ մտա­հոգ իր ճա­կա­տագ­րով: Այս պայ­ման­նե­րուն տակ ժո­ղո­վուր­դին միակ ե­րա­զը կրակ­մա­րի դրու­թիւն լսելն էր ձայ­նաս­փիւ­ռէն, որ­պէս­զի ան շունչ առ­նէր ու պահ մը մոռ­նար իր ապ­րած տագ­նապ­նե­րը:

Նոյն տա­րուան Մարտ-Ապ­րիլ ա­միս­նե­րուն ո­րոշ հան­դար­տու­թիւն կը տի­րէր, բաղ­դա­տած նա­խորդ ա­միս­նե­րուն:

Օգ­տուե­լով այս հան­դար­տու­թե­նէն շատ ա­րագ ի­րա­գոր­ծե­ցի տա­րի­նե­րու ե­րա­զանքս եւ ու­րախ, հպարտ, քա­ջա­րի հե­րո­սի մը կեր­պա­րանքն ա­ռած մօ­տե­ցայ մօրս.-

-Մա՛յր, ու­րախ լուր մը ու­նիմ քե­զի հա­ղոր­դե­լիք: Մա՛յր, նոր թա­տե­րա­խումբ հիմ­նե­ցի:

-Ի՞նչ թա­տե­րա­խումբ:

-Ներ­կա­յա­ցում­ներ բե­մադ­րե­լու հա­մար թա­տե­րա­խումբ հիմ­նե­ցի, վար­չու­թիւն ալ ու­նիմ եւ խում­բին ա­նու­նը «Կո­մի­տաս» մկրտե­ցի:

Մայրս, փո­խա­նակ ու­րա­խա­նա­լու, տրտմե­ցաւ: Ձայն չհա­նեց: Մտաւ սե­նեակ լուռ ու նե­ղուած դէմ­քով, կար­ծես յան­ցանք մը գոր­ծած էի ու մօրս սիր­տը ցաւ­ցու­ցած: Կրկին գա­ցի քո­վը:

-Մա՛յր, թա­տե­րա­խումբ հիմ­նած եմ, թա­տե­րա­խո՛ւմբ, ին­չո՞ւ նե­ղուած ես:

-Տղա՛ս, հրա­ժա­րի՛ր այդ սին ե­րազ­նե­րէդ: Վեր­ջը պի­տի զղջաս: Թատ­րո­նի ա­րուես­տին հե­տե­ւող­նե­րը դըժ-բախտ կեանք մը ու­նե­ցած են, փու­շե­րով ու տա­տասկ­նե­րով լե­ցուն ե­ղած է ա­նոնց ճամ­բան: Հրա­ժա­րի՛ր ծրա­գիր­նե­րէդ, տղա՛ս, եւ զիս մի չար­չա­րեր: Չեմ ու­զեր որ դժուար կեանք մը ու­նե­նաս: Խնդրեմ, տղաս, հրա­ժա­րի՛ր խեն­թա­գին ե­րազ­նե­րէդ:

Թատ­րո­նի հան­դէպ ու­նե­ցած պաշ­տա­մունքս պատ­ճառ ե­ղաւ որ չլսեմ մօրս ա­հա­զան­գը:

Սկսայ փոր­ձե­րու: Շուրջս հա­ւա­քած էի ա­հա­գին թա­տե­րա­սէր, խե­լօք տղաք ու աղ­ջիկ­ներ: Փոր­ձա­վայր վար­ձե­ցի եւ սկսանք այդ սրա­հին մէջ թա­տե­րա­կան մար­զանք­ներ ը­նել, հնչե­լու վար­ժու­թիւն­ներ, յան­կար­ծա­բա­նու­թիւն­ներ, ըն­թեր­ցում­ներ, հա­ւա­քոյթ­ներ, պտոյտ­ներ: Գի­նով­ցած էինք աշ­խա­տան­քով եւ հո­գե­կան բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ կը գոր­ծէինք ա­ռանց դժկա­մու­թեան եւ ա­ռանց յոգ­նե­լու:

1978, Ապ­րիլ 24, Հա­յոց Ե­ղեռ­նին նուի­րուած անդ­րա­նիկ ներ­կա­յա­ցումս պի­տի բե­մադ­րեմ Պուրճ-Համ­մու­տի Յա­կոբ Տէր Մել­քո­նեան թա­տե­րաս­րա­հին մէջ, խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւ­նը կը սպա­սէ վա­րա­գոյ­րին բա­ցուե­լուն, դի­տե­լու հա­մար Հայր Անդ­րա­նիկ Կռա­նեա­նի հե­ղի­նա­կած «Նուար­դը» թա­տե­րա­խա­ղը: Կը հնչէ ա­ռա­ջին զան­գը, սրտիս տրո­փին հետ կը լսեմ երկ­րորդ զան­գը, ա­պա՝ եր­րորդ զան­գը. սրա­հը ամ­բող­ջու­թեամբ մու­թի մէջ է, բաց­ման ե­ղա­նա­կը կ՚ո­գե­ւո­րէ ժո­ղո­վուր­դը եւ ծա­փող­ջոյն­նե­րով կը դի­մա­ւո­րէ հո­գիէս ծնած իմ ա­ռա­ջին բե­մադ­րու­թիւ­նը...: Այդ օր, վա­րա­գոյ­րին ե­տին, մութ քու­լիս­նե­րուն մէջ, աչ­քերս ար­ցուն­քո­տե­ցան, վախ մը պա­տեց զիս, իսկ բե­մի բար­ձուն­քէն հո­սող լոյ­սե­րը սկսան ճնշել վրաս եւ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով լա­ցի այդ օր: Դե­րա­սան­ներս, բե­մի օգ­նա­կան­ներս նկա­տե­ցին եւ ի­րա­րու փսփսա­ցին, թէ ու­րա­խու­թե­նէս ազ­դուած կու լամ:

Ա­ռա­ջին ա­րա­րը կ՚ա­ւար­տենք, լաւ տրա­մադ­րուած ծա­փե­րով, երկ­րոր­դը՝ նոյն­պէս: Կը հաս­նի եր­րորդ ա­րարը, չորս հայ­դուկ­նե­րով մուտք կը գոր­ծենք շատ տպա­ւո­րիչ մուտ­քով, հապ­ճեպ պա­տառ մը ու­տե­լու Ա­րա­յին տան մէջ, ա­պա կը վե­րա­դառ­նանք կռուի դաշտ: Այդ ա­րա­րին ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան թաց աչ­քե­րով դե­րա­կա­տա­րե­ցի Ա­րա­յին գլխա­ւոր կեր­պա­րը:

Ներ­կա­յա­ցու­մը ա­ւար­տե­ցաւ: Ուժ­գին ու եր­կա­րա­տեւ ծա­փե­րը բո­լորս գի­նով­ցու­ցին, վե­րա­ցու­ցին: Դե­րա­կա­տար­նե­րը հպար­տօ­րէն խո­նար­հե­ցան բե­մին յա­ռա­ջա­մա­սը, ժպի­տը քան­դա­կած ի­րենց դէմ­քե­րուն վրայ, իսկ ես, չեմ գի­տեր ին­չո՞ւ, ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով խո­նար­հե­ցայ հան­դի­սա­տե­սին առ­ջեւ:

Դե­րա­սան­ներս, օգ­նա­կան­ներս սխա­լած էին: Իմ ար­ցունք­նե­րը եր­բեք ու­րա­խու­թեան ար­ցունք­ներ չէին, այլ գա­լիք փշոտ ճամ­բու դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, տա­ռա­պան­քին, ան­տե­սում­նե­րուն, զրկան­քին, յու­սա­հա­տու­թեան պատ­ճա­ռով մո­լու­թիւն­նե­րու, ըն­տա­նե­կան քայ­քա­յու­մի կար­ծես նա­խազ­գա­ցում­ներն էին այդ ար­ցունք­նե­րը...:

Ե­րե­սու­նեօթ տա­րի ծա­ռա­յե­լով բե­մին, վարձքս ե­ղաւ տա­ռա­պանք, ցաւ ու կսկիծ: Յոգ­նե­ցայ կարգ մը քննա­դատ­նե­րէ, ի­րենց կան­խատ­րա­մադ­րուած եւ յա­ճա­խա­կի քննա­դա­տու­թիւն­նե­րէն: Իսկ գնա­հա­տանք­նե­րը չշլա­ցու­ցին զիս եր­բեք. շա­րու­նա­կե­ցի բե­մադ­րել: Յայտ­նա­բե­րե­ցի բե­մը սի­րող շնոր­հա­լի տղաք ու աղ­ջիկ­ներ, սա­կայն իմ բա­րե­կամ բե­մադ­րիչ­նե­րը զիս նսե­մաց­նե­լով, հա­մո­զե­ցին իմ դե­րա­սան­նե­րը ու գող­ցան եւ ո­րակ բե­րին ի­րենց բե­մադ­րու­թիւն­նե­րուն: Յոգ­նե­ցայ նոր դե­րա­սան­ներ փնտռե­լէ, բե­մի վար­ժու­թիւն փո­խան­ցե­լէ... դժուա­րու­թիւն, տա­ռա­պանք... տա­ռա­պանք... բայց չընկր­կե­ցայ, չյու­սա­հա­տե­ցայ, ապ­րե­ցայ տուայ­տանք, նիւ­թա­կան դժուա­րու­թիւն­ներ ու պայ­ման­նե­րը դան­դա­ղե­ցու­ցին թա­տե­րա­կան կրա­կոտ ըն­թացքս ու մէջս ե­ղած թատ­րո­նին հան­դէպ ու­նե­ցած սէրս այ­սօր նա­հանջ կ՚ապ­րի բե­մի ե­րա­զով ու ա­մէն օր կ՚ա­ղօ­թեմ Աս­տու­ծոյս՝ ե­թէ վերս­տին զիս ղրկէ աշ­խարհ, կ՚ու­զեմ հայ ծնիլ եւ բե­մի սպա­սար­կու դառ­նալ, ո­րով­հե­տեւ թատ­րո­նը վեհ ո­լորտ­ներ փո­խադ­րող աշ­խարհ է ին­ծի հա­մար:

Յ.  ՀԵԼ­ՎԱ­ՃԵԱՆ

Պէյ­րութ, Փետ­րուար 2016

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016