Յու­սա­հատ Մտո­րում­ներ

Այ­սօր զզուած եմ հայ մար­դու էա­կա­նէն… Նոյ­նիսկ կ՚ամչ­նամ: Կ՚ու­զեմ հե­ռա­նալ ես ինձ­մէ: Կեղծ ու կաս­կա­ծե­լի մար­դիկ դար­ձած ենք գրե­թէ բո­լորս ալ, ո­րով­հե­տեւ ա­մէն մէկս փա­կուած աշ­խարհ մը ու­նինք: Ան­հա­ղորդ: Լոյ­սէն եւ ի­րա­կա­նու­թե­նէն վախ­ցող ու խոյս տուող: Դի­մա­կա­ւոր: Տգեղ եւ զազ­րե­լի:

Միտքս պար­զեմ:

Նո­րու­թիւն մը չէ, երբ կը կրկնեմ այս բո­լո­րը: Ի­րա­ւունք ու­նիմ: Ո­րով­հե­տեւ կը կար­ծեմ, որ ա­մէն մարդ գի­տէ, թէ Ա­մե­րի­կա ը­սուած այս հսկայ եր­կի­րը մեծ եւ հա­մայ­նա­կուլ մարդ­կա­յին հա­լոց մըն է: Ա­նոր մէջ ին­կած ա­մէն տե­սա­կի «մե­տաղ­նե­րը» ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը թուլ­նան, կը կորսնց­նեն ի­րենց իս­կու­թիւ­նը, կը հա­լին եւ ձու­լուե­լով՝ կը դառ­նան տե­սակ մը նոր զան­գուած:

Աշ­խար­հի զա­նա­զան եւ բազ­մա­զան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու նման՝ մենք ալ ինք­նա­կամ, յօ­ժա­րա­կամ, ճա­կա­տագ­րի հո­վե­րէն քշուած, մեծ եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րուն զո­հեր դար­ձած, ե­կած ու հաս­տա­տուած ենք այս երկ­րին մէջ եւ զայն կո­չած՝ «Ա­ւե­տեաց եր­կիր», փրկու­թեան կա­յան կամ լաստ:

Մէկ խօս­քով, Ա­մե­րի­կա կո­չուած այս մեծ խառ­նա­րա­նին մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած բո­լոր հա­յերս, գի­տակ­ցա­բար եւ կամ ոչ, ին­կած ենք ա­մե­րի­կեան հա­լո­ցին մէջ՝ ա­նոր հո­ղին վրայ ոտ­քը դրած մեր ա­ռա­ջին իսկ վայր­կեա­նէն սկսեալ: Յստա­կաց­նեմ: Խօսքս բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րու մա­սին չէ:

Ու ա­հա այս օ­րե­րու մեր պատ­կե­րը:

Հա­րիւր տա­րի եւ կամ յե­տոյ, մեզ­մէ ա­ռաջ, կա­նու­խէն հոս ե­կած եւ տուն տեղ հաս­տա­տած­նե­րը, հա­ւա­տա­ցէ՛ք, միշտ ե­րա­զած էին վե­րա­դառ­նալ ի­րենց պա­պե­նա­կան եր­կի­րը, հո­ղը, տու­նը, գիւ­ղը: Բայց…

Ա­պա վեր­ջը, հոս ծնած­նե­րը, մէկ խօս­քով՝ ա­նոնց յա­ջորդ­նե­րը, ա­մե­րի­կա­ծին­նե­րը, այս երկ­րի աստ­ղա­զարդ դրօ­շին տակ աչք բա­ցող­նե­րը, ա­ռանց հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի մեծ­ցող հայ սե­րուն­դը, ինք­զինք ա­մե­րի­կա­ցի նկա­տե­լով՝ ո­ղոր­մե­լիօ­րէն հպար­տան­քով ապ­րած է: Պա­պէն ա­ւե­լի պա­պա­կան դար­ձած: Իսկ ու­րիշ­ներ ալ,  բարձ­րա­գոյն ու­սում ստա­նա­լու հե­ռան­կա­րով, ի­րենց պա­տա­նի կամ վաղ ե­րի­տա­սար­դու­թեան տա­րի­քին ե­կած ու նե­տուած են անզ­գա­լա­բար այս հա­լո­ցին մէջ ու կեան­քին հեւ­քին հետ կոյր եւ կա­մա­ւոր ի­րենք զի­րենք ա­մե­րի­կա­ցի մկրտած: Հաս­տա­տա­պէս: Ա­ւե­լի՛ն. տա­կա­ւին, խառն ա­մուս­նու­թիւն­նե­րը, «կրին քարտ» ստա­նա­լու ար­դա­րա­ցում­նե­րէն մեկ­նած՝ դար­ձած են «աղն ու պի­պե­րը» այս բո­լո­րին:

Հա­պա՞ միւս­նե­րը, հոս ծնած կամ «դուր­սէն» նոր ե­կած եւ մա­նա­ւանդ հայ­կա­կան ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան ա­ւար­տած սե­րուն­դը եւ կամ հայ­րե­նի ա­ղէ­տա­լի երկ­րա­շար­ժէն կա­մա­ւոր եւ կամ հա­զա­րա­ւոր տո­լար­ներ ծախ­սե­լով հոս տե­ղա­փո­խուած­նե­րը, ան­պայ­մա­նօ­րէն հոս մնա­լու եւ ապ­րե­լու մի­տող հա­յոր­դի­նե­րը, ա­նոնք բո­լորն ալ ինք­նա­կամ ար­դէն հա­լո­ցին մէջ ին­կած են ար­դէն: Տե­սա­նե­լի են բո­լորն ալ: Լե­զու, ոճ, ապ­րե­լա­կերպ:

Բայց պէտք չէ մոռ­նալ, որ կան տա­կա­ւին, փառք Աս­տու­ծոյ, խումբ մը կամ համ­րանք մը հա­զա­րա­ւոր­ներ, կան հայ մար­դիկ, ո­րոնք այս հսկայ հո­սան­քին դէմ ա­մէ­նօ­րեայ հո­սանքն ի վեր յա­մա­ռօ­րէն թիա­վա­րում կը կա­տա­րեն: Ա­սոնք ար­դէն զգա­ցած են վտան­գը, ցե­ղի եւ կամ գա­ղու­թի դժբախ­տու­թիւ­նը, ա­նոր հա­մար թէեւ մէկ ձեռ­քով հա­լո­ցի տաք ե­զերք­նե­րուն կպած են, սա­կայն միւ­սով ալ բռնած են մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հետզ­հե­տէ մա­շող դրօ­շը:

Ան­կաս­կած այս վեր­ջին­նե­րը ի­րենց ներշն­չու­մը եւ կո­րո­վը ստա­ցած են հայ լե­զուէն, հայ մշա­կոյ­թէն, հայ ե­կե­ղե­ցիէն, հայ գի­րէն ու գրա­կա­նու­թե­նէն, հայ մա­մու­լէն եւ հայ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք բե­րած էին ի­րենց հետ, իբ­րեւ մա­սունք եւ ապ­րեց­նող յի­շա­տակ:

Բայց, ուշ կամ կա­նուխ, սփիւռ­քի այս հսկայ հա­լո­ցին մէջ ա­նոնք բո­լորն ալ կա­մաց կա­մաց պի­տի հա­լին, այն­քան ա­տեն որ պա­յու­սակ­նե­րը չեն պատ­րաս­տած ու չեն ծրագ­րած վերջ­նա­կա­նա­պէս հայ­րե­նիք հաս­տա­տուիլ:

Այս օ­րե­րուն, եւ յատ­կա­պէս երբ աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը հայ­րե­նի­քէն դուրս մեր ապ­րած բազ­մա­զան եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճակ­նե­րը կը ճշդեն, ա­հա թէ ին­չո՛ւ իբ­րեւ սփիւռք մենք ալ, ուշ կամ կա­նուխ, այս հսկայ հա­լո­ցին մէջ պի­տի ձու­լուինք, ո­րով­հե­տեւ մեր ոտ­քին տակ հայ­րե­նի հո­ղը չու­նինք, հայ­րե­նի­քէն ներս կամ մէջ չենք ապ­րիր ու մեր մոր­թին ու կա­շիին վրայ մեր մտքին ու հո­գիին մէջ չենք ապ­րիր, կամ չենք զգար կամ հա­ւա­տար ա­նոր յա­ւի­տե­նա­կան ու­ժին:

Ուս­տի, յար­գե­լի՛ ըն­թեր­ցող, երբ հայ­րե­նի­քէդ դուրս ես, դուն ալ ին­ծի նման դա­տա­պար­տուած ես այդ հա­լո­ցին մաս կազ­մե­լու, ու­զես կամ չու­զես:

Այս բո­լո­րը մենք բո­լորս ալ գի­տենք, մեր մէջ կը սրդո­ղինք ու մենք մեր մէջ ալ կը յու­սա­հա­տինք, ու խե­լա­յե­ղօ­րէն լու­ծում մը կը փնտռենք:

Ու այդ լու­ծու­մը այս հսկայ սփիւռ­քի տա­րած­քին չենք գտներ, չկայ, ո­րով­հե­տեւ լու­ծում ա­պա­հո­վող զար­կե­րա­կը չկայ: Չկան նաեւ հա­ւա­քա­կան կամքն ու տե­սիլ­քը:

Ուս­տի, սու­սիկ-փու­սիկ, կա­մո­վին ու ա­ռանց ափ­սո­սան­քի պի­տի յանձ­նուինք այս հա­լո­ցի քմա­հա­ճոյ­քին եւ ա­պա այս բո­լո­րէն ետք ազ­գո­վին պի­տի նստինք ու ող­բանք՝ միշտ մեր ճա­կա­տա­գի­րը այ­պա­նե­լով:

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016