Յովհաննէս Թումանեան. Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ «Հանճարեղ Լոռեցիին» Աւանդը

Փետ­րո­ւար 19-ին, հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը իր հան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղծ­նե­րէն Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի (1869-1923), որ իր բարձ­րա­րո­ւեստ ու ան­մահ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ՝ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս նո­ւա­ճեց պա­տո­ւան­դա­նը «Ամե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղծ»ի կո­չու­մին։

Մեծն Ե­ղի­շէ Չա­րենց ի­րա­ւամբ թարգ­մա­նը հան­դի­սա­ցաւ հա­նուր հա­յու­թեան, երբ հայ գրա­կա­նու­թեան «Հան­ճա­րեղ Լո­ռե­ցին» հռչա­կեց Թու­մա­նեա­նը։

Ի­րա՛ւ բա­նաս­տեղ­ծի ան­կեղ­ծու­թեամբ ու ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեամբ ապ­րե­ցաւ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծեց Թու­մա­նեան, որ իր եր­գե­րը վեր­ցուց հայ ժո­ղո­վուր­դի սրտէն ու հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր ան­սահ­ման եւ ան­հուն ժա­ռան­գու­թե­նէն։

Եւ սրտի խօսք ու ո­գե­ղէն ճըշ-մար­տու­թիւն երկ­նող բա­նաս­տեղ­ծի վա­ւե­րա­կա­նու­թեամբ՝ Թու­մա­նեան հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն շա­րու­նակ պատգամեց՝ «Ան­ցեա­լի պատ­մու­թիւ­նը մի լու­սա­տու լապ­տեր է, որ ա­մէն մի ժո­ղո­վուրդ ձեռ­քին պէտք է ու­նե­նայ՝ իր ճամ­բէն ան­մո­լոր գնա­լու հա­մար»։­

Ի­մաս­տու­թեան միեւ­նոյն աղ­բիւ­րէն կե­նա­րար ջուր հասց­նե­լով հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն՝ Թու­մա­նեան սոր­վե­ցուց.-
«­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րը շատ բան կա­րող են մո­ռա­նալ, բայց ի­րենց պատ­մու­թիւ­նը, ի­րենց կուլ­տու­րան չեն կա­րող մո­ռա­նալ»…։

­Լո­ռե­ցի Թա­դէոս Թու­մա­նեա­նի որ­դի Յով­հան­նէ­սը ծնած էր 19 Փետ­րո­ւար 1869-ին, Դ­­սեղ գիւ­ղը, հո­գե­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քի յար­կին տակ։ Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը գիւ­ղի դպրո­ցին մէջ ստա­նա­լէ ետք, ան յա­ճա­խեց Ջա­լա­լօղ­լո­ւի (այժ­մու Ս­­տե­փա­նա­ւան) դպրո­ցը, որ­մէ շրջա­նա­ւարտ՝ 1883-ին ան­ցաւ Թիֆ­լիզ, «­Ներ­սի­սեան» ճե­մա­րա­նի մէջ ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։ Սա­կայն նիւ­թա­կան ծանր պայ­ման­նե­րու ճնշու­մին տակ, 1887-ին ա­կա­մայ լքեց դպրո­ցը եւ նետո­ւե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ՝ աշ­խա­տանք գտնե­լով նախ Թիֆ­լի­զի հա­յոց Դա­տաս­տա­նա­կան խոր­հուր­դի, ա­պա՝ Հայ հ­­րա­տա­րակ­չա­կան միու­թեան գրա­սե­նեակ­նե­րուն մէջ։

Ու­րո­ւագ­ծա­յին այս տե­ղե­կան­քի պաս­տա­ռին վրայ ի­րենց տեղն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը կը գտնեն Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան մար­դուն, հա­յուն, գրո­ղին եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չին տի­րա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րը.

- Ան­սահ­ման բա­րու­թեամբ եւ միշտ լա­ւա­տե­սու­թեամբ՝ ան­հուն ժպի­տով կեան­քին նա­յող մար­դը ե­ղաւ Թու­մա­նեան։

- Սե­փա­կան ազ­գի բազ­մա­չար­չար պատ­մու­թեամբ տա­ռա­պող, հա­յու սե­փա­կան սխալ­նե­րը սրտցա­ւօ­րէն քննդա­տող, ինք­նաքննա­դա­տու­թեան եւ ինք­նա­մաքր­ման յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ կանգ­նող եւ, մա­նա­ւա՛նդ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ու Հա­յաս­տա­նի վա­ղո­ւան պայ­ծառ օ­րո­ւան հա­ւա­տա­ցող ու պայ­քա­րող հաս­տա­տա­կամ հա­յը ե­ղաւ Թու­մա­նեան։

- Հա­յոց աշ­խար­հի բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րով ու հայ ժո­ղո­վուր­դի տոհ­միկ բար­քե­րով գի­նով­ցած գրո­ղը ե­ղաւ Թու­մա­նեան, որ իր հան­ճա­րին ճա­ռա­գայ­թու­մով՝ զու­լալ ու ա­ռինք­նող երգ տո­ւաւ Հա­յաս­տա­նին ու հա­յու­թեան։

- Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին զար­թօն­քին եւ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին անձ­նո­ւէր յա­ռա­ջա­պահ մը ե­ղաւ Թու­մա­նեան՝ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեամբ ու մտա­ծո­ղու­թեամբ, հա­ւա­տա­ւոր ջատա­գո­վը դառ­նա­լով ինչ­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­բու­ժե­լի ռու­սա­սի­րու­թեան, նոյն­պէս եւ վրա­ցի ու թա­թար հա­րե­ւան­նե­րուն հետ ան­կեղծ բա­րե­կա­մու­թեան։

Այս բո­լո­րին ինք­նա­տիպ եւ ճա­ռա­գայ­թող հա­մադ­րու­մը մարմ­նա­ւո­րեց Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան։

Բազ­մա­զա­ւակ իր ըն­տա­նի­քով եւ նա­հա­պե­տա­կան նիս­տու­կա­ցով՝ ան ար­ժա­նա­ցաւ հա­յոց նոր դա­րաշր­ջա­նի ժո­ղովր­դա­յին բա­նաս­տեղ­ծի ար­դար փառ­քին։ Եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ իր դիւ­ցազ-ներ­գու­թեամբ, վի­պերգ­նե­րով, հէ­քեաթ­նե­րով եւ ա­ռակ­նե­րով՝ Թու­մա­նեան դար­ձաւ ա­մենէն շատ սի­րո­ւած ու կար­դա­ցո­ւած գրող­նե­րէն մէ­կը հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւ­նը հարս­տաց­նո­ղի, վե­րա­նո­րո­գո­ղի եւ ջեր­մե­ռանդ պա­հա­պա­նի իր գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ, նաեւ ու մա­նա­ւա՛նդ իր վեր­նա­յարկ բնա­կա­րա­նին մէջ հիւ­րըն­կա­լած ա­տե­նի հայ լա­ւա­գոյն մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան «­Վեր­նա­տան հան­դի­պում­նե­րով»՝ Թու­մա­նեան 1900-ա­կան­նե­րուն ի­րա­գոր­ծեց հո­գե­կան-գա­ղա­փա­րա­կան միաս­նու­թեան ո­գեշն­չող մթնո­լորտ մը, որ մին­չեւ մեր ժա­մա­նակ­նե­րը կը պահ­պա­նէ օ­րի­նա­կե­լի ա­ւան­դի եւ ներշնչ­ման աղ­բիւ­րի իր այժ­մէա­կա­նու­թիւնն ու թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը։

Երբ մե­ծա­պե­տա­կան սադ­րանք­նե­րու եւ ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան նենգ հա­շիւ­նե­րու հե­տե­ւան­քով Անդր­կով­կա­սը գլխա­ւոր ե­րեք ազ­գու­թեանց՝ հա­յե­րուն, վրա­ցի­նե­րուն եւ թա­թարնե­րուն մի­ջեւ ա­րիւ­նա­լի ընդ­հա­րում­նե­րու թա­տե­րա­բեմ դար­ձաւ 1905-ին, յատ­կա­պէս Թու­մա­նեան բարձ­րա­հա­սակ կանգ­նե­ցաւ հաշ­տա­րար խառն յանձ­նա­խում­բե­րու ա­ռա­ջին դիր­քե­րուն վրայ, ազ­գա­մի­ջեան ներ­քին հա­մե­րաշ­խու­թեան ի սպաս հա­ւա­տա­ւոր աշ­խա­տանք ծա­ւա­լե­լով։

Կու­սակ­ցա­կա­նի խառ­նո­ւածք չու­նէր Թու­մա­նեան եւ միայն կարճ ժա­մա­նա­կի հա­մար ան­դա­մակ­ցե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան, ո­րուն ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ու­ղիին հա­ւա­տա­ցող հա­մա­կի­րը մնաց մին­չեւ վերջ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ, մտքի եւ գրչի իր ըն­կեր­նե­րուն հետ, իբ­րեւ դաշ­նակ­ցա­կա­ն՝ 1909-ին բանտ նե­տո­ւե­ցաւ ցա­րիզ­մին կող­մէ, որ ձեռ­նա­մուխ ե­ղած էր Դաշ­նակ­ցու­թեան «կազ­մա­լու­ծու­մին», հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան շրջա­նին Դաշ­նակ­ցու­թեան ծա­ւա­լած հա­կա­ցա­րա­կան պայ­քա­րը սան­ձե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ։

Թու­մա­նեանի ազ­գա­յին գոր­ծի­չի կեր­պա­րը իր ա­ռա­ւե­լա­գոյն հնչե­ղու­թիւ­նը ստա­ցաւ Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն, երբ Հայ կա­մա­ւո­րա­կան շարժ­ման կազ­մա­կերպ­ման իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ։ Յատ­կա­պէս մեծ ե­ղաւ Թու­մա­նեա­նի ներդ­րու­մը Եղեռնէն ճո­ղոպ­րած հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր հայ գաղ­թա­կան­նե­րու պատս­պար­ման, բուժ­ման եւ սննդա­ւոր­ման դժո­ւա­րին գոր­ծին մէջ։ Այդ ժա­մա­նակ էր, որ Սուրբ Էջ­միած­նի վե­րա­նո­րո­գուած վե­հա­րա­նը գաղ­թա­կան­նե­րուն առ­ջեւ իբ­րեւ պատս­պա­րան բա­նա­լու Ա­մե­նայն հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սի դժկա­մու­թեան առ ի պա­տաս­խան՝ Թու­մա­նեան յայ­տա­րա­րեց, թէ ինքն ալ «Ա­մե­նայն հա­յոց փա­նաս­տեղծ»ն­ է եւ, այդ ի­րա­ւուն­քով, բա­նալ տո­ւաւ վե­հա­րա­նը։

Սիւ­նա­կը նեղ է՝ սպա­ռիչ ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րե­լու հա­մար Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան Ե­ՐԵ­ՒՈՅ­Թին։ Բայց ան­պայ­ման պէտք է ա­ւելց­նել ու­րո­ւագ­ծա­յին այս նշում­նե­րուն վրայ, որ ռու­սա­սի­րու­թիւ­նը ազ­գա­յին խոր ար­մատ­ներ ու­նե­ցող ա­րե­ւե­լում էր Թու­մա­նեա­նի հա­մար։ Ոչ միայն գրա­կան-մշա­կու­թա­յին կա­պե­րով, այ­լեւ՝ «­Հիւ­սի­սի աստղ»ին մեծ յոյ­սե­րով սպա­սող հայ ժո­ղո­վուր­դին հո­գե­խառ­նու­թեամբ Թու­մա­նեան միշտ քա­րո­զեց եւ գոր­ծեց ռուս ժո­ղո­վուր­դին հետ բա­րե­կա­մու­թեան եւ զի­նակ­ցու­թեան օգ­տին։

Այդ ճամ­բով ալ, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մէն եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մէն ետք, Թիֆ­լիզ մնա­լով եւ Ազ­գա­յին խոր­հուր­դի ճամ­բով իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լով, Թու­մա­նեան ա­մէն ճիգ թա­փեց, որ­պէս­զի հա­յ-ռուս բա­րե­կա­մու­թիւ­նը հե­ռու պա­հէ հա­կադ­րու­թեան եւ թշնա­ման­քի ո­րո­գայթ­նե­րէն։ Ա­մե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղ­ծը ան­շուշտ կը գի­տակ­ցէր, որ ռուս մե­ծա­պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս բռնա­կա­լա­կան կամ ամ­բող­ջա­տի­րա­կան իր հա­կում­նե­րով, կրնար ծան­րա­գոյն փոր­ձան­քի մատ­նել ոչ միայն հայ ժո­ղո­վուրդն ու Անդր­կով­կա­սի միւս ազ­գու­թիւն­նե­րը, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ նոյ­նինքն ռուս ժո­ղո­վուր­դը։ Ա­հա թէ ին­չո՛ւ Թու­մա­նեան շա­րու­նակ կը քա­րո­զէր՝
«­Մեր ա­պա­գան, ինչ­պէս միշտ ա­սել եմ եւ դուք էլ գի­տէք, կա­պո­ւած է Ռու­սաս­տա­նի հետ, իսկ Ռու­սաս­տանն ինչ­քան ա­զատ, էն­քան լաւ, թէ մեզ հա­մար, թէ աշ­խար­հի»…­

Այս ա­ռու­մով Թու­մա­նեա­նի վեր­ջին ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ե­ղաւ ա­նոր Հա­յաս­տան ժա­մա­նու­մը 1921-ի Մար­տին, պոլ­շե­ւիկ­նե­րու խժդժու­թեանց դէմ Փետ­րուա­րեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, որ­պէս­զի Սի­մոն Վ­­րա­ցեա­նի «­Հայ­րե­նի­քի փր­­կու­թեան կո­մի­տէ»ին եւ խորհր­դա­յին­նե­րուն մի­ջեւ հաշ­տեց­ման եզ­րեր գտնէ։

Այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը սպա­սո­ւած ար­դիւն­քը չտուաւ, իսկ Թու­մա­նեան բռնո­ւե­ցաւ դեղ­նախ­տէ։ Ան­մի­ջա­պէս վի­րա­հատ­ման պէտք է են­թար­կո­ւէր եւ ան ճամ­բայ ե­լաւ դէ­պի Մոս­կո­ւա՝ Պեր­լին անց­նե­լու եւ հոն մաս­նա­գի­տա­կան գոր­ծո­ղու­թեամբ բու­ժո­ւե­լու հա­մար։ Բայց խլիր­դը խոր բոյն դրած էր մէ­ջը եւ հայ գրա­կա­նու­թեան փառ­քը կազ­մող «­Հան­ճա­րեղ Լո­ռե­ցին» վախ­ճա­նե­ցաւ Մոս­կո­ւա­յի մէջ՝ 1923-ի Մարտի 23-ին։

Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն, Ա­մե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղ­ծին մղած վեր­ջին պայ­քա­րը ուղ­ղո­ւե­ցաւ այս­պէս կո­չո­ւած «Ա­բե­ղեա­նա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւն»ը Հա­յաս­տա­նին պար­տադ­րե­լու պոլ­շե­ւի­կեան մո­լո­րան­քին դէմ։ Ի տես նո­րա­հաս­տատ խորհ­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ փութ­կոտ հրա­հան­գով հա­յոց Մես­րո­պեան ուղ­ղագ­րու­թիւ­նը ար­գի­լե­լու եւ Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի մշա­կած խնդրա­յա­րոյց «ուղ­ղագ­րու­թիւն»ը պե­տա­կան պար­տա­դիր օ­րէն­քի վե­րա­ծե­լու քայ­լին՝ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան հրա­պա­րա­կաւ յայ­տա­րա­րեց.-
­«Ես՝ որ­պէս հայ գրող եւ հայ Գ­­րող­նե­րի միու­թեան նա­խա­գահ, գա­լիս եմ յայտ­նե­լու իմ զար­ման­քը եւ բո­ղո­քե­լու էն վե­րա­բեր­մուն­քին դէմ, որ ու­նե­ցել է Հա­յաս­տա­նի Լուս­ժող­կո­մը էս կար­եւոր խնդրում: Պա­րոն Մ. Ա­բե­ղեա­նը մի ա­ռա­ջարկ է ա­րել ու դրել հրա­պա­րակ: Շատ լաւ:

«­Բայց Հա­յաս­տա­նի Լուս­ժող­կո­մը որ­տե­ղի՞ց է ի­մա­ցել, թէ ե՛ւ Ա­բե­ղեա­նը, ե՛ւ ին­քը Լուս­ժող­կոմն էլ նրա հետ միա­սին անս­խա­լա­կան են, որ ա­ռանց քննու­թեան են­թար­կե­լու ա­ռա­ջար­կը, հրա­մա­նագ­րում է ըն­դու­նել եւ միայն դրա­նով գրել ու տպագ­րել:

«­Պա­րոն Ա­բե­ղեա­նի ա­ռա­ջար­կը ըն­դու­նե­լի է թէ չէ, դա դեռ քննե­լիք խնդիր է, հե­տե­ւա­բար Լուս­ժող­կո­մի հրա­մա­նը ա­նըն­դու­նե­լի է: Եւ ե­թէ էս­պէս է, ա­պա նրան՝ Լուս­ժող­կո­մին, մնում է ուղ­ղել իր ա­րած սխա­լը, յետ վերց­նել իր ա­րած կար­գադ­րու­թիւ­նը, խնդի­րը հա­մա­րել բաց եւ դնել քննու­թեան»:

Իր ա­պա­ժամ մա­հէն տասը ա­միս ա­ռաջ՝ 1922-ի Մա­յիսի 17-ին հրա­պա­րա­կո­ւած Թու­մա­նեա­նի այս կտա­կը պար­զա­պէս ան­տե­սո­ւե­ցաւ օ­րո­ւան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ՝ մին­չեւ մեր օ­րե­րը նաեւ հա­յե­րէ­նի ուղ­ղագ­րու­թեան մար­զէն ներս երկ­փեղ­կե­լով հա­յոց սե­րունդ­նե­րը…

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016